Դաշտը Թողուց, Սուր Հրացան…

ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Վերջին քանի մը տարիներուն Միջին Արեւելքը կրակ ու բոց, յեղափոխութեան մը մէջ է: Յեղափոխութիւն մը, որ տարիներէ ի վեր սպասուած էր, եւ ըստ շատերու` ծրագրուած: Արաբական յեղափոխութեան առաջին իսկ օրէն քաղաքագէտներ, պատմաբաններ եւ լրագրողներ սկսան վերլուծումներ ընել, թէ այս շարժումը ծնած չէ ժողովուրդին ազատութեան տենչէն, այլ` քաղաքական հաշիւներէ: Թէ` այս յեղափոխութիւնը պարզապէս կրօնական պատերազմ մըն է, որպէսզի իսլամը  քրիստոնեան հեռացնէ շրջանէն` աւելի ամրապնդելու համար իր իշխանութիւնն ու ուժը: Ուրիշներ նաեւ այս յեղափոխութիւնը սկսան բաղդատել ֆրանսական կամ եւրոպական յեղափոխութիւններուն հետ, որոնք ճամբայ բացին այսօրուան «բացառիկ» ժողովրդավար եւ ընկերվար պետութիւններուն: Իսկ ինչ ալ ըլլան պատճառները այս յեղափոխութեան, կայ միայն այն իրողութիւնը, թէ այսօր արաբական աշխարհին մէջ կայ խառնիճաղանճ իրավիճակ մը, որուն զոհը  անմեղ ժողովուրդն  է:

Պատմութեան դժբախտ պատահարներու պատճառով հայ ժողովուրդը ինքզինք գտաւ արաբական աշխարհի մէջ: Հայոց ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք տարածաշրջանին մէջ արդէն կազմակերպուած էին գաղութներ, որոնք մաս կազմեցին շրջանի քաղաքական թէ ուժային պայքարին` դառնալով փոքրամասնութեանց մէջ կարեւոր մասնիկ մը, յաճախ մեծ ազդեցութիւն ունենալով տուեալ երկրին  քաղաքական որոշումներուն վրայ: Սակայն հարկ է նշել, թէ մեր գաղութի քաղաքական եւ ընկերային որոշումներն ու քայլերը սահմանափակուած չեն արաբական քաղաքականութեամբ: Մեր ժողովուրդը ունի իր Դատը, որուն համար շուրջ 100 տարիներ պայքարած է: Հայ դատը սակայն միակողմանի չէ, այլ` երկկողմանի: Այսինքն յանցագործ թուրքին դէմ պայքարողը մենք ենք` հայերս, իսկ յանցանքը ուրացողը ինքը` թուրքը: Փոքրամասնական ուժ համարուող հայ գաղութը եւ շրջանային ուժ համարուող թրքական պետութիւնը քաղաքական այս տագնապին մէջ բնականաբար իրենց պայքարներուն պիտի տան նոր ընթացք մը, սակայն իրողութիւնը տարբեր է:

Արաբական «գարնան» առաջին իսկ օրէն շրջանի հայերս զգուշութեամբ որդեգրեցինք մեր քաղաքական կեցուածքը` ի մտի ունենալով շրջանի բոլոր հայ գաղութները: Որեւէ որոշում եւ կեցուածք` դէմ կամ թեր արաբական որեւէ պետութեան հանդէպ, ժխտական կամ դրական անդրադարձ պիտի ունենար հայկական միւս գաղութներուն վրայ, իսկ հետեւանքները` անորոշ  ու վտանգաւոր. հետեւաբար մենք մնացինք հեռու եւ միջամուխ չեղանք հարցերուն: Հայ դատի հետապնդումի աշխատանքները նաեւ անցան աւելի մեղմ հանգրուան մը: Ներգաղութային իմաստով ազգային դաստիարակութիւնը շարունակուեցաւ, բայց արտաքին  քաղաքական ընդարձակ պայքարը մեղմացաւ:

Հակառակ հայկական կողմի «զգուշաւոր  քաղաքականութեան»` թշնամի թուրքը, մեկնած շրջանային եւ ազգային քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մասնաւորաբար ռազմավարական շահերէ, առանց  ճիգ խնայելու, տարբեր միջոցներով միջամուխ եղաւ արաբական «նոր գարնան»: Թրքական բազմակողմանի շահերուն  մաս կը կազմէ  նաեւ Հայ դատը ոտնակոխ ընելու աշխատանքը: Սակայն վերջինս ստացաւ աւելի ծանր եւ վճռական թափ: Տարբեր առիթներով բացայայտուեցաւ, թէ թրքական պետութիւնը իր օժանդակութիւնը բերած է արաբական գարնան, զանազան ձեւերով: Իսկ ինչ կը վերաբերի վերջերս պատահած միջադէպին, երբ տեղեկացանք, թէ Թուրքիոյ սահմանէն յարձակում եղած է Սուրիոյ հայահոծ շրջան Քեսապին վրայ եւ իբրեւ հետեւանք`  քեսապահայեր ապաստանած են Լաթաքիա` եկեղեցիներու, ակումբներու եւ դպրոցներու սրահներուն մէջ կամ ալ` ազգականներու տուները, շատեր հարց տուին, թէ արդեօք այս դժբախտ պատահա՞րը եւս մաս կը կազմէ թրքական պետութեան հակահայ քաղաքականութեան:

Արաբական «գարուն»-ի  պատճառով տարիներէ ի վեր մութ ամպ մը պատած է շրջանը: Արդարութիւնն ու անարդարութիւնը չեն զանազանուիր իրարմէ, մեծամասնութիւններն ու փոքրամասնութիւնները կը տուժեն, հարուստն ու աղքատը կը հալածուին, քրիստոնեան ու իսլամը կը սպաննուին, իսկ հայը անգամ մը եւս «զոհը» կ՛ըլլայ ուրիշներու շահերուն:

Պատմութեան ընթացքին մենք` հայերս բացառիկ յաղթանակներ չենք տարած: Տարածաշրջաններ չենք գրաւած, իշխանութիւններ կամ թագաւորներ գահընկէց չենք ըրած, մենք դարեր շարունակ տառապելով գոյատեւած ենք, անկախութիւն կերտած ենք, յարութիւն առած ենք մէկուկէս միլիոնի նահատակութենէն ետք` ուխտելով պայքարիլ մեր ազգի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան համար: Պայքարիլ`  նոյնիսկ կեանքի գնով, նահատակներ տալով, հերոսներ ծնելով, նոր սերունդը դաստիարակելով, զանոնք զինելով պայքարի ոգիով, վրէժով եւ ազատութեան տենչով: Այո՛, տասնեակ տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդը ազգային եւ յեղափոխաշունչ գաղափարներով դաստիարակուեցաւ դէմ դնելու թշնամիին`թուրքին լկտի քաղաքականութեան, սակայն երբ գտնուեցանք իրականութեան առջեւ, երբ Թուրքիոյ կողմէ յարձակումներ տեղի ունեցան մեր ժողովուրդին վրայ, մենք հաւաքուեցանք, շալկուեցանք, փոխադրուեցանք աւելի «ապահով» շրջան:

Քաղաքական վերլուծումներ ընելու համար տակաւին շատ կանուխ է.իրականութիւնները  պղտոր են: Հարցումները` ինչո՞ւն եւ ինչպէ՞սը պատասխաններ չունին, կան միայն երկու յստակ իրողութիւններ. յարձակումը եղած է հայահոծ շրջանի մը վրայ, Թուրքիոյ սահմաններէն …

Արաբական «գարնան» սեւ ամպը հասաւ մեր գաղութին վրայ: Ինչպէս մեր պատմութեան էջերը կը վկայեն, մենք զոհը գացինք ուրիշ պետութիւններու շահերուն: Նոյն էջերը նոյնպէս կը վկայեն, թէ թուրքը իր ծագումէն մինչեւ օրս մնացած է նոյն թուրքը, սակայն ի տարբերութիւն մեր պատմութեան ամէնէն մութ էջերուն, մեր ժողովուրդը` երիտասարդութիւնը, գիւղացին «դաշտը թողուց», սակայն  ափսոս «սուր, հրացան, բահի տեղ չառաւ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES