Վայրի Կեանքի Միջազգային Օր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

mitchazkayin-orՄէկ ամիս առաջ, 3 մարտին, աշխարհը տօնեց վայրի կեանքին յատկացուած առաջին միջազգային օրը: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ հռչակուած այս օրուան նպատակն է մեզի տեղեկացնել վայրի անասուններուն կեանքի վտանգաւոր պայմաններուն մասին, ինչպէս` որսորդութիւն, ապօրինի առեւտուր, ջարդ, կորսուելու վտանգ…

Վիճակը ծանր է:

Փիղերը կը սպաննուին իրենց փղոսկրին համար, ռնգեղջիւրները` իրենց կոտոշին համար, վագրերը` իրենց ոսկորներուն համար, կրիաները` իրենց պատեանին համար, կոկորդիլոսները` իրենց մորթին համար, արջերը` իրենց մուշտակին համար եւ այլն: Իսկ ուրիշ անասուններ կը կորսուին, որովհետեւ անոնց բնակութեան վայրը կամ ուտելիքի աղբիւրները կ՛ոչնչանան կամ կ՛ապականին…

Ըստ սպառնալիքի տակ գտնուող անասուններու կարմիր ցանկին, երկրագունդին վրայ երկակենցաղ անասուններուն 41 առ հարիւրը, թռչուններուն 13 առ հարիւրը, ստնաւորներուն 25 առ հարիւրը, եւ բուստերուն 33 առ հարիւրը կորսուելու վտանգին ենթարկուած են: Այս վիճակը աւելի կը ծանրանայ տարիէ տարի. օրինակի համար, ներկայիս մօտաւորապէս 3200 վագր տակաւին գոյութիւն ունի, մինչ 40 տարիներ առաջ անոնց թիւը կը հասնէր 40 հազարի, 25,000 ռնգեղջիւր` 60 տարի առաջուան 600 հազարին փոխարէն:

***

Ճիշդ է, որ վայրի կեանքը ծանր վտանգի տակ է, սակայն կարելի է, միասնաբար աշխատելով, նուազեցնել անոր գոյութեան սպառնալիքները: Օրինակի համար, ընկերութիւնները եւ հաստատութիւնները կրնան հեռաձայնել վայրի կեանքին բնութեան եւ անասուններուն ապօրինի առեւտուրին վերջ տալ, եւ փոխարէնը` գնել, ծախել կամ գործածել վայրի անասուններ եւ բոյսեր աւելի ճիշդ եւ արդարադատ կերպով:

Նոյնիսկ եթէ մենք կ՛ապրինք քաղաքներու մէջ եւ վայրի բնութենէն հեռու ապրելու տպաւորութիւնը ունինք, մենք ալ դեր մը ունիք խաղալու. մենք կրնանք ուշադրութիւն ընել մեր սպառած նիւթերուն: Օրինակի համար, փորձել նուազ գնել յատուկ իւղի մը տեսակը պարունակող նիւթեր: Ամէն տարի հեկտարներով վայրի անտառ կը փճացուի` անոր փոխարէն այս իւղը արտադրող ծառեր տնկելու համար: Ուրանկութանները, վագրերը, փիղերը եւ ռնգեղջիւրները, որոնք այդ անտառներուն մէջ կ՛ապրին, այս բուսականութեան զոհ կը դառնան: Հետեւաբար միշտ հետաքրքրական է տուփերուն վրայի տեղեկութիւնները կարդալ ապրանքները գնելէ առաջ:

 

Անհաւատալի Բնութիւն

  • Գունդերու դաշտ մը

pnoutioun-1

Նախապատմական մարդիկը չեն, որոնք քանդակած են այս գունդի նման քարերը` անոնց հետ ֆութպոլ խաղալու համար:

Բնութիւնն է, որ ձեւած է այս կատարեալ եւ հարթ գունդերը, որոնց կրնանք հանդիպիլ Արժանթինի Լուսինի հովիտին մէջ: Սակայն ինչպէ՞ս բնութիւնը կրցած է նման կատարեալ գունդեր արտադրել: Մենք տակաւին ասոր պատասխանը չենք գիտեր. սակայն գիտնականները կը շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները: Իսկ եթէ պատահի, որ դուք այցելէք այդ վայրը, ուշադրութի՛ւն, անոնց դպնալը արգիլուած է: Անցեալին մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ գողցած են այդ քարերէն:

  • Եռացած ցե՞խ

pnoutioun-2

Երբ դուք Ռոթորուա այցելութեան գաք, մի՛ մոռնաք հետերնիդ քիթերնիդ գոցելու համար լաթակալ մը բերելու: Նոր Զելանտայի այս քաղաքին մէջ օդը յատկապէս «անհաճոյ» է: Հոն գետնին տակէն կ՛ելլէ հրաբխային կազ մը, որ նեխած հաւկիթի հոտը ունի: Այդ շրջանին մէջ կարելի է նաեւ տեսնել տարօրինակ տեսարան մը` եռացած ցեխի լիճեր, որոնք յառաջացած են երկրագունդին խորերէն իջած տաք ջուրերէն:

  • Հսկայ

pnoutioun-3Ըստ աւանդութեան, երկու հսկաներ` Ֆինն եւ Պենանտոնըր կ՛ապրէին իւրաքանչիւրը Իրլանտայի ծովուն մէկ կողմը: Անոնք զիրար կ՛ատէին` առանց զիրար տեսած ըլլալու: Օր մը անոնք կ՛որոշեն իրարու հետ կռուիլ: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է, երբ ծով մը զիրենք իրարմէ կը բաժնէ:

Ֆինն ծովուն մէջ քարեր կը նետէ բարձրուղի մը շինելու համար: Յոգնած` ան կը քնանայ… Սակայն սկովտիացին կը հասնի միւս կողմէն: Ֆիննին կինը իր ամուսինը վերմակով մը կը ծածկէ զայն իբրեւ երեխայ ձեւացնելու համար: Հսկայ երեխան տեսնելով` սկովտիացին կ՛երեւակայէ հօրը հասակը եւ կը փախչի իր բարձրուղին քանդելով…

Իրլանտայի մէջ կը մնայ Ֆիննի բարձրուղին` 40 հազար սիւներ, որոնցմէ բաժին մը ունի 12 մեթր բարձրութիւն: Ասիկա աւանդութիւնն է. իսկ իրականութի՞ւնը: Մօտաւորապէս 60 միլիոն տարիներ առաջ հրաբուխի պաղած լաւայ:

  • Աղը կրնա՞յի ունենալ

pnoutioun-4Արդեօ՞ք պոլիվեան այս անապատը կորսնցուցած է իր գոյները արեւուն ազդեցութեան տակ: Անշո՛ւշտ ոչ: Ույունիի անապատը կազմուած չէ աւազէ, այլ աղէ: Փարիզ քաղաքէն 100 անգամ աւելի մեծ այս տարածքին վրայ 40 հազար տարիներ առաջ աղի լիճ մը գոյութիւն ունէր: Լիճը ցամքած է եւ ձգած` միլիոնաւոր թոներով աղ: Անապատին եզերքը մարդիկ նոյնիսկ շինած են… աղէ պանդոկ մը. ոչ միայն անոր պատերը, այլ նաեւ` սեղանները, աթոռները եւ անկողինները:

  • Սառած բլրակ մը

pnoutioun-5Անիկա լեռ մը չէ, այլ` փինկօ մը. սառոյցէ սիրտ մը ունեցող եւ հողով ծածկուած բլրակ մը: Քանատայի հիւսիս-արեւմուտքը 1350 փինկոներ տարածուած են բնութեան մէջ: Անոնցմէ ամէնէն բարձրը` Իպիուքը 45 մեթր է, 16 յարկանի շէնքի մը հաւասար: Անիկա սկսած է բարձրանալ 1000 տարի առաջ եւ ամէն տարի 2 սմ կը բարձրանայ:

 

Եւրոպայի Ամէնէն Մեծ Հոյամողէսը

hoyamoghesԱնոր հասակը կը հասնէր 10 մեթրի եւ ան կը կշռէր 4-5 թոն: Այս հսկայ հոյամողէսը կ՛ապրէր 150 միլիոն տարիներ առաջ:

Ըստ գիտական թերթի մը, անոր ոսկորները գտնուած են Փորթուգալի մէջ: Մասնագէտները անոր տուած են Թորզոսորուս Կուռնէի անունը:

Իր 10 սմ երկար ակռաներով այս մսակերը կրնար ըլլալ եւրոպական ցամաքամասի վրայի ամէնէն մեծ հոյամողէսը:

 

Ճանճերուն Շնորհիւ

djandjer26 տարեկան Տանիէլ Տուտզիս Աւստրալիոյ անապատին մէջ կորսուած էր, երբ ան քայլարշաւ մը կ՛ընէր: Այս գերմանացի երիտասարդ զբօսաշրջիկը  կրցած է կենդանի մնալ երկու շաբաթ ուտելով միջատներ, յատկապէս` ճանճեր:  Ան վերջապէս գտնուած է եւ լաւ վիճակի մէջ է:

 

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Ընթերցողները

entertsoghՀնդկաստանը աշխարհի ամէնէն շատ ընթերցող ունեցող երկիրն է: 15 միլիոն հնդիկներ ամէն օր կը կարդան: Հնդիկ մը միջին հաշուով մէկ շաբթուան ընթացքին 10 ժամ եւ 42 վայրկեան կ՛անցընէ կարդալով: Հնդկաստանէն ետք կու գան` Թայլանտը, Չինաստանը եւ Ֆիլիփփինը:

 

Պատանդ

gadou-10kgs10 քիլօ կշռող պարսկական կատու մը «պատանդ բռնած է» ամերիկացի ամբողջ ընտանիք մը անոր տան մէջ:

Յարձակողական բնաւորութիւն ունեցող կատուն փորձած էր 7 ամսու երեխան սարսափեցնել: Երեխային ծնողները ստիպուած եղած են անասունը սենեակէն դուրս հանել:

Սակայն կատուն այնքան ջղայնացած է դուռին ետեւէն, որ տանտէրները չեն համարձակած սենեակէն դուրս ելլել: Սարսափած` անոնք ստիպուած եղած են ոստիկանութեան դիմել զիրենք փրկելու համար:

 

116 Մոմ

116-candlesՄիսաօ Օքաուա ծնած է 5 մարտ 1898-ին: Անցեալ ամիս ան տօնած է իր 116-րդ տարեդարձը` ծերերու յատուկ հանգիստի կեդրոնի մը մէջ, Ճափոն:

Ան աշխարհի ամէնէն ծեր կինն է` ըստ փաստաթուղթերու: Աւանդական քիմոնօ մը հագուած, կարմիր ծաղիկ մը մազերուն մէջ, ան կտրած է իր կարկանդակը: Սակայն պատմութիւնը չ՛ըսեր, թէ ան կրցա՞ծ է մինակը մարել իր 116 մոմերը:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս իւրաքանչիւր տուփիկ դնել տախտակին մէջ իրեն համապատասխանող տեղը` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս իւրաքանչիւր տուփիկ դնել տախտակին մէջ իրեն համապատասխանող տեղը` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել կոտրտուած հաւկիթին վրայ գրուած թիւը:

Կրնա՞ս գտնել կոտրտուած հաւկիթին վրայ գրուած թիւը:

Կրնա՞ս գտնել հայելիին մէջի նկարին համապատասխանող կերպարը:

Կրնա՞ս գտնել հայելիին մէջի նկարին համապատասխանող կերպարը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող նոյնանման երեք զոյգ տուփիկները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող նոյնանման երեք զոյգ տուփիկները:

Կրնա՞ս գտնել ամէնէն երկար ցօղուն ունեցող ծաղիկը:

Կրնա՞ս գտնել ամէնէն երկար ցօղուն ունեցող ծաղիկը:

Share this Article
CATEGORIES