Մտածումներ Քեսապի Հարցին Շուրջ

ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

«Զարմանում եմ ես, որ նորից-նորից, գլուխը կորցրած,
Ընթանում ենք մենք անցած ուղիով արդէն բթացած:
[…]
Զարմանում եմ ես դատարկ ու պարապ ինչ-որ յոյսերից,
Զարմանում եմ ես, որ չեմ զարմանում էլ ոչ մի բանից,
Խուլ ու հնազանդ չարին յանձնուած այս մեծ աշխարհից
Եւ մարդկանց անդունդը տանող ճանապարհներից»:
ԱՐԹՈՒՐ ՄԵՍՉԵԱՆ

«Իմ ընտանիքս երկու ժամ առաջ արդէն Լաթաքիա փախցուցի…», եղաւ ալեւի վարձուորին պատասխանը, երբ իրեն հարցուցի, թէ այս կրակոցները, ռմբակոծումները ուրկէ՞ են» (ուրբաթ ժամը 05:00), կը պատմէ քեսապցին, որ նախընտրեց չնշել իր անունը:

***

Քեսապի կռիւներուն եւ հայութենէ պարպումին ամբողջական վերլուծումը եւ առարկայական քննութիւնը ձգենք մասնագէտներուն եւ հաւաստի տուեալներով օժտուած քաղաքական եւ ռազմական վերլուծաբաններուն: Այսպէս, պէտք է մասնաւորապէս հեռու մնալ վաղաժամ յուզական եզրակացութիւններէ եւ զգացական կարծիքներէ` նկատի առնելով լրատու գործակալութիւններու երբեմն զիրար հակասող տեղեկութիւնները, կողմնապաշտութիւնը եւ նոյնիսկ ականատեսներու յաճախ չափազանցուած զեկուցումներն ու զգացական կարծիքները:

Ուրեմն այս գրութեամբ չենք ուզեր հաստատումներ կատարել, այլ ընդհակառա՛կը, հարցադրումներ ընել երեւոյթներու շուրջ եւ քննել մեր` հայկական գործօնը:

Քեսապի Ապահովական Վիճակը`
Նախքան Յարձակումը

Սուրիոյ արաբական բանակին պատրաստականութիւնը.- Սուրիոյ արաբական բանակը մինչեւ յարձակման օրը Քեսապի սուրիական սահմանին վրայ բաւարար քանակի ու պատրաստուածութեամբ զօրքեր չունէր` ըստ քանի մը գիւղացիներու: Բանակին տուեալներով, զօրքերու հիմնական դիրքերը սահմանէն քիլոմեթրներով ներս էին: Ուրեմն բանակը պատրաստ չէր սահմանին վրայ դիմադրելու որեւէ յարձակման: Այս ենթադրել կու տայ, որ կա՛մ բնաւ չէր ակնկալեր որեւէ ոտնձգութիւն Քեսապի սահմանէն, կա՛մ կարող չէր զօրքեր տեղակայել, երբ ուրիշ շրջաններ բուռն կռիւներ կը մղէր: Նկատի ունենալով հետեւեալ կէտերը` առաջին պարագային ի յայտ պիտի գար ռազմաքաղաքական սխալ ծրագրումը, իսկ երկրորդ պարագան կը մնայ հարցական.

– Ըստ գիւղացիներու, յարձակումէն առաջ երեք օր շարունակ Քեսապի թրքական սահմանին վրայ ռազմական փոխադրակառքերու շարժումներ տեսնուած են, իսկ Անթաքիայի եւ յարակից շրջաններու թրքահպատակ ալեւիները իրենց սուրիացի կրօնակիցներուն տեղեկացուցած են զօրքերու տեղաշարժման մասին` դէպի սուրիական սահման: Այսպէս, կը հասկնանք վերոնշեալ ալեւի ընտանիքին վաղաժամ դէպի Լաթաքիա փախուստը, բայց չենք հասկնար, թէ ինչո՛ւ այդ տեղեկացուած անհատները գիւղի հայ բնակչութիւնը չեն զգուշացուցած, իսկ ինչո՞ւ բանակը այս տեղեկանալով (եթէ տեղեակ էր)` յաւելեալ նախզգուշական պատրաստութիւններու չէ դիմած:

– Ուրբաթ 21-էն շաբաթ 22 մարտ բանակը դիմադրեց զինեալներուն քանի մը գիւղերու մէջ: Կիրակի, 23 մարտին արդէն Սուրիոյ բանակէն նշանակալից քանակով զօրքեր տեղափոխուեցան Քեսապ` դիմադրութեան: Այս ցոյց կու տայ, որ բանակը կարող էր նախքան յարձակումը ուղղակի սահմանային պաշտպանական դիրքերը զօրացնել:

– Քեսապի աշխարհագրական դիրքը (թրքական սահման, ծովեզերք, Լաթաքիային շատ մօտ բարձունք) զայն կը դարձնէ ռազմական կարեւոր շրջան, որ պէտք էր պաշտպանել ամէն գնով, նկատի առնելով, որ իշխանութեան այսպէս ըսուած «քաղաքական  ամրագոյն ամրոցը»` Լաթաքիան միայն 57 քմ հեռու է Քեսապէն: Այս հանգամանքին  սուրիական բանակին կողմէ անտեսումը հարցական է:

Այս բոլորը նկատի ունենալով` Սուրիոյ բանակը ինչո՞ւ նուազագոյն նախապատրաստութիւնը չէր կատարած ուղղակի սահմանին վրայ, եւ ոչ` անկէ ներս:

Գիւղի բնակչութեան պատրաստականութիւնը.-Ինչ կը վերաբերի Քեսապի ինքնապաշտպանութեան, դարձեալ ըստ գիւղացիի մը, զինուած տղաք կային Քեսապի տարբեր գիւղերուն մէջ: Կը կարծուի, թէ անոնց թիւը հարիւրը չէր անցներ (պէտք է նկատի ունենալ, որ Սուրիոյ կռիւներու սկիզբէն ցարդ Քեսապի մէջ բնակող երիտասարդներուն թիւը հետզհետէ նուազած է): Յարձակման առաջին ժամերուն արդէն որոշ չափով յայտնի կ՛ըլլան ներխուժման տարողութիւնը եւ հակառակորդին յարաբերաբար մեծ քանակը: Այսպէս, երկար դիմադրութեան դիմելը մինչեւ սուրիական բանակի օժանդակութիւնը, գիւղի զինուած ուժերու ինքնասպանութեան արարք կը թուէր ըլլալ` նկատի ունենալով գիւղական ինքնապաշտպանութեան եւ զինեալներու քանակի եւ ռազմամթերքի կարողութեան ակնյայտ տարբերութիւնը եւ գիտնալով, որ խուժող զինեալները հրետանային օգնութիւն կը ստանային թրքական կողմէն, եւ անոնց տրամադրութեան տակ կային նաեւ հրասայլեր:

Նաեւ նկատի առնենք, թէ ներխուժողներու դէմ զինեալ բախումի մակարդակով թշնամութիւն ստեղծելը բացասական հետեւեանքներ կրնայ ունենալ Սուրիոյ հայ համայնքին վրայ` զինեալներու ապագայ գործողութիւններու ընթացքին:

Ամէն պարագայի, փաստ է այն խուճապը, որ ստեղծուեցաւ գիւղացիներուն մօտ յարձակման առաջին ժամերուն, եւ այդ խուճապահար վիճակին մէջ ոչ կանխամտածուած որեւէ որոշում կայացնելը դիւրին չէ:

Թրքական Գործօնը
Եւ Մեր Հակազդեցութիւնը

Այո՛, Թուրքիան ակնյայտօրէն մասնակից էր զինեալներու ներխուժման: Բայց պէտք է հասկնանք, որ պատահածը ցեղասպանութիւն չէ, ցեղասպանութեան շարուակութիւն չէ, ոչ իսկ` հաւաքական ջարդ: Քեսապի կռիւներէն ուղղակիօրէն տուժեց քեսապահայութիւնը, բայց այդ մէկը չ՛ենթադրեր, որ Թուրքիան հայերը թիրախ ընտրած էր: Ընկերային թուային ցանցերու վրայ սկսած եւ շարունակուող զգացական արտայայտութիւնները պէտք է կանգ առնեն: Ցեղասպանութեան գաղափարը, կամ ընդմիշտ հալածող ու հայը սպաննել ուզող թուրքին գաղափարը այնքան տիրական է մեր մտքերուն մէջ, որ Թուրքիոյ կողմէ կամ անոր մասնակցութեամբ որեւէ ոտնձգութիւն մեզ կը դնէ սարսափահար իրավիճակի մէջ, մեզ կը վերածէ ընելիքն ու ըսելիքը չգիտցող, չկշռող անտէր ամբոխի, որ ընդմիշտ կ՛ուզէ փարիլ օտարին: Կարծէք քարոզչութիւնն ու ուրիշին Հայկական հարցին ծանօթացումը մեր միակ ու առաջնահերթ քաղաքական ծրագիրն է: Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել քեսապահայութեան, յոռեգոյն  պարագային, եթէ քեսապի մարտերը ամիսներ տեւեն: Իսկապէս կը յուսա՞նք, որ Թուրքիոյ դաշնակից Միացեալ Նահանգները կամ ընդհանրապէս Սուրիոյ իշխանութեան դէմ եղող Արեւմուտքը Սուրիոյ մէկ գիւղի մը բնակչութեան ցաւերով պիտի մտահոգուին եւ ճիգ պիտի չի խնայեն, որ կռիւները կանգ առնեն, եւ քեսապահայութիւնը վերադառնայ իր գիւղը:

Կը յիշենք Արթուր Մեսչեանի խօսքերը:

Քեսապահայութիւնը Յարձակումէն Ետք –
Անծրագիր Իրավիճակ

Քեսապահայութեան ներկայ գաղթական իրավիճակը մեծ մասամբ կախեալ է նախքան յարձակում մեր (քեսապցիք եւ համայն հայութիւն) պատրաստուածութենէն եւ ակնկալութենէն: Պէտք է ընդունիլ, որ սխալական ենք, յատկապէս որովհետեւ չկրցանք կարելի եղածին չափ քիչ վնասներով դուրս գալ պատահածէն` ծրագրելով այսպիսի կարելի միջադէպի մը մեր ուղղակի հակազդեցութիւնը:

Քեսապցիներուն մեծամասնութիւնը գրեթէ ամէն բան ձգելով, իրենց գիւղը, տունը, ունեցուածքը ձգած ու փախուստ տուած են: Այսինքն քեսապցիք ներկայիս իրենց տրամադրութեան տակ գրեթէ ոչ մէկ բան ունին իրենց հողերէն դուրս գոյատեւելու, եթէ Քեսապի մարտերը երկար շարունակուին: Մենք ձախողած ենք որեւէ թէական յարձակման առաջքը առնել: Մենք ծրագիր չունէինք:

Սուրիան գրեթէ ամբողջութեամբ պատերազմի գօտիի վերածուած է ահա երեք տարի: Ասիկա կ՛ենթադրէ, թէ որեւէ շրջան, յատկապէս Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններ, կռիւներու վտանգի տակ են: Այս գիտնալով հանդերձ, գրեթէ բնաւ չէինք ակնկալեր Քեսապի վրայ որեւէ յարձակում, եւ այս տրամադրութեամբ Հալէպէն եւ այլ շրջաններէն Քեսապ կը տեղափոխուէին հայ ընտանիքներ ապահովութեան համար: Իսկ ծովեզերեան պայքարը ուշ կամ կանուխ պիտի սկսէր: Այս պատահածը նախատեսելը այնքան դժուա՞ր էր:

* * *

Սուրիոյ հարցը շատ բարդ է` հզօր պետութիւններու ուղղակի թէ անուղղակի մասնակցութեամբ: Մեր միակ պարտականութիւնը կը մնայ պաշտպանել եւ ապահովել սուրիահայութեան նուազագոյն վնասներով պատերազմէն դուրս գալը: Հալէպի հայութեան անծրագիր ցրուումին ականատես եղանք ու ենք տակաւին մինչեւ այսօր: Քեսապահայութեան ալ անծրագիր ցրուումին ականատեսը չըլլանք:

Նախքան յարձակումը` ծրագիր չունէինք: Յարձակումէն ետք գոնէ ունենանք յոռեգոյն պարագան հաշուի առնող ծրագիր` ապահովելու քեսապահայութեան գոյատեւումը եւ հաւաքաբար գործե՛նք ի նպաստ ծրագրի յաջողութեան, որպէսզի գործելով, ինքնաբերաբար, քիչ մը աւելի լուռ մնանք, իսկ մեր կեցուածքը` նուազ թուայնացած:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES