Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Կառավարութեան Հրաժարականը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը:

«Առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով եւ հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ներկայացուցած հրաժարականին վրայ` կ՛որոշեմ ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ նախագահի հրամանագիրին, կառավարութեան անդամները պէտք է շարունակեն պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Երէկ առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ, նախագահ Սերժ Սարգսեան թէեւ չնշեց, թէ որուն կը տեսնէ իբրեւ նոր վարչապետ, սակայն խոստացաւ, որ նոր կառավարութեան մասին տակաւին պիտի խօսի:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է յաջողի ապահովել տնտեսական աճ, բարեփոխումներու շարունակականութիւն եւ նոր կառավարութիւնը պէտք է յաջողի վերականգնել մեր քաղաքացիներուն վստահութիւնը բարեփոխումներուն եւ իր գործունէութեան նկատմամբ: Նախագահ Սարգսեան հաւաստիացուց, որ կառավարութեան մէջ էական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին եւ անհրաժեշտութիւն կայ, որպէսզի նոր աչքով նայուի եղած խնդիրներուն, մարզերուն:

Նշենք, որ նախորդ տարուան մարտին Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ այն կառավարութիւնը, որ տարուան արդիւնքներով 7 առ հարիւր տնտեսական աճ չ՛ապահովեր, պէտք է հրաժարական ներկայացնէ: Նախորդ տարի կառավարութիւնը արձանագրած էր ընդամէնը 3.5 առ հարիւր աճ, իսկ տնտեսութեան նախարարը յայտարարած էր, որ նախագահի այդ պահանջը ընդամէնը քաղաքական յայտարարութիւն է:

Նախագահ  Սարգսեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ վարչապետի հրաժարականը պարզապէս հրաժարական էր, այլ ոչ թէ` պարտադրանք: Ան նշեց, որ 6 տարին երկար ժամանակահատուած է վարչապետի մը համար` տրուած ըլլալով, որ բաւական ծանր աշխատանք է: Ան յոյս յայտնեց, որ քսան տարի ետք արդէն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ շատ աշխատանքներ կատարելը:

Share this Article
CATEGORIES