50 Տարի Առաջ (5 Ապրիլ 1964)

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Համայնավար երկրի մը մէջ նախարարական կազմը ժողովի մէջ էր: Երկրագործական նախարարը յուսահատ վիճակ մը ունէր:

Բերքը տկար էր, թրաքթորները կոտրուած էին, Մարդկային ուժը յուսախաբ էր հաւաքական ագարակներուն մէջ, մէկ խօսքով` դժուարութիւններուն վերջ չկար:

Պաշտօնակիցներէն մէկը կը փորձէր յոյս տալ իր ընկերոջ. «Զուարթ եղի՛ր, ընկե՛ր, այս բոլորը ժամանակաւոր են, կասկած չկայ, թէ համայնավարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ»:

Նախարարը սարսափահար` «Ի սէր երկնքի, այդպէս մի՛ խօսիր, այդ ժամանակ ուրկէ՞ պիտի ներածենք մեր ցորենը:

***

Ռումանացի տանտիկին մը Պուքրէշի մէջ նպարավաճառատուն մը կը մտնէ եւ պաշտօնեային կ՛ըսէ.

– Հարիւր կրամ թէյ կու տա՞ք:

– Ռուսակա՞ն կ՛ուզէք, թէ՞ չինական,- կը հարցնէ պաշտօնեան:

Պահ մը մտածելէ ետք կինը կը պատասխանէ.

– Ոչ մէկը: Ծրարիկ մը սուրճ տուէք աւելի լաւ է:

***

Ռուսական գիւղի մը մէջ, օրուան չարաչար աշխատանքէն ետք, երկու բանուորներ գինետան մը մէջ վոտկա կը խմեն: Երկուքն ալ տխուր են եւ անխօս: Միայն երբեմն-երբեմն կը հառաչեն:

Ասիկա՛ կը տեւէ բաւական երկար: Գինեպանը, որ կը հետեւի անոնց, կը սկսի խորապէս մտահոգուիլ, ի վերջոյ կը մօտենայ անոնց եւ ցած ձայնով կ՛ըսէ.

– Աստուծոյ սիրոյն, վերջ տուէք, ընկերնե՛ր: Փորձանքի պիտի հանդիպիք եւ ձեզի հետ զի՛ս ալ պիտի այրէք: Իրաւունք ունիք, ե՛ս ալ կ՛ընդունիմ, թէ Չինաստան մեծ սպառնալիք է մեզի դէմ, թէ Ամերիկայի ցորենէն կախուած ենք, թէ Ռումանիա անհաւատարմութիւն կ՛ընէ, թէ բանուորին վիճակը ողբալի է մեր երկրին մէջ, անօթի ենք: Բայց, Աստուծոյ սիրոյն, ընկերնե՜ր, չէ՞ք գիտեր, թէ քաղաքական խօսակցութիւնները արգիլուած են:

***

Արեւելեան գերմանացի մը կը հարցնէ բարեկամին.

– Ի՞նչ կ՛ընէիր, եթէ յանկարծ Պերլինի պատը փլէր:

– Ծառի մը վրայ կը բարձրանայի:

– Ինչո՞ւ:

– Որովհետեւ երբեք պիտի չուզէի ոտքի տակ մնալ:

 

Տոմսեր

Հիւսէյն Էֆենտին
(«Կարճ Գրոյս` Շա՜տ Իմացի՛ր…»)

Կիպրոսի տագնապը առիթ տուաւ, որ… «թուղթէ պատերազմ» մըն ալ յայտարարուի յոյներուն եւ թուրքերուն միջեւ, ամերիկեան մամուլին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող ու գրիչ բռնող բոլոր մեհմետները, հիւսէյնները եւ հասանները նամակ նամակի՜ վրայ կը թխեն եւ կը ղրկեն ամերիկեան թերթերու` պաշտպանելու համար թրքական «արդա՜ր տեսակէտները»:

Յոյներն ալ, վաղո՜ւց վարժ` գիր ու գրականութեան, տրամաբանական եւ պերճախօս պատասխաններ կու տան մեհմետներուն:

Օրինակի համար` «Լայֆ» շաբաթաթերթին մէջ թուրքերուն ի նպաստ յօդուածի մը հրատարակութեան առթիւ խմբագրութիւնը ստացած եւ հրատարակած է Տիմիթրոփուլոս անուն յոյնի մը հետեւեալ բողոքագիրը.

– «Ինչո՞ւ Դաշնակից մամուլը բացարձակապէս թրքանպաստ տեղեկութիւններ կը հրամցնէ Կիպրոսի խնդրին առթիւ: Որո՞նք էին Դաշնակիցներու կողքին կռուողները Ա. Աշխարհամարտին. յոյնե՞րը, թէ՞ թուրքերը: Որո՞նք էին, որ ուշացուցին հիթլերականներուն պատերազմական ծրագիրներուն գործադրութիւնը` Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին. յոյնե՞րը, թէ՞ թուրքերը: Որո՞նք կռուեցան գերմաններուն դէմ` Բ. Աշխարհամարտին. յոյնե՞րը, թէ՞ թուրքերը: Վերջապէս, որո՞նք պաշտպանած են քրիստոնէական գաղափարներն ու արեւմտեան մշակոյթը դարեր շարունակ. յոյնե՞րը, թէ՞ թուրքերը»:

Այս հարցումներու պատասխանին կը սպասեն հիմա մեր հելլէն բարեկամները…

***

«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր»-ի մէջ ալ դատախազի ամպիոն բարձրացած էր ոմն Հիւսէյն` փառաբանելո՜ւ համար թրքական… «հանդուրժողութիւնը»` հանդէպ քրիստոնեաներու, եւ կը հաւաստէ՜ր, թէ շաբաթ մը առաջ, երբ յոյները մզկիթ մը կը քանդէին Կիպրոսի մէջ, անդին` Պոլսոյ թուրքերը… «ծաղկեփո՜ւնջ կը դնէին յունական եկեղեցիի մը առջեւ»:

Ո՜հ,… այս ինչե՜ր կ՛ըսէ…

Այս ի՜նչ ազնուահոգի, ի՜նչ փափկանկատ եւ նրբազգա՜ց արարածներ էք եղեր, Հիւսէյն էֆենտի:

Արդեօք… «ծաղկեփունջ» մըն ալ դրի՞ք 1915-1923 այդ փափկանկա՜տ ձեռքերով քանդուած հարիւրաւոր հայ եւ յոյն եկեղեցիներու աւերակներուն կամ խողխողուած միլիոնաւոր հայերու եւ յոյներու լքուած, քանդուած օճախներուն վրայ…

Եւ կամ արդեօ՜ք… ցաւակցական արտայայտութեան կամ զղջումի բա՜ռ մը ղրկեցի՞ք հայ եւ հելլէն այն բազմահազար սգաւորներուն, որբերուն ու այրիներուն, որոնք յիսուն կամ քառասուն տարիէ ի վեր ձեր… մարդ ըլլալուն կը սպասեն:

Պատասխանը «Մոնիթըր»-ին կամ «Լայֆ»-ին ղրկեցէք դարձեալ…

ԳԻՍԱՒՈՐ

Share this Article
CATEGORIES