«Սփոր Էվազիոն»-ին Տուած Մամլոյ Ասուլիսը

Պասսամ Թըրք PROFOTO

Պասսամ Թըրք
PROFOTO

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին «Սփոր Էվազիոն» յայտարարեց, որ 26-27 ապրիլին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի 7-րդ տարեկան մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլոր հաստատութիւններն ու ընկերութիւնները, բնականաբար արձանագրութեան համար անհրաժեշտ բոլոր կարգադրութիւնները դասաւորելէ ետք:

«Քաունթրի լոճ» համալիրին մէջ (Պսալիմ) տեղի ունեցած այս մամլոյ ասուլիսին, որուն ներկայ եղան մեծ թիւով մարզական լրագրողներ եւ այլ հրաւիրեալներ, «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք ըսաւ, որ ինչպէս զգալի է բոլորին մօտ, տարուէ տարի, մրցաշարքը կը գտնէ մեծ յաջողութիւն, կը կիրարկուին յաւելեալ մարզաձեւեր եւ անոր մասնակցողներուն թիւը միշտ վերելքի մէջ է:

Ան ըսաւ, որ այս 7-րդ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 3500 մասնակցողներ` 23 տեսակի ընկերութիւններէ:

Շարունակելով իր խօսքը` Թըրք շնորհակալութեան յատուկ խօսք փոխանցեց հովանաւոր ընկերութիւններուն եւ մարզական լրագրողներուն, որոնք այս մարզական կարեւոր իրադարձութեան կը զօրակցին:

Աւարտին ան կէսօրուան ճաշով մը պատուեց մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուողները:

Share this Article
CATEGORIES