50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1964)

Պաշտօնական Յայտարարութիւն
ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն, երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն առիթով, ի գիտութիւն հայ ժողովուրդին կը յայտարարէ, թէ մեր կուսակցութիւնը, լիբանանեան Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ գործակցաբար, մարտ 31-ին Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին համար կազմեց իր թեկնածուներուն ցանկը, որուն անդամներուն անունները արդէն իսկ պաշտօնապէս հրապարակուեցան մամուլով:

Այս ցանկը յատուկ կոչով մը հրատարակեց իր ուղեգիծը, որ հիմնուած է Լիբանանի անկախութեան, յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի խաղաղ եւ համերաշխ կենակցութեան սկզբունքներուն վրայ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ այս սկզբունքներուն, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հրապարակ կու գայ յաղթանակի փայլուն հեռանկարներով, իր բոլոր շարքերուն եւ համակիր զանգուածներուն բոլորանուէր ու միակամ վճռակամութեամբ:

Այս առթիւ կոչ կ՛ուղղենք հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, մասնաւորաբար` առաջին ընտրաշրջանի քուէարկողներուն, բոլորուիլ այս սիրելի հայրենիքի առողջ տարրերը ներկայացնող մեր ցանկին շուրջ, որուն ամբողջական յաղթանակը պիտի հանդիսանայ լաւագոյն գրաւականը լիբանանեան հայրենիքի հանդէպ մեր ունեցած պարտաւորութիւններուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

 

Անտրէ Թապուրեան Թիրօ–Սանճագի Աղէտեալ
Ընտանիքներուն Յատկացուցած 5000 Լ. Ոսկի Գումարը
Յանձնեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ
Ընկեր Յակոբ Աշճեանի

Գրած էինք, թէ հիւսիսային Մեթնի Հ. Յ. Դաշնակցութեան թեկնածու Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտ կատարած այցելութեան մը ընթացքին, տեղեկանալէ ետք Թիրօ-Սանճագի մէջ վերջերս պատահած հրդեհի զոհ գացած հայրենակիցներու սրտաճմլիկ վիճակին, վեհանձնօրէն 5000 լ.ոսկի գումար մը յատկացուցած է աղէտահար հինգ հայ ընտանիքներուն:

Անտրէ Թապուրեան երէկ գնաց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանին յանձնեց 5000 լ. ոսկիի չէքը:

Նկարին վրայ Անտրէ Թապուրեան իր չէքը Յակոբ Աշճեանի յանձնելու պահուն:

 

Համազգայինի Ս. Զատկուան Հանդիպումը

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպած Ս. Զատիկի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 մարտ 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Անդամներ եւ համակիրներ բոլորուեցան սեղաններու շուրջ:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Վարդան Սարայտարեանի, բացումը կատարեց Ս. Յարութեան շարականներով:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւկթամարտ:

Վարչութեան կողմէ բացման խօսքը ըրաւ Եդուարդ Բատոյեան: Իր խօսքին մէջ շեշտեց սեփական ակումբի մը անհրաժեշտութիւնը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ խօսք առնելով` Մ. Իշխան ըսաւ. «Համազգայինը պէտք է իր սեփական տունը ունենայ»: Խօսելով Ճեմարանի վերելքին մասին` յիշեց հին շէնքի մը տակ մեծցած սերունդը եւ ըսաւ. «Այսօր երեք հրաշալի շէնքերու մէջ իրենց ուսումը կը ստանան մեր աշակերտները: Սկզբնական 100-ի տեղ այսօր ունինք 600 աշակերտներ»:

Վերջին խօսողը եղաւ ֆրանսացի հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի:

Յարգելի հիւրը յատկապէս յիշեց այն յատկութիւնները, որ ունի հայ ժողովուրդը: Տրամաբանութեան կողքին, խոր զգացում եւ բարոյական ըմբռնում:

«Կը հիանամ ձեր ազգին վրայ,- ըսաւ փրոֆ. Ֆէյտի – ձեր ժողովուրդը ոչ միայն մտքի, այլ եւ սրտի ժողովուրդ է: Երկու պարագայ պիտի յիշեմ այս խօսքս բացատրելու համար. ա) Դուք ոճիր մը ապրեցաք փոխանակ ոճրագործ դառնալու, դարձաք գիտակից եւ կրկին վերելքի մասին մտածող ժողովուրդ մը, բ) Գաղթաշխարհի մէջ փոխանակ ցրիւ գալու, ի մի հաւաքուեցաք եւ կազմակերպեցիք ձեր ընկերային կեանքը»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES