«Էն. Պի. Էյ. Պրուքլին Նեթց Եւս Ապահովեց Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

8ac03111daf1be943a6fdc8ff8745fb7_crop_north«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ թէեւ տեղի ունեցան երեք մրցումներ, սակայն Պրուքլին Նեթց ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը` 105-96 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիուսթըն Ռոքեթցը:

Պրուքլին Նեթց, որ այսպիսով իր դաշտին վրայ արձանագրեց իր 14-րդ յաջորդական յաղթանակը, յաջորդաբար երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով կ՛ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճօ Ճոնսըն նշանակեց 32 կէտ:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երկարաձգումէն ետք, 122-120 արդիւնքով յաղթեց Տալաս Մավըրիքսի: Վերջինիս մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 33 կէտ:

Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, աւարտեցաւ ի նպաստ Պլէյզըրզի` 124-112 արդիւնքով:

Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Եորք Նիքս – Պրուքլին Նեթց
Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Պոսթըն Սելթիքս
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ
Մայեմի Հիթ – Միլուոքի Պաքս
Մինեսոթա Վուլվզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES