Ջաւախքի Շաբթուան Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Տէր Կանգնինք Ջաւախքին» Կարգախօսով Ուսանողական-Երիտասարդական Հանդիպում

javakhk03042014Ջաւախքի նուիրուած շաբթուան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014-ի երեւկոյեան ժամը 8:00-ին, երիտասարդական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպուած այս ձեռնարկին բացումը ԶՈՄ-ի անունով կատարեց Շաղիկ Յովսէփեան, որ անդրադարձաւ այս ձեռնարկի կազմակերպման շարժառիթներուն` ամփոփ ձեւով ներկայացնելով Ջաւախքի պատմականն ու այժմու իրավիճակը: Ջաւախքին առնչուող մարտահրաւէրներուն գծով, Յովսէփեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ լիբանանահայ երիտասարդը (եւ լիբանանահայութիւնը առհասարակ) ծանօթ չէ Ջաւախքին: Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ Ջաւախքի մասին անդրադարձ չկայ, դիտել տուաւ ան: Ապա ան հրաւիրեց օրուան գլխաւոր զեկուցաբեր, յատուկ Ջաւախքէն ժամանած, Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանն ու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ-ի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յովիկ Յովհաննէսեանը:

Զրուցավար Արազ Գոճայեան փոխն ի փոխ հարցումներ ուղղեց Արտակ Գաբրիէլեանին եւ Յովիկ Յովհաննէսեանին, որոնց տուած պատասխանները լուսարձակի տակ առին Ջաւախքի ներկայ իրավիճակը, ջաւախքահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած այս ուսանողական-երիտասարդական հանդիպումին, Արտակ Գաբրիէլեան սահիկներու օգնութեամբ, թուական պատկերներով ու առարկայական հիմնաւորումներով պարզեց Ջաւախքի այժմու պատկերը, անոր պատմական կապը` Թուրքիոյ, (նախկին) Խորհրդային Միութեան թէ Վրաստանի հետ: Աշխարհագրական տարածքին անդրադառնալով` Գաբրիէլեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ հայկական Ծալկա շրջանը դիտումնաւոր կերպով եւ ժողովրդագրական հեռանկարներով անտեսուած եւ դուրս ձգուած է Ջաւախքի տարածքէն, որուն հետ ընդամէնը Ջաւախքի տարածութիւնը կը հաշուէ 8700 քառ. քիլոմեթր:

Արտակ Գաբրիէլեան յայտնեց, որ Ջաւախքի հիմնահարցը անոր ինքնավարութեան իրականացումն է: Ջաւախքի հայութեան անդրադառնալով` Գաբրիէլեան յայտնեց, որ ջաւախքահայը վրացերէնին չի տիրապետեր, երիտասարդութեան համար աշխատանք չկայ: Ջաւախեցիք կանուխ տարիքին կ՛ամուսնանան եւ բազմանդամ ընտանիք կը կազմեն: Երբ 1988-ին բռնկեցաւ «Արցախի պահանջատիրական շարժումը, նոյնանման շարժում մը բռնկեցաւ նաեւ Ջաւախքի մէջ», ընդգծեց Արտակ Գաբրիէլեան` նշելով, որ ջաւախահայ երիտասարդներ նաեւ մասնակցեցան Արցախի ազատամարտին: 1990-ական թուականներէն սկսեալ, Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը, գործակցաբար Ջաւախքի այլ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, Ջաւախքի ապագան տեսաւ ինքնավարութեան մէջ, Վրաստանի իշխանութեան ծիրին մէջ: Թուելով վրացական իրերայաջորդ իշխանութեանց կեցուածքը Ջաւախքի գծով` Գաբրիէլեան ցաւ յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները զօրավիգ չեն Ջաւախքի հայութեան պահանջներուն, աւելի՛ն, անոնք կը փորձեն լռեցնել ջաւախահայերը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայ երիտասարդութեան ու առհասարակ լիբանանահայութեան` այցելելու Ջաւախք, մօտէն ծանօթանալու անոր տարածքին ու բնակչութեան եւ սերտացնելու կապերը Ջաւախքի երիտասարդութեան հետ: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ երկու հարիւր հազար հաշուող ջաւախահայութեան երիտասարդութեան մեծ մասը իր ապագան կը տեսնէ արտասահմանի, գլխաւորաբար` Ռուսիոյ մէջ, Իսկ Ջաւախքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով` Գաբրիէլեան յայտնեց, որ վերջին 5-6 տարիներուն աշխուժացած են թուրք-ազրպէյճանական նախագիծերը, ինչպէս` Պաքու – Ճէյհան քարիւղատարը, որ կ՛անցնի ամբողջ Ջաւախքի հիւսիսային շրջանէն:

Կայ նաեւ Կարս – Ախալքալաք երկաթուղին, որ կը միտի մեկուսացնել Ջաւախքը:

Ջաւախքի հարցը պէտք է հայկական աշխուժ գործօն ըլլայ, դիտել տուաւ ան: «Ջաւախքի խնդիրը իւրաքանչիւր հայու խնդիր է», ընդգծեց Գաբրէլեան` թելադրելով անպայման կենդանացնել (Ջաւախքի) հայկական գործօնը:

Իր կարգին, Յովիկ Յովհաննէսեան իր պատասխաններուն ընդմէջէն պարզեց ՋԱՀ (Ջաւախք – Արցախ – Հայաստան) յանձնախումբի ծրագիրը Ջաւախքի գծով, որ նախ եւ առաջ կը ձգտի լիբանանահայութիւնը եւ յատապէս` լիբանանահայ երիտասարդութիւնը իրազեկ դարձնել Ջաւախքի իրավիճակին մասին: Նաեւ` աշխուժացնել Ջաւախքի հետ փոխադարձ կապը` այցելութիւններով թէ ճամբարներու կազմակերպումով:

Իրենց կարգին, ներկայ ուսանող երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին զեկուցաբերներուն` որոշ լուսաբանութիւններ խնդրելով Ջաւախքի մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES