Դաշնակցական Պատանին Ընդդէմ Անցորդին
21-րդ դարու անծայրածիր ճանապարհներուն դիմաց կանգնած են երկու պատանիներ, անոնց դիմաց բացուած են անհաշուելի ուղիներ ու արահետներ, ոմանք կ՛երեւին քարքարոտ, սակայն լոյս մը կը փայլի անոնց անվերջ հորիզոններուն վրայ: Ոմանք կը թուին ըլլալ դիւրաքալելի, բայց անոնց անշօշափելի աւարտը ծածկուած է խաւարի մէջ, իսկ այս երկու պատանիները տակաւին կանգնած կը մնան այդ անորոշ ուղղութիւններուն դիմաց:
Երկար սպասելը հարկաւոր չէր ոեւէ մէկուն, պէտք էր արագ շարժէին, կատարէին ճշգրիտ ընտրանքը, այլապէս պիտի մնային այդ անորոշութեան ու խաւարին մէջ յաւիտեան:
Երկուքէն միայն մէկը, սակայն, կրցաւ շատ արագ կատարել ճիշդ ընտրանքը. կրցաւ խաւարը զանազանել լոյսէն, քարքարոտ արահետը` հարթ ճանապարհէն, ընտրեց գոյատեւման դժուար ճանապարհը, բայց այն մէկը, որ պիտի գծէր իր փայլուն ու յաջող ապագան:
Այս պատանին եղաւ դաշնակցական տիպար պատանին, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վսեմ հովանիին ներքեւ կրցաւ իր կեանքի ամենաբարի, բայց ամենավտանգաւոր հանգրուանին կատարել իսկական ընտրանքը: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` ան կրցաւ միշտ առաջնորդուիլ ՀՅԴ-ի փարոսով, մինչդեռ անցորդ պատանին մնաց խաւարի մէջ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաջ գիտակցելով հայ պատանիին կարեւորութեան` կրցաւ վստահիլ անոր դիտարկելու ուժին, զայն դրաւ սորվելու կենդանի վիճակներու մէջ ու մեծ վստահութեամբ կրցաւ թափանցել անոր սրտին, մտքին ու հոգիին մէջ:
ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ը լաւապէս ըմբռնեց հայ պատանիին մէջ աճող զարգացման յատուկ եղանակը եւ ազդու կերպով անոր սորվեցնելու համար ջանաց հասկնալ անոր հոգեկան, ֆիզիքական ու ընկերային պահանջները եւ, ամենակարեւորը, գիտցաւ սիրել զայն իբրեւ հարազատ զաւակ: Եւ այդ հարազատ զաւակը սնուցանելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութեամբ` քալեց հաստատ քայլերով ու սլացաւ դէպի Արարատեան բարձունքներ եւ մեծ հպարտութեամբ բոլորեց իր 90 -ամեակը, տարի մը առաջ:
Եւ որովհետեւ պատանիի մը կեդրոնը կը կազմէ անոր դաստիարակութիւնը, Լիբանանի դաշնակցական պատանին ստացաւ այն ամբողջական դաստիարակութիւնը, որուն ընդմէջէն անոր մէջ ամրօրէն հիւսուեցաւ նախ մարդ արարածի արժէքը, լի անհատ մը կազմող վեհ յատկութիւններով` բարութիւն, ճշմարտախօսութիւն, ծառայասիրութիւն ու ընկերասիրութիւն եւ ապա հայ պատանիին մօտ գիտակցութեան ոգին, ամրապնդելով անոր մէջ ազգային դաստիարակութեան արժէքները, որովհետեւ վաղուան հայութիւնն է, որ կը մեծնայ պատանեկան համախումբին, մէջ ինչպէս ըսած է Կարօ Սասունի:
Այս դաստիարակութեան կողքին, առաջնահերթ պէտք է նկատել նաեւ հայ ծնողքին, եկեղեցւոյ ու վարժարանին դերակատարութիւններն ու ներդրումները հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման:
Յարգելի՛ ծնողներ, շնորհակալ ենք ձեր անսահման վստահութեան եւ աջակցութեան, որոնք առաւել եւս մեզ կը ներշնչեն պատրաստելու այն տիպար պատանին, որոնցմով պիտի գոյատեւէ հայ ազգը, Հայ դատի պահանջատիրութեան ոգին եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութիւնը:
Սիրելի՛ պատանիներ, երբեք մի՛ վարանիք շարունակելու այն ուղին, որ դուք ընտրեցիք, որովհետեւ ձեր ներկայութիւնը կենդանի փաստն է 124 տարիներ շարունակ գոյատեւող այն հսկայ կուսակցութեան, որ վստահեցաւ ու կը շարունակէ վստահիլ ձեր առաքելութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

