Տաւութօղլու. «Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Յարաբերութիւնները Շուտով Պիտի Կարգաւորուին»

Davutoglu0304«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իսրայէլեան «Կոլ Իսրայէլ» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին, ատիկա կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ «օրերուն, շաբաթներուն կամ ամիսներուն» ընթացքին:

Տաւութօղլու ըսած է, որ իսրայէլեան կողմին հետ գոյացած է համաձայնութիւն 31 մայիս 2010-ին թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւու` իսրայէլացի զինուորներու կողմէ գրաւման ընթացքին մահացած թուրքերու ընտանիքներուն փոխհատուցումներ վճարելու շուրջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ըսած է, որ Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ մերձեցման կ՛օժանդակէ յառաջխաղացքը պաղեստինցիներուն օգնութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES