50 Տարի Առաջ (7 Ապրիլ 1964)
Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասին
Զատկուան Հաւաքոյթը
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասի Զատկուան հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 30 մարտ 1964, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, վարժարանիս սրահին մէջ, կը նախագահէր թեմիս առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան: Այս հաւաքոյթին ներկայ եղան աւելի քան եօթանասուն անդամ-անդամուհիներ, որոնք հաւաքուեցան ճոխ սեղաններու շուրջ, զարդարուած` ծաղիկներով եւ խորհրդանշող գոյնզգոյն հաւկիթներով:
Բացման խօսքը ըրաւ խումբիս ղեկավար դպրապետ Վարդան Սերայտարեան: Շնորհաւորեց բոլորին Ս. Զատիկը եւ մաղթեց արեւշատութիւն եւ քաջառողջ կեանք: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Եղան` մեներգ, խմբերգ, զուարճալի խաղեր եւ հաւկթամարտ: Վիճակահանութեան դրուեցաւ ոսկեզօծ, արժէքաւոր ակնոց մը: Սպառող հարիւր յիսուն տոմսերէն գոյացաւ փոքր գումար մը:
Քիչ ետք ներկայացուեցաւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»-էն կտոր մը, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:
Փակման խօսքը ըրաւ առաջնորդ սրբազանը: Շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը` մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ եռանդուն գործունէութիւն: Ապա դրուատեց ղեկավարին եւ խումբին բոլորանուէր ծառայութիւնը եւ բարիքները եկեղեցիէն ներս` ի փառս եւ ի պայծառութիւն Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ»: Այս ուրախ առիթով, իբրեւ գնահատութիւն, սրբազան հայրը խումբին նուիրեց 100 լ.ո.: Հաւաքոյթը վերջ գտաւ ժամը 9:00-ին: Ներկաները մեկնեցան գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ:
Ժ. ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ
Փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի Ա. Դասախօսութիւնը
«Հնդեւրոպական Լեզուներն
Ու Հայերէնը»
«Հայ ակումբ»-ի նախաձեռնութեամբ մեծ հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի տուաւ իր առաջին դասախօսութիւնը, 31 մարտ, երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ի ներկայութեան մեծ թիւով մտաւորականներու:
«Հայկ ակումբ»-ի վարչութեան ատենապետ Փասքալ Փապուճեանի բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօս փրոֆեսէօրը եւ սահուն արեւմտահայերէնով մօտ մէկ ժամ խօսեցաւ «Հնդեւրոպական լեզուներու եւ այդ լեզուախումբին մէջ հայերէնի, մասնաւոր տեղին մասին: Այդ առթիւ ուրախութեամբ շեշտեց, թէ հայ լեզուաբանները մեծապէս նպաստած են համեմատական քերականութեան եւ փոխադարձաբար` համեմատական քերականութիւնը տուած է բարիքներ, որոնց շնորհիւ կարելի դարձած է լեզուներու եղբայրակցութիւնը ճ շդել, բառերու փոխառութիւնները, ժամանակի ընթացքին անոնց կրած փոփոխութիւններն ու կատարուած տառաշրջումները մատնանշել:
Յարգելի դասախօսը շատ մասնագիտական մօտեցումով նախ սահմանեց հնդեւրոպական լեզուներու ճ իւղաւորման հանգրուանները` մերժելով գերման լեզուաբաններու պնդումները` այդ լեզուախումբը հնդգերմանական կոչելու:
Հնդեւրոպական լեզուները ծագում առած են լատիներէնէն, իսկ լատիներէնը իր կարգին փոխառութիւններ կատարած է հին յունարէնէն: Հետեւաբար ֆրանսերէն, իտալերէն, սպաներէն եւ ռումաներէն եւ այլ լեզուներու քննութեանց ընթացքին կու գանք այն յստակ եւ որոշ եզրակացութեանց, թէ բոլոր կատարուած աղաւաղումներով հանդերձ, անոնք նոր երեւոյթներն են լատիներէն մայր լեզուին: Իսկ կատարուած աղաւաղումները պատճառ են տեղական գաւառաբարբառներու եւ ժամանակին:
Հայոց լեզուն մաս կազմելով հանդերձ հնդեւրոպական լեզուներու խումբին, ունի իր առանձնայատկութիւնները, որոնք շեշտուած են մասնաւորաբար ասիական շրջանակին եւ մթնոլորտին մէջ: Այս պատճառով հայերէնի քննութեան միջոցին նկատի պէտք է առնել նաեւ ասիական այլ լեզուներ` արաբերէն, պահլաւերէն եւ այլն: Սակայն անմիջապէս աւելցնենք, որ ազգականական կապ ցոյց տուող բառերը հայերէնը առած է հնդեւրոպական մայր լեզուներէն, այսպէս, հետեւելով օրինաչափական սկզբունքին` կարելի է հայր, մայր եւ եղբայր բառերուն տարբերակներուն քննութեամբ հասնիլ բուն առին: Այս դժուար աշխատանքներու ընթացքին կարելի է հաստատել, թէ փոփոխութիւնները կատարուած են որոշ օրէնքներու հիման վրայ եւ հնչիւնային տեսակէտով հայերը նախընտրած են շեշտը դնել վերջընթեր վանկին վրայ: Դժբախտաբար բոլոր փոփոխութիւններն ու տառաշրջումները օրինաչափութեան սկզբունքին չեն հետեւիր, օրինակ` յունարէնի մէջ կիրոնը, հայերէն վերածուած է Ծերի, այստեղ եւ այլ քանի մը բառերու մէջ կեն տառը վերածուած է ծայի:
Բազմաթիւ օրինակներ տալով, զանազան լեզուներով եւ հայերէնի հոլովներու ծագումը մատնանշելով` աւարտեց դասախօսութիւնը, որմէ կարգ մը լեզուական հարցումներուն սիրով պատասխանեց լեզուաբան դասախօսը:
Ներկաները զարմանքով, ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ հետեւեցան այս օգտաշատ դասախօսութեան, ուր անգամ մը եւս վեր կ՛առնուէր, այս անգամ գիտական փաստերով, հայ լեզուի արժանիքները:
Ա.

