Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեզի մօտիկ անձերու հետ: Ձեր կարծիքը կարեւոր պիտի ըլլայ հարցը լաւատեսութեամբ կարգադրելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի դիմող անձերը լաւ մտիկ ըրէք, եթէ անոնց պահանջները կրնաք գոհացնել, անկեղծօրէն արտայայտուեցէք: Վարանոտ պատասխան մի՛ տաք անոնց:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ տարուիք երեւոյթներէ, որոնք կրնան բնական ձեւով դրսեւորուիլ, բայց խորքին մէջ տարբեր բնոյթ կ՛ունենան, բան մը, որ չի յարմարիր ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կասկածամտութիւնը կը յոգնեցնէ միտքը եւ կը դժուարացնէ որոշման մը յանգիլը: Այս պարագային պէտք է դիմէք պարզամտութեան, անպայման կը յաջողիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք տաղանդը` որոշ հարցեր քննարկելու եւ օգտակար ըլլալու ձեզի դիմողներուն: Մի՛ պահէք ձեր գիտելիքները, կը սիրուիք շրջապատէն: Օրը լաւ է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նորաձեւութիւնը կը հետաքրքրէ ձեզ, բայց` ոչ ենթարկուելով ամէն նորոյթի: Մնացէք ձեր խառնուածքին տէրը` հետեւելով միշտ վայելուչին: Ինքնաճանաչումը անհրաժեշտութիւն է այս պարագային:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հաստատ մնացէք այն որոշումին վրայ, որ օգտակար պիտի ըլլայ ձեր անձին յառաջդիմութեան: Այլ տարբերակներ ընդունիլը ձախողութեան կը տանի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տան հաշիւը եւ շուկայինը կրնան հակասել իրարու, հետեւաբար նկատի առէք այս իրողութիւնը եւ ջանացէք գտնել միջին տարբերակը, որպէսզի օգտուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կարծէք, որ միայն ձեզի կը պատահին անակնկալ հարցեր, յաջող կամ ձախող: Օրը նոր, հարցերն ալ կրնան ըլլալ նոր` հակառակ ձեր կամքին եւ սիրոյն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք անարժան անձերու, երբ անոնց մէջ գտնէք ինքնահաւանութեան եւ մեծամտութեան կեցուածք: Համեստութիւնը ձեզ կ՛առաջնորդէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երկար ատենէ ի վեր չէք յիշեր հեռաւոր վայրեր բնակող ձեր բարեկամները: Մի՛ պատճառաբանէք թէ ժամանակ չունիք: «Ուր կամք, հոն` կեանք» կ՛ըսեն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանուկներով զբաղիլը լաւագոյն գոհունակութիւնը կու տայ ձեր սրտին, որովհետեւ ձեր կարգին պիտի մանկանաք` մոռնալով օրուան տաղտուկները: Մանուկի հոգեբանութեամբ ապրեցէք այսօր, ուրախացէք:

