Խորհրդարանը Երրորդ Օրն Ըլլալով Գումարեց Օրէնսդրական Իր Նիստը

Օրէնսդրական նիստէն պահ մը
Խորհրդարանը երէկ երրորդ օրն ըլլալով, կէսօրէ առաջ ժամը 10:45-ին գումարեց օրէնսդրական իր լիագումար նիստը` նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը օրինագիծեր, որոնց մէկ մասը վաւերացուեցաւ, իսկ կարգ մը օրինագիծեր յաւելեալ քննարկումի համար յետաձգուեցան:
Օրէնսդրական նիստին առաջին քանի մը վայրկեաններուն ընթացքին արդէն իսկ ձախողեցաւ վաւերացումը համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծին, որ ներկայացուած էր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերի կողմէ:
Անդրադառնալով այս օրինագիծին ձախողութեան` խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ ինք համամասնական ընտրական օրէնքի բուռն զօրակիցներէն է, սակայն ինք կ՛ենթարկուի խորհրդարանին կամքին:
Պըրրի պահանջեց ընտրական օրինագիծերը նկատի ունենալ յաջորդ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի գումարուելիք օրէնսդրական նիստերու օրակարգերուն վրայ:
Ան աւելցուց նաեւ, որ անհրաժեշտ է առաջնահերթութիւն ընծայել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներու օրինագիծին վաւերացումին:
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ առաջարկուած` 13 հոկտեմբեր 1990-ի դէպքերէն ետք բանակային ծառայութենէն ազատ կացուցուած սպաներուն արդարացման օրինագիծին վերաբերեալ արձանագրուեցաւ սուր բանավէճ մը, յատկապէս երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլի եւ Ասեմ Քանսոյի միջեւ:
Ժեմայէլ համաձայն գտնուեցաւ օրինագիծին` նշելով, որ սուրիական բանակը բռնագրաւող երկրի մը բանակն է:
Քանսօ պատասխանեց Ժեմայէլին շեշտելով, որ օրին Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մաս կը կազմէր կառավարութեան, ապա Պըրրի միջամտեց եւ պահանջեց ատենագրութենէն ջնջել սուրիական բանակին տրուած Ժեմայէլի բնորոշումը:
Իսկ օրինագիծը փոխանցուեցաւ խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն` վերատեսութեան ենթարկելու նպատակով:
Խորհրդարանը դէմ քուէարկեց նաեւ Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցած օրինագիծը, որուն հիման վրայ ոչ լիբանանցիները կրնան Լիբանանի մէջ կալուածներ գնել:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրապիմ Քանաան պահանջեց յաջորդ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք օրէնսդրական նիստերուն ընթացքին վաւերացնել քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կամաւորները պաշտօնեաներու վերածելու օրինագիծը:
Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար կառավարութենէն պահանջեց Պաալպեք-Հերմել շրջաններուն համար նահանգապետներ նշանակել:

