Անթիլիասի Ուխտի Օրուան Առիթով. Արցունքով Սրբուած Սուրբ Աջը

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

3395562687_7f1221ee98_oՀայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ կան նուիրական սրբութիւններ, որոնց նկատմամբ զօրաւոր կապուածութիւն ու անվերապահ հաւատք կը ցուցաբերեն մեր ժողովուրդի զաւակները: Մեր հաւատոյ Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը այդ նուիրական սրբութիւններէն է, որ մեր քրիստոնէական պատմութեան վաղ ժամանակներէն սկսեալ իր հովանին տարածած է մեր ազգին ու եկեղեցւոյ վրայ:

Դարձեալ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի Ուխտի Օրն է…:

Քրիստոնեաներ կանուխ դարերէն սուրբերու մասունքներուն նկատմամբ յարգանքի երեւոյթ ցուցաբերեցին, անոնց մահէն ետք, անոնց ֆիզիքական` անմիջական ներկայութեան նշանը հանդիսացող մասնիկներուն օրհնութիւնը իրենց հետ ունենալու հաստատ համոզումով: Այս յարգանքը` տուեալ սուրբին աջ ձեռքի մասունքին նկատմամբ, իր արմատները ունի արեւելեան աշխարհի մշակոյթին մէջ, ուր տարեցին, ու յատկապէս հոգեւորականին աջը համբուրելը յարգանքի խոր արտայայտութիւն մըն է տակաւին: Ի վերջոյ, անվերապահ հաւատքը մասունքներու նկատմամբ, կ՛երաշխաւորէր կատարուած զանազան տեսակի բժշկութիւնները, որոնք սուրբերուն աջ ձեռքին հպումով տեղի կ՛ունենային աստուածային հրաշքով: Աստուածային ուժն էր, որ կը ներգործէր անոնց աջին միջոցով: Ուստի սուրբերու մահէն ետք, անոնց աջէն վերցուած մասունքի մը զօրութիւնը, անոնց հանդէպ արտայայտուած հաւատքով` աւելի՛ ազդու կը դառնար` հոգեւոր շինութեան առիթ հանդիսանալով հաւատացեալներուն:

Քանի՜-քանի հաւատացեալներ ցարդ արցունքոտ աչքե՛րով համբուրած են Ս. Լուսաւորչի Աջը, բժշկութիւն խնդրելով անկէ իրենց հոգիի ու մարմնի ցաւերուն: Քանի՜-քանիներ բարի մաղթանքներ իրենց սրտին` մօտեցած են անոր ու յուզումէն տամկացած աչքերով համբուրած  անոր մասնատուփը: Վերջապէս, քանի՜-քանի անգամներ հայոց հայրապետները բարձրացուցած են Ս. Աջը ու անով օրհնած` մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, անոնց տխուր թէ ուրախ օրերուն:

8564010213_c082ef2c18_oՊատմութեան էջերը թերթատած ժամանակ կարելի չէ չյուզուիլ կարդալով Ս. Աջին ոդիսականը: Եկեղեցական իշխանութեան հետ թափառած, կաթողիկոսի հետ գերեվարուած, գրաւ դրուած, պատանդ վերցուած, ծախուած ու ապա գնուած, անյայտացած ու վերագտնուած, իր հովուած ժողովուրդին հետ աքսորուած, ու ի վերջոյ, դժբախտ օր մը, Անթիլիասի մայրավանքէն գողցուած եւ… նախախնամութեան միջամտութեամբ վերադարձուած է անիկա իր իրաւատիրոջ:

Ակնյայտ է, որ Ս. Աջը իր «կեանքի» ամէնէն «անվրդով» օրերը կը բոլորէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին անմիջական հսկողութեան ներքեւ գտնուելով: Ս. Աջի պատմութեան համեմատաբար ամէնէն ապահով օրերուն կ՛ապրինք, երբ օտար` քրիստոնեա՛յ թէ մահմետական տէրութիւններու յարձակող բանակները թիրախ չունին զայն: Սիսի ձորապետներու կեղեքումներէն վերջնականօրէն ազատած է անիկա: Չկա՛ն այլեւս զայն գրաւի դնելու համար օրուան հոգեւոր վերին իշխանութիւնը ծանր ստիպողութեան տակ դնող խաներն ու շահերը: Անդառնալի կերպով պատմութեան մութ խաւարին մէջ կորսուած են հարստահարող խուժանին դիմադրելու անկարող ըլլալով` եկեղեցական մեծարժէք սրբութիւններն ու սպասները անոր յանձնող ղեկավարները եւ, ի վերջոյ, ժամանակակից պատմութեան էջերուն մէջ սեւ տառերով պիտի արձանագրուին դեռ յիշողութեան մէջ եղող անունները Անթիլիասի աջագողերուն:

Ս. Լուսաւորչի աջը պատանդ վերցնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հոգեւոր իշխանութենէն հեղինակազրկելու ձախող փորձը վերջինը պիտի ըլլար անոր տառապանքի հանգրուաններուն` հետզհետէ անոր վրայէն շեղելով չարամիտ ուշադրութիւնը եւ բարիով փոխարինելով զայն: Չարի փոխարէն բարի ուշադրութիւնը արտայայտութիւն պիտի գտնէր իր վերջին տունդարձին առիթով, 1957 թուականին, երբ հայութեան ծովածաւալ բազմութիւն մը յորդեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` դիմաւորելու համար ամբողջ տարի մը բռնագրաւեալ մնացած, մեր ազգային մեծագոյն սրբութիւնը` Ս. Աջը: Այնուհետեւ Աջը դարձեալ ամէն տարի դուրս կու գայ մայրավանքի վեհարանէն, կաթողիկոսարանի Ուխտի Օրուան առիթով, վեհափառ հայրապետին ձեռամբ օրհնելու մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակները անխտիր, որոնք հաւատքով ու երկիւղածութեամբ կը մօտենան անոր: Սրբալոյս Միւռոնի քառասնատեսակ բոյսերու հիւթերը Սուրբ կաթսային մէջ Ս. Աջով իրարու միախառնուած պահուն, Գրիգոր Լուսաւորիչ ի՛նք կ՛օրհնէ զայն անգամ մը եւս, ինչպէս օրհնած էր առաջի՛ն անգամ, երբ Ս. միւռոն պատրաստելով օծած էր քանդուած բագիններուն տեղ կառուցուած խորանները:

8564010507_1bac6678ed_oԱջին նկատմամբ արմատաւորուած հաւատքը ո՛չ այնքան դարերու երկայնքին մէջ ունի իր ուժը, որքան հայ ժողովուրդի զաւակներու հոգիի խորութեան մէջ: Որովհետեւ նոյն այս սրբազան մասունքը ո՛չ միայն մեզի հետ քալեց մեր պատմութեան ճամբաներէն, այլ պաշտպանեց մեզ մեր թշնամիներուն դէմ, ո՛չ միայն յայտնաբերուած դեղ եղաւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ, այլեւ` բժշկեց մեզ մեր ախտերէն ու հիւանդութիւններէն: Անիկա երկնային հզօր ուժ ըլլալով` կատարե՛ց մեր սրտին փափաքները ու նուիրականացաւ իր պատեանին վրայ ցօղուած մեր հաւատքի արցունքներով…:

Մայր տաճարին մէջ Ս. Աջին առջեւ խռնուած հաւատացեալներ զիրար կը հրմշտկեն, աւելի՛ առաջ ու աւելի երկա՜ր համբուրելու համար սրբազան մասունքը: Շատեր թաշկինակներով ու կանացի գլխածածկոյթով կը սրբեն անոր փայլուն մակերեսը` հիւանդներու ալ տանելու համար անոր օրհնութենէն: Ուրիշ մը տեսնելով ջերմեռանդ հաւատացեալ ծերունիի մը թաշկինակով Ս. Աջին պատեանը անընդհատ սրբելը եւ կարծելով, որ պիտի սպառի անոր անսպառելի օրհնութիւնը, հաւատքէն բխող անկեղծ «մտահոգութեամբ» կ՛ըսէր.

– Հայրի՛կ, քի՛չ սրբէ, որպէսզի մեզի ալ մնայ անոր օրհնութենէն:

Արդեօք պիտի սպառէ՞ր անոր օրհնութիւնը…: Այս սրբութենէն ճառագայթող օրհնութիւնը մեր պապերու արեան հետ հոսած է մեր ժողովուրդի պատմութեան երակներէն: Բաշխուելով` աւելի՛ առատացած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուելով` դարձած մեր ազգային գանձատան ամէնէն թանկարժէք հարստութիւնը:

Մեր հոգեւոր մարմնին սիրտը` հաւատքը, աւելի՛ կը զօրանայ ու աւելի առատ աւիշ կը ներարկէ մեր հոգիին, երբ յագեցած է աստուածապարգեւ սրբութիւններու ներուժ զօրութեամբ եւ հրաշագործ կարողութիւններով:

Տարուան մէջ միայն մէկ օր ունիս հանդիպելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին, համբուրելու զայն ու սուրբին ներկայացնելու սրտիդ ամէնէն թաքուն խնդրանքները…: Մի՛ մոռնար, որ քեզմէ առաջ բազմահազար խնդրարկուներ իրենց արցունքով լուացեր են զայն եւ ստացեր` իրենց աղօթքներուն պատասխանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES