Վատիկանեան Պատուիրակութիւն Մը Ժամանած Է Լիբանան

Վատիկանի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ֆրանչիսկոս պապին յանձնարարութեամբ Լիբանան ժամանած է վատիկանեան պատուիրակութիւն մը, որ այցելութիւններ կատարած է Լիբանանի մէջ պապական նուիրակին կեդրոնատեղին, Պքերքէ, ինչպէս նաեւ կարգ մը մարոնի ղեկավարներու:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, վատիկանեան այդ պատուիրակութիւնը պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ` երեսփոխանական տարբեր պլոքներու հետ, ընդգծելու համար նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Վատիկանեան պատուիրակութեան պատրաստած տեղեկագիրին հիման վրայ Ֆրանչիսկոս պապը Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ հետ պիտի սկսի բանակցութիւններու` վերացնելու համար նախագահական ընտրութեան կայացումը արգելակող միջազգային խոչընդոտները:

Վատիկանեան պատուիրակութիւնը պիտի շեշտէ հիմնական երեք կէտեր, որոնք են. ա) նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարել` կանխարգիլելով անիշխանութիւնը, բ) մարոնիները լաւագոյնս ներկայացնող կամ մարոնի համայնքին եւ քրիստոնեաներուն մօտ ժողովրդականութիւն վայելող թեկնածուն հասցնել նախագահի դիրքին եւ գ) եթէ ներկայացուցչութեան առումով հզօր թեկնածու մը գոյութիւն չունի, ապա ուղղուիլ ընտրելու մարոնի համայնքի պատմական ուղեգիծին հետեւող չափաւորական անձնաւորութիւն մը:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ 10 ապրիլէն ետք, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Մամպերթի ժամանէ Պէյրութ եւ հետեւի վերոնշեալ պատուիրակութեան տարած աշխատանքներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES