Սուրիոյ Բանակը Յարձակած Է Քեսապի Մէջ Գտնուող Զինեալներու Հաւաքատեղիներուն Դէմ
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Լաթաքիոյ տեղեկատուական ցանցի դիմատետրեան էջը, կը հաղորդէ, որ Լաթաքիոյ գիւղերուն մէջ կը շարունակուին բախումները Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ:
Քեսապի Ժապալ Նսըր շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին տասնեակ զինեալներ սպաննուած եւ վիրաւորուած են: «Շամ Իսլամ» շարժումը յայտարարած է, որ երկու օր առաջ, վիրաւորուելէ ետք մահացած է իր ղեկավարներէն Ապու Ահմետ Մաղրիպին: Ան Աֆղանիստանի մէջ արաբ ժիհատական կոչուած անձնաւորութիւններէն մէկն էր եւ արգելափակուած էր Կուանթանամոյի ճամբարին մէջ:
Աղբիւրին տեղեկութեամբ, 2 ապրիլին Քեսապի շրջանին մէջ ուժգին պայթումներու ձայներ լսուած են: Բանակը յարձակած է Քանթարա, Պէյթ Շուրուք եւ Ժապալ Քուզ շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալներու հաւաքատեղիներուն դէմ:
CATEGORIES Հայկական

