Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Օրէնսգէտ Բժիշկին Դերը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի 2 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Օրէնսգէտ բժիշկին դերը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց օրէնսգէտ տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօսը, նշեց, թէ օրէնսգէտ կամ դատական բժիշկը այն անձն է, որ երբ մահուան պատճառը կասկածի տակ առնուած է, կը ստուգէ ու հարցախոյզը կատարելէ ետք բժշկական վկայագիր կու տայ:
Տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան դասախօսութեան սկսաւ մանրամասնօրէն խօսելով դատական բժիշկի մը իրաւասութիւններուն եւ աշխատանքային դաշտին մասին: Ան նշեց նաեւ մանուկներու իրաւունքներուն հարցը ու անոնց ապահովութիւնը պաշտպանելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ճշդելու անձի մը ինքնագիտակցութիւնը, տարբեր դատական հարցերու մէջ, ու ներկայացնելու համապատասխան բժշկական հաստատագիրը: Նշուեցաւ նաեւ, որ թունաւորման պարագաներու, դեղերու, թմրեցուցիչ դեղերու գործածութեան ու անոնց հասցուցած վնասներու արդիւնքը հաստատելու վկայագիրներ կու տայ դատական բժիշկը:
Տոքթ. Գէօմպեճեան յատկապէս բացատրեց մահուան պարագան, անոր պատճառը, շրջապատող պայմանները` իր բոլոր տուեալներով: Դատական բժիշկին իրաւասութիւնն է հաստատել, որ մահը պատահած է, եւ բժշկականօրէն ներկայացնել այդ պատահածը իր մանրամասնութիւններով:
Բժիշկը իբրեւ օրինակ սահիկներու ցուցադրութեան օգնութեամբ ներկայացուց այն պարագան, երբ մանուկը ունեցած է գլուխի հարուած: Բժշկականօրէն ի՞նչ կը պատահի եւ ի՞նչ են հետեւանքները ու ինչպէ՞ս քննել ու բացայայտել ախտանշանները, ու անոնց հիմնական պատճառը, թղթածրարը պատրաստելով ներկայացնել իրաւական մարմիններուն:
Վերջին բաժինով տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան խօսեցաւ դիահերձման պարագային մասին, ուր դատական բժիշկը ունի իր հիմնական դերը` աւարտին ներկայացնելու համար մահուան հաստատագիրը: Դիահերձումը կը կատարուի, երբ առկայ է կասկածելի երեւոյթ մը: Երկրորդ պարագան, երբ մեծահասակ անձ մը (70 տարեկանէն վեր) պիտի պատրաստէ ու ստորագրէ իր կտակը: Իբրեւ օրէնսդրական պայման, պէտք է դատական բժիշկի կողմէ հետազօտուի, քննուի, ու բժիշկին հաստատագիրին աւարտին կը ճշդուի, թէ մեծահասակ անձը բժշկականօրէն իրաւասութիւնը ունի՞ ներկայացնելու ու ստորագրելու կտակը:
Աւարտին տոքթ. Գէօմպէճեան բացատրութիւններով եւ տարբեր օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

