ՖԻՖԱ-ին Կողմէ Պարսելոնա 14 Ամիս Արգիլուեցաւ Մարզիկներու Փոխանցում Կատարելէ

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, ՖԻՖԱ-ն 14 ամիս կախակայեց Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան` անոր արգիլելով ոեւէ մարզիկի փոխանցում կատարել` 18 տարեկանէն վար միջազգային մարզիկներուն պարագային պայմանագրութիւններու օրէնքը խախտած ըլլալուն համար:

Քաթալոնեան ակումբը, որ մինչեւ 2015-ի ամառը ո՛չ կրնայ մարզիկ ծախել եւ ո՛չ ալ իր կազմին նորեկներ միացնել, ստացաւ նաեւ 450 հազար զուիցերիական ֆրանքի տուգանք:

Իր կարգին, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը 500 հազար զուիցերիական ֆրանք տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Ըստ ՖԻՖԱ-ի օրէնքներուն, միջազգային փոխանցումները արտօնուած են, երբ մարզիկ մը 18 տարեկանէն վեր է:

Փաստացի տուեալներու հիմամբ, 2009-էն 2013 18 տարեկանէն վար շարք մը մարզիկներ մաս կազմած են Պարսելոնայի:

Share this Article
CATEGORIES