Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 4 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի մրցումը:

Նոյն ժամուն, սակայն Ահտի դաշտին վրայ, տեղի կ՛ունենայ Շապապ Հումին Թահթա – Շարք մրցումը, որ կ՛իյնայ նոյն շրջագիծին մէջ:

Փլէյ-օֆի այս մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան դասաւորման ձեւով, չորս խումբերը պիտի կատարեն երեքական մրցում, որմէ ետք կը յստականան Բ. դասակարգ բարձրացող խումբերը, որոնք պիտի գրաւեն առաջին երկու դիրքերը:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բոլոր տուեալները ունի յաղթելու իր երեք մրցակիցներուն ալ` նկատի ունենալով, որ ունի զօրաւոր կազմ եւ անշուշտ` իր համակիրներու բանակը, որ խումբին թիւ 12-րդ մարզիկը ըլլալով միշտ ներկայ է եւ զօրավիգ կը կանգնի իր խումբին:

Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Սաֆայի դաշտը, որպէսզի քաջալերենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ միասին կերտենք յաղթանակը:

Այս մրցումէն ետք ՀՄԸՄ յաջորդաբար պիտի մրցի Շարքի (կիրակի, 13 ապրիլ) եւ Շապապ Հումին Թահթայի (շաբաթ, 19 ապրիլ) դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES