Քեսապահայութեան Բռնի Տեղահանման Դէմ` Յունահայութիւնը Բողոքի Նամակ Յանձնեց Յունաստանի Մօտ Ամերիկայի Դեսպանութեան
Չորեքշաբթի, 2 ապրիլի կէսօրուան ժամերուն, Յունաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մէջ, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, հանդիպում տեղի ունեցած է յունահայ գաղութը եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող եռանդամ պատուիրակութեան մը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան պաշտօնատարներու միջեւ:
Եռանդամ պատուիրակութիւնը կը բաղկանար յունահայոց առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի ներկայացուցիչ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեանէ, յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանէ եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Աւագեանէ: Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան քաղաքական հարցերու բաժանմունքի պետ Փեկի Ուոքըրի եւ դեսպանութեան քաղաքական հարցերու պաշտօնակատար Քրիստինա Լէի կողմէ:
Հանդիպումին նպատակն էր Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Փիրսին եւ իր միջոցով Միացեալ Նահանգներու պատկան մարմիններուն փոխանցել քեսապահայութեան բռնի տեղահանման ու Քեսապի բռնագրաւման հարցին կապակցութեամբ Թուրքիոյ մեղսակցութեան փաստերը եւ խնդրել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ճնշիչ դերակատարութիւնը եւ սկզբունքային դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ:
Նամակին մէջ ներկայացուած մանրամասն տեղեկութիւններ, ուր դիտել կը տրուի Քայիտայի ահաբեկչական խմբաւորման հետ առնչութիւն ունեցող զինեալներու ներկայութիւնը Քեսապի մէջ, որ Կիլիկեան Հայաստանի մաս կազմած պատմական քրիստոնէական բնակավայր է:
Նամակի բովանդակութեան առընթեր, պատուիրակութեան անդամները կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծեցին հարցին բոլոր կողմերը` համոզում յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգները ուժն ու կարելիութիւնը ունին կասեցնելու Թուրքիոյ մեղսակցութիւնն ու դերակատարութիւնը Քեսապի գրաւման դէմ:
Շեշտուեցաւ նաեւ մարդասիրական օգնութեան անհրաժեշտութիւնը` Քեսապէն այլ շրջաններ ապաստանած հայութեան համար:
Երկու պաշտօնատարները իրենց կարգին դիտել տուին, թէ Միացեալ Նահանգներ շարունակաբար կը զբաղին Սուրիոյ պատերազմի եւ ժողովուրդին դիմագրաւած ծանր պայմաններով, մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելով:
Յաջորդաբար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան յունահայ համայնքի եւ կառոյցներու գործունէութեան վերաբերեալ: Ի մասնաւորի երկու պաշտօնատարները հետաքրքրութիւն ցոյց տուին գաղութի գործունէութեան շուրջ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ երկու պաշտօնատարներուն պատրաստակամութեան համար. անոնք ստանձնեցին նամակը Միացեալ Նահանգներու դեսպանին անմիջապէս փոխանցելու պարտականութիւնը:
Նամակներ` Եւրոպացի Երեսփոխաններուն
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը Քեսապի հարցով նամակներ յղեց Եւրոպական խորհրդարանի յոյն եւ կիպրացի երեսփոխաններուն` քեսապահայութեան տեղահանման հարցին բոլոր տուեալները պարզելով, Թուրքիոյ մեղսակցութեան դերակատարութիւնը մատնանշելով եւ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքային կեցուածք պահանջելով:
Թռուցիկներու Բաշխում Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ
Քեսապի հարցին մասին յոյն հասարակութիւնը տեղեակ պահելու նպատակով, ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը այսօր Նէա Զմիռնիի, Աթէնքի Քորայի եւ Թեսաղոնիկէի Արիստոտելուս հրապարակներուն վրայ թռուցիկներ պիտի բաժնէ` բողոքելով Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ միջազգային քաղաքական հանրութեան անտարբերութեան դէմ:

