«Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամներու Մեծ Մասը Անհանգստացած Է Քեսապի Դէպքերով» Կ՛ըսէ Փաուըր

power-schiffԱմերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սամանթա Փաուըր` պատասխանելով քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հարցումին, յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն մեծ մասը արդէն «արծարծած է» վերջին օրերուն Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ աւանի գրաւման հարցը, որ «մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ»: Ան Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղած է քեսապահայութեան կարիքները հոգալու համար «աւելին կատարելու»` աւելցնելով. «Պէտք է նշեմ, որ Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը, դժբախտաբար, քաղաքը գրաւած ծայրայեղական խմբաւորումներուն վրայ ազդելու այնքան ալ լծակներ չունին»:

Փաուըր նշած է, որ իրենք ներկայիս շեշտը կը դնեն այդ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ ճակատող սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան աջակցութեան վրայ եւ կ՛ուզեն ապահովել, որ ՄԱԿ-ը ունի անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը` հոգալու «այս պարագային սուրիահայ համայնքին» կարիքները: «Ուստի, կը զօրացնենք չափաւորական ընդդիմութիւնը, որ կը ճակատի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, նոյնինքն այն խմբակը, որ կը թուի այդ աւանը գրաւած ըլլալ, եւ ապահովել, որ դրացիներէն ոչ մէկը կ՛աջակցի ահաբեկչական կամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն, ինչ որ կը նպաստէ այդպիսի գրաւումներ կատարելու անոնց ջանքերուն», նշած է Փաուր:

Ամերիկայի Հայ դատի մարմինի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը նշէ. «Մենք կը միանանք Քալիֆորնիոյ եւ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու հայութեան` շնորհակալութիւն յայտնելու քոնկրեսական Շիֆին` դեսպան Փաուըրին առջեւ Քեսապէն վտարուած հայերու վիճակի մասին արտայայտուելու համար: Մենք կը գնահատենք դեսպան Փաուըրի յայտարարութիւնը, թէ Քեսապը խիստ մտահոգիչ խնդիր է, եւ անոր տուած մեկնաբանութիւնը Քոնկրեսին` ծայրայեղ իսլամականներու գործողութիւններուն պատճառով տեղահանուած հայ քաղաքացիներուն օգնելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ջանքերուն մասին»:

 

Share this Article
CATEGORIES