Ֆութսալ. Լիբանան 6-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Եգիպտոսէն

Ատնան Հաժ Ալի
Ֆութսալի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Սատաքայի դաշտին վրայ, Լիբանանի ազգային խումբը 6-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0) ծանր պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Եգիպտոսէն:
Այս մրցումը Լիբանանի համար պատրաստութիւն մըն է, Ասիոյ 2014-ի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 30 ապրիլէն 10 մայիս` Վիեթնամի մէջ:
Մրցումին ներկայ գտնուողներուն կարգին էին Լիբանանի ֆութսալի յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Տուէյհի եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ Ժորժ Շահին:
Նշենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, վերոնշեալ դաշտին վրայ երկու կազմերը դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան:
CATEGORIES Մարզական

