«Կարապալա»

Ս. Տ.

12681580095_5b876cdae7_oՇաբաթ, փետրուար 22-ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կարապալա» խումբին առաջին պաշտօնական համերգը, արուեստասէրներու եւ յատկապէս մեծաթիւ երիտասարդութեան մը ներկայութեամբ:

Խումբի անդամներ` Ալին Նագգաշեան (երգեցողութիւն), Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ), Հրակ Գարագաշեան (կիթառ եւ երգ), Արամ Փափազեան (հարուածային նուագարաններ), եւ Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ) երիտասարդական յատուկ գրաւչութեամբ եւ անմիջականութեամբ խանդավառեցին հանդիսատեսը  եւ մօտ  2 ժամ տեւողութեամբ յաջողեցան ստեղծել շատ ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտ մը:

Համերգին բացումը կատարուեցաւ Արտեմի Այվազեանի «Հէյ ջան, Երեւան» երգով, որմէ ետք յաջորդաբար հնչեցին հայկական ժողովրդական երգերու, Կոմիտասի,  Արամ Խաչատուրեանի եւ այլ հայ երաժշտագէտներու ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս նաեւ հեղինակային երգերու մեկնաբաններ` Ռուբէն Հախվերդեանի եւ Արմէն Մովսիսեանի գործերէն փունջ մը:

«Կարապալա»-ի բոլոր անդամներն ալ արհեստավարժ երաժիշտներ չեն:  Անոնք հետեւած են երաժշտութեան եւ երգեցողութեան  դասերու, բայց իրենց մասնագիտութիւնները շարունակած են այլ ճիւղերու մէջ:  Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, անոնք ամենայն պատասխանատուութեամբ, բարձր ճաշակով եւ երաժշտական խորունկ հասկացողութեամբ մեկնաբանեցին բոլոր ստեղծագործութիւնները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը լաւապէս կը տիրապետէր իր նուագարանին: Առաւել, կ՛արժէ անդրադառնալ Ալին Նագգաշեանի զուսպ եւ գեղեցիկ կեցուածքին` նոյնքան ճաշակով զարդարուած եւ հայկականութեամբ լեցուն բեմին վրայ, Խաչիկ -Հրակ Տեմիրճեանին,որ յաջողեցաւ ջութակի նման բարդ գործիքի մը տիրապետել ելոյթի ամբողջ տեւողութեան, եւ` Հրակ Գարագաշեանին, որ իրեն յատուկ անմիջականութեամբ, բեմին վրայ շատ հանգիստ ներկայութեամբ եւ երգերը մեկնաբանելու յատուկ իր ոճով գրաւեց երիտասարդ հանդիսատեսին համակրանքը:

Աւելի՛ն. երիտասարդներուն ընտրած երգացանկը, բաղկացած` ազգին արմատներէն բխող հայ  ժողովրդական երգէն եւ հայ մեծանուն երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն, կը վկայէ նաեւ տղոց  ազգային  գիտակցութեան մակարդակին մասին: Անոնք,երաժշտութեան ընդմէջէն, ազգային արժէքները վառ պահելու եւ այսօրուան խեղաթիւրուած եւ օտար  ազդեցութիւններու ենթակայ հայ երգը իր ազգային արմատներուն վերադարձնելու փորձ մըն է, որ կը կատարեն: Այս ծիրին մէջ անոնց ելոյթը աւելի եւս կ՛արժեւորուի եւ իր կարեւոր տեղը կը գտնէ մեր մշակութային առօրեային մէջ:

Փետրուար 22-ին «Կարապալա» խումբին տղաքը մեզի պարգեւեցին իսկապէս հարազատ եւ յիշատակելի երեկոյ մը: Մենք մեր կարգին  պէտք է կարենանք գնահատել այս երիտասարդները, որպէսզի անոնք ժողովուրդին քաջալերանքով աւելի զօրացած` շարունակեն իրենց ճամբան եւ հասնին շատ աւելի բարձր յաջողութիւններու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES