Արուեստի Աշխարհէն. Վան Կոկի Արեւածաղիկները. Թաքուն Պատմութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԳՈՐԾԵՐԷՆ ՄԷԿԸ, ՈՐ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ ԼՈՆՏՈՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ՄԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՔԻՉԵՐ ԾԱՆՕԹ ԵՆ ԱՅՍ ՇԱՐՔԻՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԱԼԸՍԹԸՐ ՔՈՒՔ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԵՆ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ «ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿՆԵՐ»-Ը:
Երբեմն արուեստի գործ մը այնքա՛ն կը շլացնէ իր հռչակով, որ մարդիկ կ՛անգիտանան անոր սկզբնական պարունակն ու իմաստը: Նոյնն է պարագան Վինսընթ վան Կոկի «Արեւածաղիկներ»-ուն:
Օրինակ, նկատի ունենանք Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին մէջ ցուցադրուող այն տարբերակը, զոր հոլանտացի արուեստագէտը գծած է հարաւային Ֆրանսայի մէջ, 1888-ին: Տասնհինգ արեւածաղիկներ կը ժայթքեն յախճապակիէ սովորական սափորէ մը` բոցավառ դեղին խորապատկերի մը վրայ: Ծաղիկներէն ոմանք թարմ են եւ` կեանքով լեցուն, շրջանակուած` բոցի նման պսպղուն թերթերու լուսապսակներով: Ուրիշներ սկսած են հունտեր կազմել եւ թոշնիլ:

Վան Կոկի ամէնէն հռչակաւոր «Արեւածաղիկներ»-ու գեղանկարը կը ցուցադրուի Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին մէջ:
Գեղանկարը մասամբ խորհրդածութիւն մըն է ժամանակի պատճառած փոփոխութիւններուն վերաբերեալ եւ կատաղօրէն վառ գոյներով կը շրջէ ծաղիկներ գծելու հոլանտական երբեմնի աւանդութիւնը, որ կ՛երթայ մինչեւ 17-րդ դար: Անիկա կը վայելէ առեղծուածային ժողովրդականութիւն մը 1924-էն ի վեր, երբ մաս կազմած է Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին հաւաքածոյին: Անցեալ տարի պատկերասրահին յուշանուէրներու վաճառատան մէջ այս գեղանկարը պատկերող բացիկը վաճառուած է հաւաքածոյին մաս կազմող որեւէ գեղանկարի բացիկէ աւելի: (Անոնց թիւը հասած է 26110-ի):
Սակայն ամէն տարի պատկերասրահ մուտք գործող աւելի քան 5 միլիոն այցելուներէն շատերը չեն գիտեր, թէ պաստառը մաս կը կազմէ արեւածաղիկներ պատկերող չորս գեղանկարներէ բաղկացած անշարժ կեանքերու (սթիլ լայֆ) արտասովոր շարքի մը, զոր վան Կոկ գծած է հազիւ մէկ շաբթուան ընթացքին, 1888-ի ամրան, երբ հիւսիսային ցուրտ հով մը պատճառ դարձած էր, որ ան չկարենար նկարել բաց երկինքի տակ:
Գեղանկարներու այս շարքին առաջինը, որ այժմ մաս կը կազմէ սեփական հաւաքածոյի մը եւ երբեմն կը նկարագրուի իբրեւ վան Կոկի «անծանօթ» «Արեւածաղիկներ»-ը, կը պատկերէ դեղնաւուն-նարնջագոյն երեք ծաղիկներ` ջնարակուած կանաչ սափորի մէջ, թիւրքուազ խորապատկերի վրայ: Անիկա չէ ցուցադրուած 1948-էն ի վեր, երբ մէկ ամսուան համար փոխ տրուած է Քլիվլենտի Արուեստի թանգարանին:
Երկրորդ գեղանկար մը, որ կը պատկերէր սափորի մը մէջ երեք ծաղիկներ եւ սեղանի մը վրայ երեք այլ ծաղիկներ` լազուարթ պատի մը տակ, փճացած է 1945-ին, երբ ամերիկացիք ռմբակոծած են ճափոնական Աշիա քաղաքը: Երրորդ գեղանկար մը, որ յար եւ նման է Ազգային պատկերասրահին մէջ ցուցադրուած գեղանկարին, սակայն կը պատկերէ 14 արեւածաղիկներ թիւրքուազ խորապատկերի վրայ, կը ցուցադրուի Միւնիխի Նոյը Փինաքոթեք պատկերասրահին մէջ:
Աւելի՛ն. «Արեւածաղիկներ»-ու այս չորս գեղանկարները գծելէ ետք վան Կոկ գծած է այլ նմանակներ եւ տարբերակներ, որոնցմէ մէկը Ազգային պատկերասրահին փոխ տրուած է Ամսթերտամի վան Կոկի թանգարանին կողմէ: Այժմ երկու «Արեւածաղիկներ»-ը պատկերասրահին մէջ կողք-կողքի կը ցուցադրուին մինչեւ 27 ապրիլ:
Արուեստի Ծաղկեփունջ Մը
«Հանրութիւնը տեղեակ չէ, թէ վան Կոկ գծած է արեւածաղիկներու շարքեր,- կ՛ըսէ Լէօ Եանսըն, որ վան Կոկի թանգարանին մէջ արուեստագէտին գեղանկարներուն ցուցադրութեան պատասխանատուն է եւ խմբագրած է անոր նամակներու գիրքը:- Տասը անձէն ինը իբրեւ նորութիւն կը լսէ այս տեղեկութիւնը»: «Շատեր ծանօթ են «Արեւածաղիկներ»-էն միայն մէկուն եւ գաղափար չունին, թէ «Արեւածաղիկներ»-ու շարքեր գոյութիւն ունին», կ՛աւելցնէ Մարթին Պէյլի, որուն «Տը սանֆլաուըրզ առ մայն. տը սթորի աֆ վան Կոկ՛զ մասթըրփիս» (արեւածաղիկները իմս են. վան Կոկի գլուխ գործոցին պատմութիւնը) գիրքը լոյս տեսաւ անցեալ տարի:

Արլի մէջ վան Կոկի գծած «Արեւածաղիկներ»-ու առաջին տարբերակը մաս կը կը կազմէ սեփական հաւաքածոյի մը եւ չէ ցուցադրուած 1948-էն ի վեր:
Վան Կոկ առաջին անգամ արեւածաղիկներ գծած է 1886-ի ամրան: Երկու տարի ետք անոր հետաքրքրութիւնը դարձեալ արթնցած է, երբ հաստատուած է Արլի մէջ, Մարսէյէն հիւսիս: Այդ ժամանակ ան իր արուեստանոցը հրաւիրած էր յետ-տպաւորապաշտ ֆրանսացի գեղանկարիչ Փոլ Կոկենը եւ սկսած էր արեւածաղիկներ գծել` զուարթ մթնոլորտ ստեղծելու համար այն դեղին բնակարանին մէջ, զոր վարձած էր 2 Փլաս Լամարթէն թաղամասին մէջ:
Երբ Կոկեն ընդունած էր վան Կոկի հրաւէրը, հոլանտացի գեղանկարիչը իր գծած չորս «Արեւածաղիկներ»-էն վերջին երկուքը մեծ թափով նկարած էր այն համեստ ննջարանին համար, ուր աշնան պիտի ընդունէր իր հիւրը: «Ձեւով մը վան Կոկ Կոկենի ննջարանին համար «Արեւածաղիկներ» գծելու գաղափարը կը նկատէր իր բարեկամը Պրիթընիէն հարաւ ներգրաւելու միջոց մը», կ՛ըսէ Պէյլի:
Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյին մաս կազմող «Արեւածաղիկներ»-ուն կապոյտ ուրուագիծերը կարելի է նկատել յարգանքի տուրք մը` Կոկենի, որ իր գեղանկարներուն մէջ արդէն կը կիրարկէր գոյները ջնարակի նեղ երիզներով իրարմէ բաժնելու միջոցը: «Արլի իր բնակարանը արեւածաղիկներու գեղանկարներով զարդարելով` վան Կոկ կը միտէր փաստել Կոկենին, թէ ինք ալ ինքզինք հաստատած արուեստագէտ էր», կը բացատրէ Եանսըն:

Այս տարբերակը փճացած է Բ. Աշխարհամարտին, Ճափոնի Աշիա քաղաքին մէջ, ուր հրոյ ճարակ դարձած է:
«Տը ելօ հաուս. վան Կոկ, Կոկեն էնտ նայն թըրպիւլընթ ուիքս ին Արլ» (դեղին բնակարանը. վան Կոկ, Կոկեն եւ փոթորկալից ինը շաբաթներ Արլի մէջ) գիրքի հեղինակ Մարթին Կէյֆորտ կ՛ըսէ. «Կոկեն հիացած էր` ի տես «Արեւածաղիկներ»-ուն եւ տեւաբար կը գովաբանէր զանոնք, կը խնդրէր, որ վան Կոկ իրեն նուիրէր գեղանկարները: Տարիներ ետք, երբ Կոկեն կ՛ապրէր հարաւային Խաղաղականի ափերուն, ի՛նք սկսած էր արեւածաղիկներ նկարել, յայտնապէս ի յարգանս իր երբեմնի սենեկակիցին»:
Մինչ վան Կոկ կը գծէր իր «Արեւածաղիկներ»-ը, անոնք կը մականցէին Կոկենի հետ իր յարաբերութիւնը: «Կը կարծեմ, վան Կոկ զանոնք կը գծէր պարզապէս գծելու հաճոյքէն մղուած,- կ՛ըսէ Եանսըն:- Գեղանկարիչի մը համար մեծ մարտահրաւէր էր այս ծաղիկներուն վառ դեղինը, անոնց թերթերուն եւ ցօղուններուն գիծերը միաձուլելը վառ գոյներու հակասութեան մը մէջ»: «Վան Կոկի ստեղծագործական կարողութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր 1888-ի ամրան,- կը բացատրէ Պայլի:- Ան շատ կարճ ժամանակի մէջ գծած էր «Արեւածաղիկներ»-ը, մեծ թափով եւ ինքնավստահութեամբ»: Օգոստոսի վերջերուն ան իր եղբօր` Թէոյին գրած է հետեւեալը. «Կը գծեմ մարսէյցիի մը խանդավառութեամբ, որ պույեպես (Փրովանսի յատուկ ձուկի ապուր) կը ճաշակէ, ինչ որ զարմանալի չէ, երբ հարցը կը վերաբերի մեծ «Արեւածաղիկներ» գծելու»:
Վան Կոկի Կնիքը
Վան Կոկ անմիջապէս անդրադարձած էր, թէ ստեղծած էր յատկանշական գործ մը եւ հպարտ էր այն իրողութեամբ, որ իր արեւածաղիկները այնքա՛ն իւրայատուկ էին, որ պիտի դառնային իր ստորագրութեան համազօր գործ մը: Ինչպէս ան 1889-ին գրած է Թէոյի, «արեւածաղիկները իմս են», մինչ այլ գեղանկարիչներ կը գծէին արջվարդեր (փիունի) եւ մոլոշավարդեր (հոլիհոք): «Վան Կոկ շուտով անդրադարձած է, թէ արեւածաղիկները կրնան դառնալ իւրայատուկ բնախորհուրդ մը, զոր կրնար սեփականացնել», կը բացատրէ Ազգային պատկերասրահին յետ-1800-ական տարիներու գեղանկարներու ցուցադրութեան պատասխանատու Քրիսթաֆըր Լիոփոլ:
Ասիկա ձեւով մը կը բացատրէ վան Կոկի «Արեւածաղիկներ»-ուն գրաւչութիւնը այսօր: Անոնք ձեւով մը ստորագրութիւնն են արուեստագէտի մը, որուն փոթորկալից եւ դժնդակ կեանքն ու զէնքով անձնասպանութիւնը 1890-ին կը շարունակեն հմայել հանրութիւնը:

Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին մէջ ցուցադրուող «Արեւածաղիկներ»-ուն մէկ տարբեակը, մաս կը կազմէ Միւնիխի Նոյը Փինաքոթեք թանգարանի հաւաքածոյին:
Արուեստի գործերու այլ շարքեր եւս գոյութիւն ունին: Օրինակ` Մոնէի բարտիներու եւ յարդի դէզերու գեղանկարները եւ Մունքի «Ճիչը» գեղանկարին տարբերակները: «Արեւածաղիկներ»-ուն գրաւչութեան պատճառը այն չէ, թէ վան Կոկ գծած է անոնց բազմաթիւ տարբերակները: «Չեմ կարծեր, թէ այս է անոնց ժողովրդականութեան պատճառը,- կ՛ըսէ Պէյլի:- Առաջին չորս գեղանկարներէն երկուքը «կորսուած են». մէկը փճացած է պատերազմի ընթացքին, միւսը միշտ ալ թաքուն պահուած է սեփական հաւաքածոներու մէջ»:
Իրականութեան մէջ վան Կոկի «Արեւածաղիկներ»-ուն հմայքը հզօրացած է 20-րդ դարուն, երբ անոնց վերարտադրութիւնները տարածուած են աշխարհի մէջ ամէն կողմ` շնորհիւ անոնց անմիջականութեան, յստակութեան եւ ուժականութեան: «Փոխանակ նոյնութեամբ փոխանցելու այն, ինչ որ կը տեսնեմ աչքիս առջեւ, գոյներ կը գործածեմ պարագայական ձեւով` ինքզինքս աւելի ուժեղ կերպով արտայայտելու համար», գրած է վան Կոկ իր եղբօր, «Արեւածաղիկներ»-ու շարքը գծելէ կարճ ժամանակ առաջ: Գոյներու այս ենթակայական գործածութիւնը հզօր ներգործութիւն պիտի ունենար արդի արուեստի վրայ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ խօսիլ մարդոց սրտին: «Կ՛ուզեմ գծել այնպիսի ձեւով, որ աչք ունեցող ոեւէ անձ հասկնայ», ըսած է վան Կոկ:
Եանսընի համաձայն, այս յատկանիշը, արուեստագէտին փոթորկալից կեանքին պատմութեան եւ անոր գեղանկարներուն բարձր արժէքին հետ միատեղ, ստեղծած է անդիմադրելի հմայք մը (վան Կոկի անստորագիր մէկ «Արեւածաղիկներ»-ը 1987-ին աճուրդի մը ընթացքին դարձաւ մինչ այդ ամէնէն սուղ գինով վաճառուած գեղանկարը): ««Արեւածաղիկներ»-ուն ժողովրդականութիւնը արդիւնք է մէկ կողմէ անոնց գեղեցկութեան, զգացական ներգործութեան եւ մարդկային վիճակին արտացոլացումին, միւս կողմէ` հռչակի, դրամի եւ առասպելի նկատմամբ հանրութեան տկարութեան: Ամէն ոք բան մը կրնայ գտնել անոնց մէջ»:

