Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Իր Հրաժարականը Ներկայացուց
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ իր հրաժարականը ներայացուց: Վարչապետին ներկայացուցած հրաժարականը Հանրապետական կուսակցութեան նիստին ընթաքին քննարկուելէ ետք ընդունուեցաւ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայացուցած է հրաժարականի դիմում», յայտարարած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով: Ան նշած է, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ վարչապետը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ:
«Տակաւին մէկ ամիս առաջ վարչապետը հանրապետութեան նախագահէն խնդրած էր, որ զինք ազատ կացուցէ վարչապետութեան պաշտօնէն, սակայն նկատի ունենալով, որ վարչակազմը Մաքսային միութեան հետ բանակցութիւններու մէջ էր, ինչպէս նաեւ կուտակային կենսաթոշակներու խնդիրը Սահմանադրական դատարանին մէջ քննութեան կ՛ենթարկուէր, հանրապետութեան նախագահը խնդրած էր, որ վարչապետը իր աշխատանքները շարունակէ», յայտնած է Էդուարդ Շարմազանով:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան բանբերը նշած է նաեւ, որ վարչապետը իր հրաժարականը ներկայացուցած է անձնական նախաձեռնութեամբ:
Տիգրան Սարգսեան «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, որ հրաժարականի որոշումը «հասունցած էր եւ խորապէս գիտակցուած»:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնց հետ աշխատած եմ, նախ` հանրապետութեան նախագահին, որ վարչապետի բարձր պաշտօնը ինծի վստահեցաւ: Նոր կառավարութեան կը մաղթեմ հայրենանուէր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք», գրած է վարչապետը:
Տիգրան Սարգսեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է 9 ապրիլ 2008-ին, իսկ 2 յունիս 2012-ին վարչապետ վերանշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով:

