Լեւոն Հայրապետեան Կը Միանայ Ընդհանուր Խումբին

hayrabedian.0304Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան, որ նախորդ փետրուարին պայմանագիր մը կնքեց չեխական Փրիպրամ խումբին հետ, ցարդ իր նորամուտը չէ նշուած անոր հետ:

Հայրապետեան, որ նախորդ մարտին վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այժմ ամբողջութեամբ ապաքինած է, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը:

Հայրապետեան երէկ ArmSport.am-ի թղթակիցին ըսաւ, որ սկսաւ իր փորձերուն` ընդհանուր խումբին հետ:

«Այսօր ախոյեանութեան գծով մեր կազմը մրցում մը ունի կատարելիք, որմէ եւս պիտի բացակայիմ: Կը յուսամ սակայն, որ անիկա ըլլայ վերջին բացակայիլս, որովհետեւ խմբակիցներուս միանալը շատ կարեւոր է», ըսաւ Հայրապետեան:

Նշենք, որ Չեխիոյ ընթացիկ ախոյեան, Փրիպրամ 23 կէտով կ՛եզրափակէ լաւագոյն տասնեակը:

 

Share this Article
CATEGORIES