Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Հարց. «Եթէ Իշխանութիւնները Չեն Կրնար Կամ Չեն Ուզեր Բացայայտել, Պէտք Է Հեռանան»

Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան առաջին տարելիցին առիթով երէկ Պռօշեան գիւղին մէջ կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով, յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը մտահոգ է եւ դժգոհ, որովհետեւ մինչեւ հիմա որեւէ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ եւ իշխանութիւնները այս խնդիրը իր ամբողջ էութեամբ եւ բովանդակութեամբ չզգացին, չգնահատեցին եւ չհասկցան, որ ասիկա պարզ սպանութիւն չէ: Ռուստամեան շեշտեց, որ այս սպանութիւնը լուրջ քաղաքական դրդապատճառներ ունէր եւ կատարուած էր յստակ նպատակով` կասեցնել Հրաչ Մուրատեանի պաշտօնավարումը: Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, Մուրատեանի շուրջ միշտ կը տիրէր սպառնալիքներու, ճնշումներու, ահաբեկումներու մթնոլորտ, բայց ան այն տեսակէն չէր, որ նահանջէր: Ռուստամեան յայտնեց, որ վերջին ճիգերը գործադրեցին, որպէսզի ընտրութիւններու ժամանակ կարենան Մուրատեանը հանել պաշտօնէն, սակայն չյաջողեցան, եւ կատարեցին այս տմարդի արարքը: «Այս ոճիրը իր մէջ շատ լուրջ հետեւանքներ ենթադրող եւ բովանդակութիւն պարունակող ոճիր է, բայց իշխանութիւնները այդպէս չգնահատեցին, չհասկցան, որ ասիկա հարուած է ոչ միայն Հրաչին, անոր մերձաւորներուն, ընտանիքին, այլ նաեւ մեր պետութեան, մեր երկրին, մեր հեռանկարին, որովհետեւ, եթէ հայրենիքի պաշտպանը իր երկրին մէջ պաշտպանուած չէ, ալ ի՞նչ խօսինք մնացեալներուն պաշտպանութեան մասին: Ասիկա իսկապէս պատիւի գործ պիտի դառնար իշխանութիւններուն եւ պետութեան համար, եթէ մենք իսկապէս ունինք այնպիսի պետութիւն եւ իշխանութիւն, որ իր ժողովուրդի հոգերով կ՛ապրի: Բայց այս մէկ տարին ցոյց տուաւ, որ ատիկա այդպէս չէ», ընդգծեց Ռուստամեան:

Պատասխանելով «Առաւօտ»-ի այն հարցումին, որ ինչո՞վ կը բացատրուի այն փաստը, որ օր ցերեկով, գիւղի կեդրոնը կատարուած ոճիրը չի բացայայտուիր` արհեստավարժութեան պակա՞ս կայ, թէ՞ ցանկութիւնը կը բացակայի, Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ երկու պարագաներն ալ ներկայ են` թէ՛ ցանկութիւն չկայ, թէ՛ արհեստավարժութեան պակաս կայ եւ ասիկա կը նշանակէ, որ իրենց օրով այս ոճիրը պիտի չբացայայտուի: Ռուստամեան նշեց, որ պէտք է այս իշխանութիւնները օր առաջ հեռանան, որպէսզի գայ այնպիսի իշխանութիւն մը, որ կարենայ բացայայտել, եւ ինք վստահ է, որ եթէ իշխանութիւնները համապատասխան կամք դրսեւորէին, մէկ տարին բաւարար էր, որպէսզի ցերեկով կատարուած սպանութիւնը բացայայտուէր: «Մենք անցած ենք բոլոր ատեաններով, անցած ենք ոստիկանութիւն, դատախազութիւն, հետաքննչական մարմիններ, հասած ենք մինչեւ նախագահ: Ըսած ենք, որ ասիկա ձեր պատիւի հարցն է, մէկ կողմ դրէք ամէն ինչ եւ այս հարցը դարձուցէք գլխաւոր հարցերէն մէկը, որովհետեւ ասիկա ամբողջութեամբ իշխանութիւններու, պետական մարմիններու նկատմամբ անվստահութեան լուրջ հիմքեր կը ստեղծէ: Եւ մեզի ամէնէն բարձր մակարդակով, ամենայն լրջութեամբ վստահեցուցած էին, որ պիտի իրականացուին բոլոր կարելի միջոցներով գործողութիւնները, որպէսզի բացայայտումը անխուսափելի դառնայ, բայց կը տեսնենք, որ ոչ մէկ շարժում կայ: Ուրեմն այդ իշխանութիւնները իսկապէս կա՛մ չեն ուզեր, կա՛մ չեն կրնար, երկու պարագային ալ պէտք է հեռանան», ըսաւ Ռուստամեան:

Share this Article
CATEGORIES