Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կը զգաք, թէ պէտք ունիք մաքուր օդի, բնութեան բարիքին, այն ատեն դուրս ելէք տունէն, ճամբան առէք եւ կը գտնէք խաղաղ անկիւն մը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խենթութիւն մի՛ ընէք եւ դրամ մի՛ մսխէք վաճառատուներու շուրջը դեգերելով: Աւելի լաւ է, որ սպասէք եւ պէտք եղած ատեն կատարէք ձեր գնումները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր աշխատելու ձեր տրամադրութիւնը զօրաւոր է: Պիտի կարենաք քիչ ժամանակի մէջ շատ գործեր կատարել եւ փրկուիլ պարտաւորութիւններէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ յոգնած կը զգաք, հանգստացէք` առանց յաւելեալ պարտականութիւն ստանձնելու: Շաբաթավերջը հանգիստի համար է, օգտուեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի պիտի առաջարկեն կատարել աննախընթաց աշխատանք մը: Պիտի ընդունիք եւ այս նորութիւնը ձեր մէջ պիտի զօրացնէ ինքնուրոյն աշխատանք կատարելու փափաքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր դրամական հարցերը զարգացնելու համար նոր որոշում պիտի տաք եւ պիտի յաջողիք: Պիտի կարենաք ինքնավար մնալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ֆիզիքական հանգիստի պէտք ունիք: Եթէ կը սիրէք եոկա ընել, լաւ է: Նոյն ատեն կրնաք հանգստանալ տան մէջ ընթերցանութիւն կատարելով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օգնեցէք ձեզի մօտիկ անձի մը, որ պէտք ունի պետական կամ պաշտօնական թուղթեր պատրաստելու, կամ` դրամատնային հաշիւ մը կատարելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր կողակիցին, նշանածին կամ ընկերոջ հետ նոյն կարծիքը պիտի չունենաք: Կրնաք հակառակիլ իրարու, բայց ջանացէք մեղմել ձեր դիրքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Չափազանցութիւններէ հեռու մնացէք: Ամէն ինչ կատարեցէք ընդունելի չափով, ինչպէս որ կ՛ընէ ամէն մարդ: Գիտակից մնացէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մարզանքով պիտի զբաղիք այս շաբաթավերջին, ձեր սիրած մարզաձեւը կիրարկելով: Այս պիտի ըլլայ ձեզի նոր եռանդ տուող տրամադրութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ընտանեկան յարաբերութիւնը պիտի զարգանայ, եւ պիտի ունենաք իրարու հետ նոր կապ մը ստեղծելու առիթ: Հարազատներու հետ մնացէք միշտ սիրալիր, օտարին մի՛ վստահիք, իրարմով ուրախացէք:

