Հարցազրոյց` Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Անդամ ԵՒ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

hampig-interviewԻնչպէս ծանօթ է, այսօր` ուրբաթ, 4 ապրիլին կը սկսին Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ երբ 19 ապրիլին մրցումները աւարտին, կը յստականան անունները այն երկու խումբերուն, որոնք պիտի բարձրանան Բ. դասակարգ:

Այս իրականութենէն մեկնելով եւ այդ մրցումներուն նախօրեակին, շահեկան հարցազրոյց մը ունեցանք Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեանի հետ:

Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր կատարած այս իրագործումին համար: Ինչպէ՞ս կրնաք քանի մը նախադասութեամբ ամփոփել երթուդարձին արձանագրուած արդիւնքը:

ՀԱՄԲԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ.- Ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, Գ. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի, իւրաքանչիւրը` վեց խումբ: Բնականաբար, շատ դժուար է գրաւել խմբակին առաջին դիրքը, բայց եւ այնպէս ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, իրենց մօտ ունենալով պայքարի ոգի եւ յաղթելու վճռակամութիւն, յաջողեցան շրջանցել այս հանգրուանը եւ հանդիսանալ Բ. խմբակի ախոյեան: Կ՛ուզենք, որ նոյն այս ընթացքը շարունակուի նաեւ փլէյ-օֆի մրցումներուն եւ ՀՄԸՄ-ի ոգին ներկայ ըլլալով մարզիկներուն մօտ, խումբը բարձրանայ Բ. դասակարգ:

«Ա.».- Ինչպէս նկատեցինք, այս մրցումները տեղի կ՛ունենան չէզոք դաշտերու վրայ: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս ուղղութեամբ:

Հ. Մ.- Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն առաջ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ակումբներուն փոխանցեց իր կիրարկելիք օրէնքները, որոնց կարգին նաեւ` ձեր նշածը: Մրցումները կը նմանին բաժակի մրցաշարքի մրցումներուն, այսինքն` տեղի կ՛ունենան չէզոք դաշտերու վրայ: Իւրաքանչիւր խումբ պիտի կատարէ երեքական մրցում, ապա ըստ անոնց գրաւած դիրքերուն, դասաւորման առաջին երկու դիրքերը գրաւողները պիտի բարձրանան Բ. դասակարգ:

«Ա.».- ՀՄԸՄ-ի երեք մրցակիցներուն մասին ի՞նչ կրնաք ըսել:

Հ. Մ.- Իւրաքանչիւր խումբ, որ խումբն ալ ըլլայ անիկա, կը ձգտի տալ իր առաւելագոյնը: Մեզի նման, անոնք եւս արձանագրելով լաւ արդիւնքներ, հասան փլէյ-օֆի հանգրուանին: Մենք պիտի չնայինք անոնց անուններուն, թէ անոնք Իսլահ Պըրժ Շիմալի, Շարք կամ Շապապ Հումին Թահթա են: Մեր նպատակակէտն է առաւելագոյն կէտերը ապահովել մեր մրցակիցներէն եւ կիրարկելով խմբային խաղաոճ, ապահովել Բ. դասակարգի մեր տոմսը:

«Ա.».- Խումբին պիւտճէին մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Հ. Մ.- Մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու պէտք չունիմ, բայց մէկ բառով կու գամ ըսելու, որ մեր պիւտճէն համեստ էր: Կարգ մը խումբեր մեր կրկնապատիկը պիւտճէ մը յատկացուցած էին, սակայն ձախողեցան մեր կատարածը իրագործել: Մենք վստահեցանք մեր երիտասարդ տղոց վրայ, որովհետեւ երբ կայ ՀՄԸՄ-ական ոգի, կրնանք շատ մեծ իրագործումներ կատարել:

«Ա.».- Խումբին ներքին մթնոլորտին մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Հ. Մ.- Մեր կազմին մէջ կը տիրէ շատ սքանչելի մթնոլորտ մը, որովհետեւ մարզիկ-մարզիչ-պատասխանատու փոխյարաբերութիւնները կը գտնուին իրենց գագաթնակէտին վրայ: Իւրաքանչիւր անձ իր պարտականութիւնը կը կատարէ բծախնդիր կերպով, իւրաքանչիւրը ունի իր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ բոլորն ալ կ՛աշխատին մեծ նուիրումով` ի շահ ՀՄԸՄ-ին:

«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն…

Հ. Մ.- Լիբանանի ֆութպոլի մարզական կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ի համակիրները աննման եւ տիրական ներկայութիւն են: Այս գծով բոլորն ալ տեղեակ են եւ միշտ գովասանքով կ՛արտայայտուին մեր մասին:

Արդեօք որեւէ խումբ շաբաթ մը առաջ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն նման կրնա՞յ ունենալ նոյն խանդավառութիւնը: Եւ ասիկա` Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն: Հապա եթէ պատահի, որ ՀՄԸՄ գտնէ իր երբեմնի օրերը` վերադառնալով Ա. դասակարգ (որուն գծով կը մնանք յուսալից), պէտք պիտի ունենանք դաշտին բոլոր թրիպիւններուն: Իսկապէս որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները աննման են:

«Ա.».- Արդեօք իրաւարարներուն գծով ի՞նչ կարելի է ըսել:

Հ. Մ.- Ֆետերասիոնը այս տարեշրջանին նախօրեակին քիչ մը խիստ եղաւ իրաւարարներուն նկատմամբ: Անոնք, որոնք կը թերանան իրենց պարտականութեան մէջ եւ կը սխալին, կը ստանան իրենց պատիժը` կախակայուելով մրցումներէ: Շատ հաւանաբար այս գծով բոլորը տեղեակ չեն, սակայն անոնք վստահաբար կը ստանան համապատասխան պատիժներ: Վերջաւորութեան անոնք ալ մարդ արարածներ են եւ կրնան սխալիլ:

«Ա.».- Հարցազրոյցին աւարտին արդեօք որեւէ բան մը ունի՞ք աւելցնելիք:

Հ. Մ.- Նախ եւ առաջ յատուկ շնորհակալութիւններ «Ազդակ»-ին, որ այս հարցազրոյցին ընդմէջէն առիթը տուաւ, որ ըսենք մեր խօսքը: Բնականաբար «Ազդակ»-ին միջոցով է, որ իւրաքանչիւր մրցումի մասին մանրամասն տեղեկութիւն կը փոխանցուի ընթերցողներուն:

Յատուկ շնորհակալութիւն «Վանայ ձայն»-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդին եւ անշուշտ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան, որ Պուրճ Համուտի մարզադաշտը կը տրամադրէ ՀՄԸՄ-ի կատարելիք մրցումներուն:

Վերջապէս, փափաքս է, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք խումբին թիւ 12-րդ մարզիկն են, ընկերանան անոր եւ ներկայ գտնուին փլէյ-օֆի մրցումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES