Ազատ Բեմ. «Նժդեհ»-ը Հաղորդամարտի Գեղագիտութիւնը
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Այս յօդուածը անդրադարձ է «Նժդեհ» ժապաւէնի այն տարբերակին (152 վ.), որ ցուցադրուեցաւ մարտ 6-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Պիտի փորձեմ կեդրոնանալ անոր «պատկերներու լեզուին» վրայ: Բայց քանի որ ժապաւէնը մաս կը կազմէ «հաղորդամիջոցային պատերազմ»-ի ծրագիրի մը, կարելի չէ բոլորովին անտեսել քաղաքական խորքը: Նախ` երկու բառ ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցած քննարկումի մասին, սկսած այդտեղ արտայայտուած նուազ ցաւոտ ակնարկներէն:
Առարկութիւններէն մէկը այն էր, որ կարգ մը տեսարաններ անկապ կը թուէին: Ժապաւէնը ունի տարբերակներ, որոնց տեւողութիւնը կը տարուբերի 80-270 վարկեանի միջեւ: Զեղչուած տեսարաններ կրնան ժխտական անդրադարձ ունենալ դիպաշարի ընկալման վրայ:
Այլ ակնարկ մը յիշել տուաւ անմահ Յ. Պարոնեանի այն առաջարկը, որ այդ օրերուն հրատարակուած հայոց լեզուի քերականներէն մէկը կարելի է բաժնել դպրոցական մանուկներուն, որպէսզի քերականական վարժութիւններ կատարեն… զայն սրբագրելով: Շատ դիպուկ` այս պարագային:
Այս կէտը տակաւին նուազ ցաւոտ էր, քան «շփոթ»-ը` «ցեղակրօնութեան» եւ ֆաշականութեան միջեւ: Քննարկողը թերեւս տեղեակ չէ, որ խորհրդային, եւ ժառանգաբար, հայաստանեան հրապարակախօսութիւնը նացիներուն կ’ակնարկէ որպէս «նեմիեց (գերման) ֆաշիստներ»: Հետեւաբար, իր հարցաքննութեան եւ ընդհանուր ժողովի տեսարանին մէջ Քէշիշեանի Նժդեհը (այսուհետեւ` Ք. Ն.) հարկ չէր զգար «սրբագրելու» այդ մեղադրանքը: Այս է այդ «լեզուաբանական» շփոթին լուսաբանութիւնը: Յամենայն դէպս սեւ շապիկաւորներու եւ սրճագոյն շապիկաւորներու (Sturmabteilung կամ SA) (1) միջեւ տարբերութիւնը կը կայանար անոնց ազգային պատկանելիութեան եւ ոչ թէ գաղափարաբանութեան եւ կամ գործելաձեւերուն միջեւ: Շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ գտնել, առաւել եւս «յստակացնել» ցեղակրօնութեան եւ ցեղապաշտութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող «տարբերութիւններ»: Ա՛յդ էր Յ. Տէվէճեանի առարկութեան միտք բանին:
Այս «շփոթ»-ին երկրորդ ցաւոտ երեսը նացիներուն հետ գործակցութեան հարցն է: Ճիշդ է, որ 812-րդ հայկական զօրամասը գործօն դեր չունեցաւ պատերազմական գործողութիւններու մէջ, բայց որպէս Էս.Էս.-ի յատուկ ենթաբաժիններէն մէկը մասնակցեցաւ անոր «ցեղային «մաքրագործման» արշաւներուն: Նացի քեմփերու մէջ հիւծող պատերազմական գերիի մը նման ընտրանքը կարելի է հասկնալ սեփական կեանքը փրկելու բնազդով, անշուշտ ի գին այլ կեանքերու…
Այս ուղղութեամբ հայերու արիական ցեղին պատկանելու վարկածը հազիւ թէ կարենար որեւէ դեր խաղացած ըլլալ: Ազրպէյճանական յատուկ ենթաբաժինը թիւով հայկականին կրկին էր (մօտ 40 հազար), կային նաեւ շուրջ տասը այլ «արեւելքի միւսլիմաններու» զօրամասեր: Նացի բանակը իր պատերազմական գործողութիւններուն մէջ երբեք չվստահեցաւ «նուաստ» ցեղերէ կազմուած ենթախումբերուն: Յատուկ ջոկատները անբաւարար զինուած եւ անբաւարար մարզուած էին: Անոնց կը վստահուէին ոչ պատերազմական ա՛յն յանձնարարութիւնները, որոնցմէ կրնար ընդվզիլ շարքային, թերեւս ոչ բաւարար «հաւատացեալ» գերմանացի զինուորը: Կրնար տուժել, հետեւաբար, ռազմական բարոյականութիւնը: Նկատառումը գործնական էր, ոչ` բարոյական:
Ք. Ն. որպէս թշնամի ցոյց կու տայ թուրքը եւ (փոխարինաբար) թաթարը, ոչ թէ իթթիհատական կամ քեմալական պետութիւնը եւ կամ նոյնիսկ հայատեաց Մուսաւաթը: Ք. Ն. թուրքերը կը կոչէ «շուն» կամ «անասուն» եւ ոչ, օրինակ, «անգութ ոճրագործ»: Ժապաւէնի առաջին յաղթական ճակատամարտէն ետք հայ մարտիկներէն մէկը կը սրախօսէ, թէ իւրաքանչիւր կորսուած տաւարի փոխարժէքը ոչ թէ մէկ, այլ երկու թուրքի կեանքն է: Բոլորը կը ծիծաղին, մինչ Ք. Ն. կը յայտարարէ, թէ թուրք ցեղը ոչ մէկ դրական ներդրում ունեցած է քաղաքակրթութեան մէջ: Անկախ ամէն բարոյական սկզբունքէ, նման «կաֆեր» կրնան միայն նախանիւթ տալ հակառակորդի քարոզչութեան եւ մեզմէ հեռացնել հայամէտ թուրքերը:
Ք. Ն. մէկէ աւելի առիթներով կը քննադատէ Հայաստանի կառավարութիւնը: Աւելի ուշ կը յայտնէ, թէ իր ուղին միշտ չէ, որ կը համընկնի Դաշնակցութեան ուղիին: Կը շեշտէ անկուսակցական երիտասարդութեան դերը` որպէս հետեւորդ գերագոյն առաջնորդին: Այս կէտերը անշուշտ քաղուած են հանրապետա-ցեղակրօն ծրագիրէն: Պատահական չէ նաեւ, որ բեմադրիչը «հայրենասէր» սպայի որդին (իմա՛ յաջորդ սերունդը) կոչած է «Արորդի»-ներու սիրելի պատերազմիկ աստուծոյ` Վահագնի անունով: Պատահակա՞ն է արդեօք, որ կիներուն վերապահուած է միայն բուժքրոջ կամ «եփող-թափող» կնոջ դեր: Ընդհանուր ժողովի ընթացքին քամերան ցոյց տուա՞ւ արդեօք որեւէ կուսակցական կին:
Պատկերներ
Ժապաւէնի պատկերաւոր լեզուն հարկ է, որ արտայայտէ բեմադրիչի, եւ ոչ թէ քննարկողի գաղափարները: Այստեղ դրական արժեւորում կատարել` չ’ենթադրեր բաժնել Հ. Քէշիշեանի քաղաքական դիրքորոշումը: Կը սկսիմ դրական նկատողութիւններէ, որպէսզի ստեղծեմ անաչառութեան պատրանք:
Ժապաւէնին ընթացքին Նժդեհի լուսաւորման մէջ միշտ առկայ էր ետեւէն եկող լոյսը, որ պսակ մը կը ստեղծէ հերոսի ուսերուն եւ գլխուն շուրջ: Մենք Նժդեհը կը տեսնենք որպէս սրբազան մեսիա: Բանտի խուցի մէջ լոյսի աղբիւրը համեմատաբար խոշոր պատուհան մըն է: Բայց չէ՞ որ այդ լոյսը կու գար դուրսէն, այսինքն` խորհրդային իրականութենէն: Առաջին տեսարանին մէջ լոյսը զօրաւոր է, Նժդեհ տակաւին կ’ակնկալէ ստանալ Ստալինի աջակցութիւնը: Բանտի վերջինի տեսարանին մէջ, սակայն, լոյսը աղօտ է, հազիւ նկատելի: Նժդեհ կ’ըսէ, թէ Բերիա չէ հետաքրքրուած Կարսով եւ Արտահանով: Լուսաւորումը համահունչ է բովանդակութեան: Կը նշանակեմ 5/5:
Ընդհանուր ժողովի սրահի լուսաւորումը աղօտ է: Առաստաղէն կախուած է հսկայական սեւ վարագոյրներու թալիսման-նշան մը, զոր կարելի է բազմիմաստ մեկնաբանել: Քամերան նախ Նժդեհին ելոյթը կը դիտէ հեռուէն, ապա Տէվէճեանի միջամտութենէն ետք տեղի ունեցած իրարանցումը ցոյց կու տայ մօտէն: Կացութիւնը վտանգաւոր է եւ անորոշ: Բեմադրիչը մեր ուշադրութիւնը կ’ուղղէ առաւել դէպի պառակտումը, քան` Նժդեհի առաջադրած թեզը: Եթէ այ՛դ էր Քէշիշեանին նպատակը, ապա փայլուն կերպով յաջողած է: 5/5
«Փան Արմինիըն» ընկերութեան «ժեներիք»-ը մեզ կը նախատրամադրէ խժդժութեան: Վակներավայել փողային հնչիւններուն տակ արծուառիւծը (Նիսրո՞խ (2 )) թեւ կ’առնէ զուարթնոցանման մանրակերտէ մը եւ կը խոյանայ դէպի մեզ եւ ապա` դէպի հեռու հորիզոն (ապագայ): Քաղկեդոնական «Զուարթները» վերադարձած են իրենց «Արորդական» հուներուն: Տեսարանը համահունչ է արտադրողի պատուէրին: 5/5
Խորէն Լեւոնեանի եւ Անուշի վերջին հանդիպումը կը կայանայ ջուրի եզերքին, երբ արեւու վերջին շողերը կը մարին: Եզերք, այսինքն սահման, վերջ: Գետէն անդին տեսարանը պղտոր է (out of focus): Այսինքն` ապագան անորոշ: Խորէն եւ Անուշ կը ներկուին արնագոյն լոյսով եւ ապա պատկերը «կը լուծուի» (ֆիլմարուեստի լեզուով` «fade out»): Հերոսը քիչ ետք պիտի զոհուէր փրկելու համար Նժդեհի կեանքը: Իսկ Անուշ պիտի դիմէր անձնասպանական վրիժառութեան: Ի դէպ, Անուշի ջղագար խնդուքն ու խելակորոյս շարժումները ձեւուած են ըստ «Անուշ» օփերայի վերջին տեսարանին: Թումանեանի մեծարա՞նք, թերեւս: Տեսարանը համահունչ է բեմադրիչի մելոտրամաթիք առաջադրանքին: 4/5
Նոյն ուղղութեամբ, երբ Քաժէպէ-ի ինքնաշարժները ֆիզիքապէս խորտակուած Նժդեհը կը հեռացնեն Արարատէն, շուքերը անբնականօրէն կ’երկարին Յաղթանակի այգիի գետնին վրայ, անձնազոհ ծրագիրի արեւը կը շիջի: Բեմադրիչը այդ յոռետես պատկերին անմիջապէս կը հակադրէ հրաժեշտի տեսարանը, ուր խրոխտ մեսիան լուսաբացին կանգնած է զանգակատուն յիշեցնող կոթողի մը մէջ, մինչ սակաւաթիւ հետեւորդներ եկած են լսելու անոր պատգամները: Արեւը տակաւին չէ ծագած, սակաւաթիւ են հետեւորդները: Բայց Հանրապետական արտադրիչները լսած են զանգակատան ղօղանջները: Բեմադրիչին տրուած պատուէրին համահունչ տեսարան: 4/5
Երբ Նժդեհ կ’առնէ իր հայր դառնալու լուրը, քամերան մօտէն կը հետեւի անոր ծանր շարժումին` սենեակէն դէպի դուրս: Նժդեհ գիտէ, որ պիտի չկարենայ «լաւ հայր» ըլլալ: Նժդեհ կը նայի դէպի երկինք` ուղղութիւն ստանալով յոյսով: Քամերան անգամ մը եւս կը բարձրանայ եւ ցոյց կու տայ ձիւնի սպիտակ համապատկերի կեդրոնը Ք. Ն.-ի խաչաձեւ փռուած ֆիկիւրը: Ապա կը տեսնենք Սիւնիքի վեհ լեռնաշարը: Ժառանգ ձգելով, Նժդեհ անմահացած է, միացած հայրենի բնութեան: (4/5) Բայց ինչո՞ւ խաչուած է անգոյն ունայնութեան մէջ: Չէ՞ որ ատիկա դուռ կը բանայ չարամիտ մեկնաբանութիւններու: (1/5) Նոյն տեսարանին մէջ կերուխումի սեղանին վրայ շատ մօտէն ցոյց տրուած միակ ճաշը չոր լուբիան էր: Բեմադրիչը գիտէ՞ արդեօք, թէ այդ պնակը քոչուոր թուրքերու ազգային ճաշն է: Նիշը կը ձգեմ ընթերցողին:
Հարցաքննութեան տեսարանին մէջ Ն. Ք., որ նկատելիօրէն կարճ է Քաժէպէ-ի սպայէն, կը լեռնանայ եւ կը նսեմացնէ զայն` գոռալով. «Ես Գարեգին Նժդեհն եմ» (3): Բիրտ, շնական իշխանաւոր մը, որ ատակ է ըսելու «շթօ՞ էթա ժողովուրդ» (ի՞նչ է այդ «ժողովուրդ» ըսուածը) եւ կամ` իր իսկ զինուորին ուղղել ծանրագոյն հայհոյանք «… մա՛թ թվայու» (քո մա՛յրը…), տեղի կու տայ Ք. Ն.-ի հմայքին, կը հանէ իր հանգամանքի տարազը եւ կը վերածուի բարեհամբոյր, կարեկից տանտիրոջ մը: Ք. Ն.-ի հմայքը կը հաստատէ նաեւ Նազենի Յովհաննիսեանի (այլապէս անտեղի) միջադէպը: Հայաստանի հեռուստատեսութեան «կուռք»-ը երիտասարդ եւ համակրելի Արամոյէն աւելի հմայիչ կը գտնէ ատոլֆավայել պեխով տարեց Ք. Ն.-ի արտաքինը: Ապա անգամ մը եւս տեղի կ’ունենայ հրաշանման այլափոխում: Մեղմ ըսուած, թեթեւ բարոյականի տէր, անպատասխանատու եւ երաժշտականօրէն «խուլ» (4) կինը կը վերածուի հեզ եւ հայրենասէր հաւատացեալի մը, թէեւ իր ոչ ամօթխած գիշերանոցային զգեստով եւ քանդուած մազերով արտաքինը կը դառնայ աւելի վաւաշոտ: Ինչեւէ: Ինչո՞ւ սակայն Նազենիին տուած մասունքը պիտի պատկանէր օտար սուրբի (ճամբորդներու պաշտպան St. Christopher): Մելոտրամաթիքօրէն աւելի արցունքաբեր պիտի չըլլա՞ր յայտնաբերել, օրինակ, գերազանցապէս թորգոմազն Սուրբ Կարապետի խաչը: 3/5
Ք. Ն.-ի երեւանեան տան մէջ կ’իշխեն գիրքերու բազմաթիւ դէզեր, որոնք իրենց շուքին մէջ կը ձգեն առօրեայ իրերը: Բարի՛: Ինչո՞ւ սակայն Պուլկարիոյ տան մէջ կը տեսնենք լոկ երեք ցանուցիր գիրք: Պատմականօրէն ճի՞շդ էր արդեօք, որ պատերազմի թոհ ու բոհին մէջ զօրավարը աւելի լայն ժամանակ կը տրամադրէր իր գաղափարական աշխատանքներուն: 2/5
Բացման տեսարանը կոտորածի դաշտն է: Եւ այո՛, կը լսենք որբ մանկան մը հառաչանքները, «մա՜մա՜»: Քամերան գետնի մակարդակով կը մօտենայ դիակներուն, որպէսզի ցոյց տայ, որ բեմադրիչը քեչափ եւ սեւ մրուր չէ խնայած: Ներողութի՛ւն, պիտի ըսէի` որպէսզի, ըստ բեմադրական դասագիրքի, մօտիկութիւն ցոյց տայ զոհերուն: Վրայ կը հասնի Ք. Ն. եւ կու տայ իր առաջին ատենախօսութիւնը: Ան մրցանշային արագութեամբ կը տարհամոզէ այլախոհ երիտասարդ մը, որ միանայ իրեն: Պարզ չէր, թէ ինչո՛ւ այդ պեխապար թրքասէրը միակն էր, որ զէնքը ուսին եկած էր կռուի դաշտ: Պարզ էր սակայն, որ երիտասարդը հաւանաբար միայն ձեւացուց համոզուած ըլլալ, որպէսզի Ն. Ք. յանկարծ չսկսի արտասանել երկրորդ ատենախօսութիւն մը: 1/5
Քամերան առհասարակ կը շարժի աչքի մակարդակի վրայ: Այսինքն մասնակից է դէպքերուն: Բայց կան հատուկենտ վերիվայրումներ, որոնք միշտ չէ, որ արդարացուած են տրամաբանական եւ կամ գեղարուեստական տեսանկիւնէ: Այդ «հետաքրքրական» շարժումներէն մէկը կը հրամցուի Խ. Լեւոնեանի եւ իր սիրեցեալին` Անուշի առաջին տեսարանին մէջ: Նախ գետնի մակարդակով քամերան կը հետեւի Խորէնին մոյկերուն: Յետոյ յանկարծ կը «կտրա-ցատկէ» (jump cut) եւ ցոյց կու տայ աղջկան դէմքը: Ապա ծանրաբարձ կռունկի օգնութեամբ կը վերանայ եւ զոյգը կը դիտէ մօտ չորս յարկի բարձրութենէ` ցոյց տալով բանակատեղին: «Լա՛ւ, ի՛մմա՛սստտըը՜» պիտի ըսէր հայրենի դերասանը: Ներողութի՛ւն, պիտի ըսէի` որպէսզի ըստ բեմադրական դասագիրքի երկրորդ գլխուն, ցոյց տայ, որ զինուորականը (մոյկ) խելահան ըրեր էր աղջիկը (գլուխ) ռազմաճակատի վրայ (փանորամա): «Քերականակուռ » պատկերային շարահիւսութիւն: 1/5 Շարքը աւելի երկար է:
Անհասկնալի հարցեր
Տարբեր տեսարաներու մէջ առաջին գիծի վրայ կը տեսնուին պաստառը լեցնող ճերմակ լուսամփոփներ, մինչ դերակատարները կը մղուին յետին գիծ: Ի՞նչ է այդ տեսարաններուն միջեւ գտնուող տրամաբանական կապը: Եթէ հսկայ ճերմակ լուսամփոփը խորհրդանիշ է, ապա ի՞նչն է խորհրդանշեալը: 1/5
Խորէն Լեւոնեան, Նժդեհի աջ բազուկը, եւ պուլկարացի գործակալը տարբեր պայմաններու մէջ սեղանէն կը վերցնեն խնձոր մը, բայց չեն ուտեր: Ո՞ւր Է այս երկու տեսարաններուն գաղափարական զուգահեռը:
Պատժական առաջին արշաւի գիշերը մեզի նախ ցոյց տրուեցաւ լիալուսինը: Բայց չէ՞ որ շարժապատկերի ենթագիտացութեան մէջ ատիկա կապուած է բնազդներու զարթնումին հետ: Ի դէպ, ճակատամարտի տեսարանները իրենց թռչող քոնկ ֆու հարուածներով, սպաննուող թուրքերու ծամածռութիւններով, ֆէսերով եւ մասամբ նորին, կը կազմէին ժապաւէնի ամէնէն ծաղրանկարային կողմը: Նման անհեթեթ ժապաւէններ պատրաստուած էին Հոլիվուտի մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին: 0/5
Հասկնալի չէր, թէ ինչո՞ւ Ք. Ն. պուլկար գործակալին հետ ձեռք թօթուեց «ծիսական» շարժումներով: Արդեօք երկուքը կը պատկանէին ընդյատակեայ եղբայրութեա՞ն մը: Իսկ ինչո՞ւ Կեդրոնական Ասիայէն ժամանած թառը մերթ ընդ մերթ կը հնչեցնէր «Կատֆատըր» ժապաւէնի լայթմոթիվը: Արդեօք բեմադրիչը ըսել կ’ուզէ, թէ մանչուրական «Թրիատը» դե՞ր ունէր հայ-թաթարական կռիւներու հրահրման մէջ:
Ժապաւէնի միակ «սփիւռքահայ»-ը կը ներկայացուի որպէս խման, խաղամոլ եւ անսկզբունքային հաճոյամոլ մը, որ Պոսթոնի մէջ կը խօսի «ուզպեքերէն» (5): Տիպարը այսուհանդերձ ներառուած է սփիւռքային անորոշ «սուրբ գործ»-ի մը մէջ: Ցաւօք սրտի, ա՛յս կը թուի ըլլալ բեմադրիչին եւ հայաստանցի հայերու մեծամասնութեան կեցուածքը մեզի հանդէպ: 0/5
Չափազանց «յարմարաւէտ» էր երկու հարիւր պատերազմական գերիներու սպանութեան պատասխանատուութիւնը բարդել դերակատարի մը վրայ, որ ճիշդ տասը վայրկեան վերջ պիտի լքէր պատերազմի եւ կեանքի բեմը: «Կաֆ» չէ՞ր այդ արարքի անպատեհութիւնը տեսնել միայն «Աշխարհի բերանը լեզու դնել»-ու անկիւնէն: Այս ուղղութեամբ աւելի համոզիչ չէր դաւադիր թուրք «պաճի»-ներու տեսարանը, որ կ’արդարացնէր թրքական գիւղի վրայ յարձակումը: Որքանո՞վ տպաւորիչ է հարցերը ջայլամավարի գորգի տակ աւլելու քաղաքականութիւնը:
Սուրի օրհնութիւնը նախ կը դիտենք վերէն: Դերակատարները կը թուին ըլլալ մութ փոսի մը մէջ: Հանդիսատեսը կրնայ ակնկալել «մութ» արարք մը: Ապա քամերան կ՛իջնէ վար եւ ցոյց կու տայ երկնային լոյսը, որ կ՛ողողէ Նժդեհը: Բայց ինչո՞ւ օրհնել սուրը առհասարակ: Որքա՞ն անկեղծ է սքեմ կամ ճիւպպէ հագցնել ազգամիջեան եւ քաղաքական բախումներուն: Մեր շուրջ ծաղկող «աշունները» վկայ:
Հիւանդանոցի տեսարանին մէջ Նժդեհի սնարին մօտիկ կային երեք նուռեր: Հայկական շապլոն, բայց` ինչեւիցէ: Ինչո՞ւ, սակայն, այդ նուռերը գորշ ու տժգոյն էին: Միթէ հայկական ոգին կորսնցուցա՞ծ էր իր կենարար ուժը: Ինչպէ՞ս կարելի է նման գաղափար հաշտեցնել ժապաւէնի առաջադրանքին հետ: Նոյն ուղղութեամբ կը նկատենք, որ Նժդեհի (1919-ի) տան ժամացոյցը մութ էր, իսկ ճօճանակը կանգնած, մինչդեռ Քաժէպէյի ժամացոյցը ճօճանակը փայլուն էր եւ առոյգ: Ի՞նչ է այս ցաւալի հակադրութեան քաղաքական բացատրութիւնը: Ցաւոտ բացատրութիւնը ա՛յն է, որ ժապաւէնը պատրաստուած է մտացիր կամ քնաթաթախ հանդիսատեսի համար: Այլապէս բեմադրիչը պէտք է ակնկալէր, որ «իմաստաբարձ» նուռն ու ժամացոյցը ուշագրաւ կէտեր պիտի ըլլան հայ սինեֆիլի մը համար:
Շարքը, այո՛, աւելի երկար է:
Այսքան բանավիճային եւ վտանգաւոր հարցեր արծարծող ժապաւէն մը հարկ է, որ ըլլար շատ աւելի լաւ ուսումնասիրուած եւ գործադրուած: Հ. Քէշիշեանի հրամցուցած անխնամ մելոտրաման վիրաւորանք մըն է` ուղղուած մեր եւ օտարներու բանականութեան:
Էջատակեր
(1) Սրճագոյն շապիկաւորները (1934-էն ետք Schutzstaffel կամ SS) ներշնչուած էին իտալացի սեւ շապիկաւորներէն: Կ’ըսուի, թէ Ա. համաշխարհային պատերազմէն ետք մեծ քանակութեամբ սրճագոյն կերպաս մնացած էր բանակի պահեստներուն մէջ:
(2) Արամէական ծագումով խժդուժ աստուած մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ` Նիսր-ոխ: Իսկ Վակներ նացի սպաներու նախասիրած երաժիշտն էր: Այս ուղղութեամբ վերջերս ծագած է գայթակղութիւն: Խոհեմ հանդիսատեսը այդտեղ իսկ կը լքէ սրահը:
(3) «Եա Կարեկին Նժտէ՛» (ռուսերէն լեզուն չունի «հո» հնչիւնը) գոռը զուարճախօսութեան լայն դուռ բացած է Հայաստանի մէջ: Հետեւանք մը, որ համահունչ չէ արտադրողին յանձնառութեան: 0/5:
(4) Նազենի դաշնակին տուած իր անոպայ հարուածները երեւի կը համարէ երաժշտութիւն: Այդ «ելոյթ»-ը ժապաւէնին ամէնէն վիրաւորական տեսարաններէն մէկն է, որ ուղղուած է եթէ ոչ մեզի, ապա Նժդեհին, որ այդտեղ ներկայ էր: 0/5
(5) Հայաստանի մէջ այդպէ՛ս կ’որակեն արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ա՛յն համբակ խառնուրդները, որոնք ոչ մէկ լեզուի կը պատկանին: Ներողութիւն կը խնդրեմ ուզպեք ազգէն:

