Քեսապի Հարցով. Հազարէ Աւելի Աւստրալիահայեր Կը Բողոքեն Թուրքիոյ Դերակատարութեան Դէմ

Sydney0304Սիտնիի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց կազմակերպուեցաւ ցոյց մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 1000 հայորդիներ:

Ցուցարարները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով քեսապահայութեան` թրքական հիւպատոսարանին դիմաց բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` «Քաշեցէ՛ք ձեր ձեռքերը Քեսապէն», «Թուրքիան մեղաւոր է…» եւ այլն, ինչպէս նաեւ պահանջեցին Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկել` իր երկրէն ծայրայեղ իսլամականներուն Սուրիա մուտքը ապահովելու համար:

«Ասիկա անընդունելի է, մենք չենք կրնար անգործ նստիլ, երբ Թուրքիան առանց խղճի խայթի կը շարունակէ իր հալածանքները հայերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ», նշած է ցոյցը կազմակերպած ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի ներկայացուցիչ Արամ Թուֆենկեան:

 

Share this Article
CATEGORIES