Մարդկային Կապեր. Կարելի՞ Է Մեռնիլ Կոտրած Սիրտէ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԲՈՒՌՆ ԵՒ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՄԱՀ ՊԱՏՃԱՌԵԼ: ՍԱԿԱՅՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ԵՐԿԱՐ ՊԻՏԻ ՏԵՒԷՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԲԺԻՇԿՆԵՐ ՏԵՍՆԷԻՆ ՀԱՅԵԼԻԻ ՆՄԱՆ ՅՍՏԱԿ ԱՊԱՑՈՅՑԸ ԵՒ ՀԱՄՈԶՈՒԷԻՆ: ՄԱՐԴԻԿ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՎԱՐԺՈՒԱԾ ԵՆ ՍՏՈՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԱՆԱՍՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՄԵՐԺԵԼՈՒ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴՈՑ ՄԻՋԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԵԶՐԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԲԺՇԿԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ, ՈՐ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ԱՐԴԷՆ ԿԸ ԿԻՐԱՐԿՈՒԻ ԱՆԱՍՆԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:
Քառասունչորս տարեկան կին մը 1986-ին փոխադրուած էր Մասաչուսեցի Ճենըրըլ հիւանդանոցը: Ան հանգիստ էր ամբողջ օրը, սակայն կէսօրէ ետք սկսած էր ծանր ցաւ մը զգալ կուրծքին: Ցաւը տարածուած էր ձախ թեւին: Սրտի տագնապի դասական նշանն էր: Սակայն զարմանալին այն էր, որ ան չէր տառապեր սրտանօթային հիւանդութիւններէ: Անոր կեանքին սպառնացող արեան լերդացումի նշաններ չկային սրտին երակներուն մէջ:
Երեւութապէս կինը սրտի տագնապ անցուցած էր, սակայն իրականութեան մէջ` ոչ: Թոմըս Ռայըն եւ Ճոն Ֆալըն այս արտասովոր դէպքը նկարագրած են «Նիւ Ինկլընտ Ճըռնըլ աֆ Մետիսըն» թերթին մէջ: Անոնք գրած են, թէ կնոջ սրտին մկանը վնասուած էր զգացական պատճառով եւ ոչ` բնախօսական: Նոյն օրը, առաւօտուն, կինը լսած էր, թէ իր 17 տարեկան զաւակը անձնասպան եղած էր:
Արդեօք կնոջ սիրտը կոտրա՞ծ էր: Յայտնապէս պատասխանը յստակ էր: Մասաչուսեցի մէջ պատահած այս դէպքը կը զարմացնէր բժիշկները, սակայն ուրիշներու համար նորութիւն չէր:
Կապը` Հոգեբանութեան
Եւ Բնախօսութեան Միջեւ
Տարիներ շարունակ բժիշկներ արհամարհած են հոգեբանութեան եւ բնախօսութեան միջեւ կապի մը գաղափարը: Քաթրին Պաուըրզ եւ Պարպարա Նեթըրսըն-Հորովից «Զուպիքուիթի» վերնագիրով իրենց գիրքին մէջ կը նկարագրեն արհամարհական այս մօտեցումը. «Բազմաթիւ բժիշկներու համար այլընտրանքային գիտութեան համազօր է այն գաղափարը, թէ զգացումները կրնան ֆիզիքական փոփոխութեան ենթարկել սիրտը: Սրտաբաններ կը կեդրոնանան իրական եւ տեսանելի հարցերու վրայ, ինչպէս` ցպկային մարմիններ (պաքթիրիա), լերդացած արիւն եւ բզկտուող մայր երակ: Զգայնութիւնը հոգեբաններու վերաբերող նիւթ էր»:
Այսուհանդերձ, տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունին ապացոյցներ, որոնք կը փաստեն բուռն զգացումներու ներգործութիւնը ոչ միայն մարդկային սրտին վրայ, այլ նաեւ` անասուններու: Վայրի բնաշխարհի կենսաբաններն ու անասնաբուժներն էին, որոնք առաջին անգամ նկատած էին, թէ ծայրայեղ զգացումները կրնան քաոսային վիճակի մատնել մարմնին բնախօսական կազմուածքը: 20-րդ դարու կէսերուն էր, որ անոնք նկատած էին, թէ տարօրինակ բան մը տեղի կ՛ունենայ, երբ անասուն մը յանկարծ կ՛ապրի կեանքի եւ մահուան միջեւ թակարդուած ըլլալու վախը: Անոր արիւնը անմիջապէս կը լեցուի ատրենալինով, երբ յարձակողը կը բռնէ զինք. այնքան, որ արիւնը գրեթէ կը թունաւորուի` փճացնելով մկանները, ներառեալ` սիրտը: Ասիկա կը կոչուի «ջիղերու խանգարումէ անկախ մկաններու փճացում` որս դառնալու պատճառով» (մայոփայթի):

Վայրի բնաշխարհի կենսաբաններ տարիներէ ի վեր գիտեն, թէ իբրեւ որս բռնուած անասուններ կրնան մահացու աստիճանի լարուած վիճակի մատնուիլ:
Անասուններու վրայ այս ներգործութիւնը 1974-ին արդէն ծանօթ իրողութիւն էր անասնաբուժներու համար: «Նէյչըր» թերթին մէջ լոյս տեսած նամակ մը կ՛առաջարկէր անկէ խուսափելու հաւանական միջոց մը, նոյնիսկ` առանց բացատրելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէր «մայոփայթի»: Ուսումնասիրողներ արդէն անդրադարձած էին, թէ յաճախ մահացու հետեւանքներ ունեցած է անասուններ գերեվարելը գիտական կամ պահպանումի նպատակներով. օրինակ` բանտարկութեան մէջ սերնդագործութիւն, անոնց վրայ նշաններ դնելով` բնութեան մէջ արձակել կամ տեղափոխել մէկ միջավայրէն միւսը:
Իրօք, մինչ բժիշկներ կը զարմանային ի տես Մասաչուսեցի մէջ ծայրայեղ զգացումի պատճառով պատահած տարօրինակ սրտի տագնապին, անդին` անասնաբուժներ արդէն նկատած էին զգացական լարուածութեան հետ առնչուած` «քարտիոմայոփայթի»: Նման երեւոյթներ արձանագրուած էին իրարմէ բոլորովին տարբեր անասնատեսակներու քով, ինչպէս` եղջերուի եւ եղնիկի տեսակներ, վայրի ցուլ, յամոյր, վայրի հնդկահաւ: Այնուհետեւ այս ցանկը ընդարձակուած է եւ ընդգրկած` դլփին, կէտ, սագ, կաքաւ, արագիլ, չղջիկ, լոռ եւ տարբեր թռչուններ: Մայոփաթիի հակամէտ են ամէնէն աւելի փոքր ստնաւորները, կճղակաւոր անասուններն ու թռչունները:
Մօտալուտ Վտանգի Վախը
Կրնայ Մեռցնել
Մարդոց վրայ 1990-ի կէսերէն ի վեր կատարուած ուսումնասիրութիւններ ի յայտ բերած են բնախօսական հարցեր` հոգեբանական սաստիկ լարուածութեան պատճառով: 1995-ին ուսումնասիրողներ Ճերըմի Քլարք, Սիլվի Կոլտմեն եւ Լէոն Էփշթայն ի յայտ բերին, թէ Իսրայէլի մէջ մարդիկ որեւէ օրէ աւելի 18 յունուար 1991-ին մեռած են սիրտի հետ առնչուած հարցերու պատճառով: Բաղդատութիւնը կատարուած է այս թուականին նախորդող եւ յաջորդող ամիսներուն հետ, ինչպէս նաեւ` նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն: Պատճա՞ռը. այս թուականին սկսած էր Ծոցի պատերազմը եւ Իսրայէլի վրայ 18 հրթիռներ արձակուած էին Իրաքէն: Պէտք է նշել, որ այս ուսումնասիրութեան մէջ ներառուած մահուան պարագաները հրթիռներուն պատճառով վիրաւորուած եւ սպաննուած անձերը չէին, այլ` սիրտի հիւանդութիւններու պատճառով մահերը, որոնք պատահած էին հիւանդանոցներէ դուրս:

Քիմիական զէնքերով յարձակումի վախին պատճառով շատ աւելի մեծ թիւով մահեր արձանագրուած են 1991-ին:
«Կեանքի սպառնացող մօտալուտ վտանգի զգացողութիւնը լայնատարած է,- գրած էին ուսումնասիրողները «Ճըռնըլ աֆ տի Ամերիքըն Էսոսիէյշըն» թերթին մէջ:- Քիմիական զէնքերով յարձակումի մը դէմ պաշտպանուելու նպատակով կազի դէմ դիմակներ եւ աթրոփին հակաթոյնը ներարկող ինքնագործ ասեղներ բաժնուած էին բնակչութեան: Իւրաքանչիւր ընտանիք իր տան մէջ պատրաստած էր քիմիական յարձակումի դէմ պաշտպանուած սենեակ մը: Լրատուամիջոցներ կը սփռէին քաղաքային պաշտպանութեան ցուցմունքներ»: Այլ խօսքով, ամբողջ երկիրը մատնուած էր անձկալից վիճակի, իսկ ոմանք այլեւս չէին դիմացած հրթիռներուն պատճառած սարսափին:
Յաջորդ տարի ուսումնասիրողներու այլ խումբ մը քննած էր 17յունուար 1994-ին Լոս Անճելըսի մէջ սիրտի տագնապի պատճառով պատահած մահուան պարագաները: Այդ օր 6.8 աստիճան երկրաշարժ մը պատահած էր առաւօտեան ժամը 4:31-ին: «Հիւսիսային Ամերիկայի գլխաւոր մէկ քաղաքին մէջ երբեւիցէ արձանագրուած ամէնէն զօրաւոր երկրաշարժերէն մէկը», ինչպէս գրած էին ուսումնասիրողները: Անոնք «Նիւ Ինկլընտ Ճըռնըլ աֆ Մետիսըն» թերթին մէջ տեղեկագրած էին առաւօտուն պատահած երկրաշարժէն ետք սրտանօթային հարցերու պատճառով պատահած մեծ թիւով մահերու մասին, ինչ որ հետեւանք էր երկրաշարժին յաջորդած հոգեկան լարուածութեան: Ինչպէս Իսրայէլը հարուածած հրթիռներուն պարագային, այս ուսումնասիրութիւնը եւս չէր ընդգրկեր երկրաշարժին պատճառած վէրքերով մահացած անձերը, այլ` այն մահերը, որոնք հետեւանք էին ահաւոր երկրաշարժին յաջորդած սաստիկ լարուածութեան: Այսուհանդերձ, պէտք է նշել, թէ մահացողներուն մեծ մասը արդէն վատառողջ էր:
Բժշկագիտական Գրականութիւնը
Կը Զիջի
Ճափոնցի ուսումնասիրողներ 1990-ական տարիներուն ստեղծած էին «թաքոցուպօ քարտիոմայոփաթի» եզրը` նկարագրելու համար լարուածութեան պատճառով պատահած սրտի տագնապները: Այս տեսակի մահեր կը պատահին, երբ սրտին ձախ խոռոչը կ՛ուռի: Ճափոնցիք զայն նմանցուցած են ձուկ որսալու յատուկ ամանի մը, որ կը կոչուի թաքոցուպօ եւ կը գործածուի` ընգղաներ (օքթըփըս) որսալու համար:

Զգացական լարուածութեան պատճառով սրտի տագնապի իրողութիւնը ընդունուած է միայն վերջին տասնամեակին:
Սակայն 2005-ին էր, որ բաւարար ուսումնասիրութիւններ ի յայտ եկան բժշկագիտական գրականութեան մէջ, եւ բժիշկներ սկսան նկատի ունենալ երեւոյթը: Այդ տարին լարուածութեան պատճառով քարտիոմայոփաթիի իրողութիւնը ամուր կերպով հաստատուեցաւ բժշկագիտական գրականութեան մէջ, թէեւ բազմաթիւ բժիշկներ կը շարունակեն անոր ակնարկել իբրեւ թաքոցուպօ եւ երբեմն ալ` իբրեւ «կոտրած սրտի ախտանշան»:
Թէեւ պայման չէ, որ տխրութիւնը կամ մերժումը բնախօսական ներգործութիւն ունենան եւ վնաս պատճառեն, սակայն այժմ արդէն կասկած չկայ, թէ մեր ուղեղն ու զգացումները կրնան ուղղակի ներգործութիւն ունենալ մեր մարմնին վրայ: Իսկ երբ իրերը կը վատթարանան, անոնք կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ:
Լոս Անճելըսի կենդանաբանական պարտէզին անասնաբուժներուն խորհուրդը լսելէ ետք է, որ Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ի մէջ սրտաբանութեան դասախօս Նեթըպսըն-Հորովից բաղդատած է որս դառնալու պատճառով յառաջացած մայոփաթին եւ թաքոցուպօ քարտիոմայոփաթին: «Զուպիքուիթի» գիրքին մէջ Նեթըպսըն-Հորովից եւ լրագրող Պաուըրզ հարց կու տան, թէ արդեօք մարդիկն ու անասունները պատուհասող երկու ախտանշանները խորքին մէջ նո՞յնն են:
Պարզապէս ամօթ է, որ այսքան երկար ժամանակ տեւած է, մինչեւ որ բժիշկներ ընդունին այն, ինչ որ վայրի բնաշխարհի կենսաբաններ եւ անասնաբուժներ յայտնաբերած են տասնամեակներ առաջ: Այս երեւոյթը գէթ մտածել կու տայ, թէ անասուններուն հետ մեր բաժնած հասարակաց եզրերը շատ աւելի խոր են, քան ինչ որ կը թուին ըլլալ: Հասարակաց եզրերը բազմաթիւ են, ինչպէս` պարելու կարողութիւն, ժողովրդավար ձեւով իշխել եւ հակառակ սեռը անուշ բոյրերով ներգրաւել: Այս բոլորը գոյութիւն ունին մեր կենսաբանութեան մէջ: Մարդ արարածը պարզապէս բարակ ճիւղաւորում մըն է կեանքի հսկայական ծառին վրայ: Ամօթ պիտի ըլլար մեզի, եթէ մարդկային մեր ամբարտաւանութեամբ մերժէինք մեր վրայ կիրարկել երկրագունդի տարածքին տասնամեակներու ընթացքին այլ անասնատեսականերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն քաղուած գիտելիքները:

