Ճատրակ. Լիլիթ Մկրտիչեան` Գերմանիոյ Ակումբներու Ախոյեան

lilit.0304Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի անդամ կրանտմասթըր Լիլիթ Մկրտչեան, որ մաս կազմեց Պատ Քոնիկզհոֆըն ակումբին, Գերմանիոյ ճատրակի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն իր ակումբին հետ հանդիսացաւ ախոյեան:

Աւարտական մրցումին անոր ակումբը 3,5-2,5 արդիւնքով յաղթեց տիտղոսի գլխաւոր թեկնածու նկատուող Պատեն – Պատեն խումբին:

Լուրը հաղորդած Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (armchess.am) եզրափակեց նշելով, որ ճակատագրական եւ վերջին մրցումին Մկրտչեան յաղթեց կրանտմասթըր Աննա Զաթոնսքիհի:

 

Share this Article
CATEGORIES