Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք` առանց զիրար հասկնալու: Այս միջոցին եթէ կողմերը յամառին, կարելի չ՛ըլլար լուծում մը գտնել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ մրցակցութիւն պիտի ունենաք հարցի մը շուրջ: Դուք պիտի ըլլաք յաղթողը, որովհետեւ ձեր տեսակէտը արդար է եւ ճիշդ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ դուք էք տնօրէնը կամ վերակացու պատասխանատուն, ուրեմն դիտողութիւն ըրէք յանցաւորներուն, որպէսզի լաւ աշխատին, բայց` առանց վիրաւորական խօսքի: Կարգապահութիւն ստեղծեցէք ձեր շուրջը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր նկատողութնները, ձեր շուրջիններուն նկատմամբ, կատարեցէք ճիշդ տեղին, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ: Մնացէք ուսանելի բարեկամ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
«Առիւծ» աստղանշան կրողը կարելի չէ յուսալքել: Զսպեցէք ձեր բարկութիւնը: Կրնաք զղջալ: Հաւասարակշռեցէք ձեր խօսքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընդունեցէք նկատողութիւն մը, որ կ՛ուղղուի ձեզի: Անիկա կրնայ ուղղութիւն տալ ձեզի, կառուցողական իմաստով: Համեստ մնացէք ամէն պարագայի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ծառայասէր էք եւ պատրաստակամ: Ամէն մարդու գործ չէ նման վերաբերում, հետեւաբար ձեր կեցուածքը շատ պիտի գնահատուի: Պիտի յարգուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր տեսակէտը մի՛ պարտադրէք ոեւէ մէկուն, իւրաքանչիւր անձ ազատ է իր ուզածը ընելու: Գոյները եւ ճաշակները վիճարկելի չեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր ձեր երկինքը պայծառ չէ, բայց կրնայ ըլլալ, որ հովին ուղղութիւնը փոխուի եւ բարելաւում արձանագրուի: Քաջութեամբ դիմաւորեցէք օրը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բնաւորութիւնը խիստ եւ կարծր բնոյթ պիտի ունենայ, ինչ որ լաւ արդիւնք չի տար: Ուրիշներուն վէճին միջամուխ մի՛ ըլլաք, չէք սիրուիր:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ձեր շուրջը աշխատանքի վերաբերեալ խանգարում մը նկատէք, մի՛ յուսահատիք: Պատահական հարց մը կրնայ ըլլալ, հետեւաբար եղէք համբերող:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր սիրտը բացէք սիրոյ պարագային, որովհետեւ նման զգացում ձեզի կը վերաբերի: Ուրիշներ չեն կրնար ձեր փոխարէն արտայայտուիլ նման հարցի մը շուրջ:

