Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր մեր մարզական էջով հրապարակուած Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ժողովի լուրին մէջ ներկայացուցած էինք Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն յայտագիրը:
ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, որ փլէյ-օֆի մրցումներուն մասնակցող չորս խումբերէն մէկն է, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` ուրբաթ, 4 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ` մրցելով Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել ներկայ գտնուելու այս կարեւոր մրցումին:
Ուղղուելով Սաֆայի դաշտ եւ զօրավիգ կանգնելով ՀՄԸՄ-ի խումբին` համակիրները իրենց մեծ դերը կրնան ունենալ արձանագրուելիք յաղթանակին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

