Արուեստի Աշխարհէն. Բազմերես Վան Կոկ` 161 Տարի Ետք

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐՏ 30-Ը ԾՆՆԴԵԱՆ 161-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆ ԷՐ ՅԵՏՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՎԻՆՍԸՆԹ ՎԱՆ ԿՈԿԻ, ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՊԱՐԳԵՒԱԾ Է ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՏԵՂԱԶԱՐԴ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ: ՎԱՆ ԿՈԿ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ ԵՒ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՍՈՒՂ ՎԱՃԱՌՈՒՈՂ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ Է: ԱՆՈՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ` ԼՈՒՎՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵԹՐՈՓՈԼԻԹԸՆ ԵՒ ՌԱՅՔՍՄԻՒԶԻԸՄ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԱՌԱՍՊԵԼԻ ԿԱՐԳ ԱՆՑԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԿԸ ՆՇԷ` ՎԵՐԱՐՏԱԴՐԵԼՈՎ ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏԿԵՐՈՂ ԻՆՔՆԱՆԿԱՐՆԵՐԸ, ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ:

Վան Կոկի ժամանակներու գրեթէ բոլոր արձանագրութիւնները այժմ կուռքի վերածուած գեղանկարիչը կը ներկայացնեն իբրեւ թերագնահատուած արուեստագէտ մը: 19-րդ դարու վերջերուն անընդհատ ստեղծագործած այս գեղանկարիչը կրակած էր ինքն իր վրայ եւ քանի մը օր ետք մահացած էր իր վէրքերուն պատճառով` նախքան «յաջողած» գեղանկարիչի վարկ վայելելը: Ան իր ետին ձգած էր չվաճառուած գեղանկարներու հարուստ գանձ մը, որ ի վերջոյ դարձած էր իր եղբօր կնոջ` Եոհաննա վան Կոկ-Պոնխըրի սեփականութիւնը: Այս կնոջ շնորհիւ է, որ վան Կոկի ծանօթացած են աշխարհի գլխաւոր պատկերասրահներն ու ցուցահանդէս կազմակերպող մասնագէտները, երբ ան 1905 –ին ցուցահանդէս մը կազմակերպած է Ամսթերտամի Սթետլիք թանգարանին մէջ:

Այնուհետեւ բուռն հետաքրքրութիւն ստեղծուած է վան Կոկի կեանքին նկատմամբ: Պատմութիւնը մերթ կեդրոնացած է այն վարկածին վրայ, թէ ան կտրած է իր ականջը` անփոխադարձ սիրոյ պատճառով խելագար վիճակի մատնուելով (բազմաթիւ մասնագէտներ կը վիճին այս վարկածին դէմ), մերթ տիրած է այն կարծիքը, թէ անոր գեղարուեստական տաղանդը արդիւնք էր գոյները իրարմէ զանազանելու տեսողական թերութեան: Մէկուկէս դար շարունակ արուեստի պատմաբաններ փորձած են ի յայտ բերել յարդէ գլխարկով պատկերուած այս մարդուն կեանքը, պեղել անոր անձնական նամակները, սակայն յաջողած են կազմել միայն ուրուանկար մը: Միակ հաստատ ճշմարտութիւնը այն է, թէ վան Կոկ ինքնուս էր, համակուած էր նոր-տպաւորապաշտներու յատուկ նորարարութեան շարժումով, իր ստեղծագործական տաղանդը ի գործ դրած էր շնորհիւ իր եղբօր քաջալերանքին եւ ի վերջոյ օտարացած էր աշխարհէն` իր մտային փոթորկալից վերիվայրումներուն պատճառով:

Վան Կոկի ծննդեան տարեդարձին առիթով կը խթանենք մեր հետաքրքրութիւնը եւ կը վերարտադրենք անոր բազմաթիւ ինքնանկարներէն քանի մը օրինակ, զորս արուեստագէտը գծած է իր տառապալից կեանքին ընթացքին: Անոր ինքնանկարներուն երանգապնակը կը տարուբերի քաոսային վրձնահարուածներով կիրարկուած մռայլ գոյներու եւ լուսաշող յագեցած երանգներու միջեւ: Վան Կոկի ինքնանկարներու հաւաքածոն գէթ կ՛արտացոլացնէ, թէ արուեստագէտը ինչպէ՛ս ինքզինք պատկերած է իր կեանքին տարբեր հանգրուաններուն:

1886

Self-portrait with pipe, 1886. Artist: Gogh, Vincent, van (1853-1890)

1887

Vincent van Gogh

1887

Self-portrait, 1887. Artist: Gogh, Vincent, van (1853-1890)

1887

Vicent Van Gogh, self-portrait

1888

Self-Portrait ', 1888, dedicated to Paul Gaugin. Vincent Van Gogh (1853-1890) Dutch Post-Impressionist artist.a'

1889

Vincent Van Gogh

1889

Self-Portrait with Bandaged Ear 1889. Vincent Van Gogh (1853-1890) Dutch Post-Impressionist artist.

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES