Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի ստորագրութեամբ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ 18, 19 եւ 21 ապրիլը պետական արձակուրդ նկատուեցան, Աւագ ուրբաթ օրուան եւ Ս. Զատկուան տօնին առիթով:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը բոլորին յարգանքին արժանի է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց ձերբակալելու իսլամ շէյխեր եւ քարոզիչներ Օմար Պաքրի Ֆըսթոքը եւ Շահհալը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող դրական մթնոլորտը պէտք է նախագահական ընտրութիւնը կայացնելու դրական ազդակ մը ըլլայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան հաստատեց, որ ցարդ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներու անուններ շրջանառութեան մէջ չեն դրուած:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յաջող նիստ մը կազմակերպելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ կը գտնուին տասնեակ ինքնաշարժներ, որոնք կը պատրաստուին Պէյրութն ու անոր արուարձանները ահաբեկչական նոր ալիքի դէմ յանդիման զետեղելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ տիրող պատնէշները քանդուին եւ կարելի ըլլայ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ գնահատեց Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ձերբակալել բոլոր յանցագործները, որոնց դէմ բերման գիրեր արձանագրուած են:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտ եւ կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ փախուստ տուած են դէպի Միացեալ Նահանգներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը հանրապետութեան նախագահութեան համար մէկ թեկնածու պիտի ունենան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Լիբանանը պիտի առաջնորդէ դէպի անիշխանութիւն, եթէ ինքզինքին համար չկարենայ հանրապետութեան նախագահութիւնը երաշխաւորել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, եկեղեցական աղբիւրներ կոչ ուղղած են կազմելու յանձնախումբ մը, որ հետապնդէ Սուրիոյ բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցի բանտարկեալներուն թղթածրարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ կոչ ուղղեց հետապնդելու աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրները, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը սնանկանալու սեմին կը գտնուի:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ յատուկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին լիբանանեան բանակին հետ ճակատ մը բանալու հաւանականութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է ճշդուած թուականին կատարուի: Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան Մարատա հոսանքի թեկնածուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա սկսած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ վարուիլ իբրեւ նախկին նախագահ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մտահոգ է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան խորհրդարանի նիստը պոյքոթի ենթարկելու հաւանական քայլով:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի կատարեալ մանրամասնութեամբ, առանց փամփուշտ մը իսկ արձակելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը շատ լուրջ է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժորժ Քորմ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումին վաւերացումը դրական արդիւնքներ պիտի ձգէ երկրին տնտեսութեան վրայ, հակառակ Տնտեսական խորհուրդներուն սպառնալիքներուն եւ զգուշացումներուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը հակազդեցութիւն չէ, այլ` քաղաքական ծրագիր մը, որուն նպատակն է տկարացնել պետութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները, որոնք պոյքոթի ենթարկեցին Ազգային երկխօսութեան նիստը, կը մերժեն երկխօսութեան սկզբունքը:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ազգային երկխօսութեան նախանցեալ օրուան նիստը հրաժեշտի նիստ էր:

