Մովսէս Ծիրանին Հայ Գեղանկարիչներու Հետ
ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Պիտի ըսէք` ինչո՞ւ այս վերնագիրը Մովսէս Հերկելեանի մասին, երբ ան «Նոյեան Տապան» գեղանկարչական տան հիմնադիր տնօրէնն է:
Ոչ միայն նկատած եմ, այլ հաստատ գիտեմ, որ այս տղան, գեղանկարչութեան նուիրեալը, տարիներէ ի վեր նուիրեալ ջատագովն է յատկապէս հայրենիքի մէջ ապրող այն գեղանկարիչներուն, որոնց գործերը անհրաժեշտօրէն պէտք է ներկայացուին ոչ միայն սփիւռքի հայութեան, այլ առհասարակ` աշխարհի, մշակոյթը սիրող ու գնահատող մարդոց:
Մովսէս Ծիրանի-Հերկելեան տարիներէ ի վեր այդ գնահատելի գործին նուիրուած է:
Ինք, բարեբախտաբար իր «Նոյեան Տապան» արուեստի տունը մինակը չէ, որ կը ղեկավարէ: Հերկելեանը իր կողքին ունի կեանքի ընկերուհի մը` բանաստեղծուհի Էլոն: Գեղանկարչութիւն ու բանաստեղծութիւն` անբաժան միասնութիւն:
Եւ որպէսզի հաստատուի վերի հակիրճ տողերուն մէջ ըսուածը, ներկայացնեմ Ծիրանիին աշխատանքներէն օրինակներ: Խօսքին եւ գիրին եթէ չմիանայ կենդանի փաստը, ըսուածն ու գրուածը հովը կ՛առնէ ու կը տանի:
Ուրեմն սկսիմ մօտաւորէն:
Տակաւին 1985 թուականին Մովսէս Ծիրանի կազմեց, գրեց յառաջաբան ու հրատարակեց 64 էջ պարունակող գիրք մը` «Գառնի ուսանողական մատենաշար»-ի առաջին թիւով:
Սարգիս Փարաճանեանի մասին բազմատասնեակ յօդուածներ լոյս տեսած էին Հայաստանի մէջ: Սփիւռքի մէջ նաեւ լոյս տեսած էին հայ մամուլի մէջ կարգ մը յօդուածներ, մանաւանդ այս մեծ մտածողին ու արուեստագէտին անձին ու գործին շուրջ հետաքրքրութեան ալիքի պէս բարձրացաւ ամբողջ աշխարհի մէջ, երբ ան 1973-1977 տարիներուն խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ բանտարկուելով` չարչարանքներու ենթարկուեցաւ:
Մեծ էր Փարաճանեան, ահա թէ ինչո՛ւ անոր բանտարկութեան անիրաւութիւնը բողոքի համաշխարհային ալիք մը բարձրացուց եւ եւրոպական, ամերիկեան ու ափրիկեան հանրածանօթ բեմադրիչներ ու գրողներ իրենց ձայնը բարձրացուցին յանուն Փարաճանովի ազատագրման:
Այդ իրապէս ցնցիչ անիրաւութեան պատճառով, բողոքի համաշխարհային ալիքը այնպիսի ծաւալ ստացաւ, որ խորհրդային իշխանութիւնները ստիպուեցան Փարաճանեանի բանտարկութեան ժամկէտը, որ հինգ տարի էր, մէկ տարի նուազեցնել եւ չորս տարիէն զայն ազատ արձակել:
Մովսէս Ծիրանի նախաձեռնութիւնը ունեցաւ գիրքով մը հանդէս գալու մեծ եւ հանճարեղ հայրենակիցին մասին, ըսելու համար, թէ ո՛վ էր, ուրկէ՛ կու գար եւ ի՛նչ էր արժէքը «ՆՌԱՆ ԳՈՅՆԸ» ժապաւէնին, այս մեծկակ գրքոյկին մէջ տալով նաեւ կարծիքները աւելի քան քսանեակ գրողներու եւ մամուլի օրկաններու: Այս առաջին գիրքն էր, որ լոյս տեսաւ Փարաճանեանի մասին, որով սփիւռքը եւս մասնակից կ՛ըլլար համաշխարհային բողոքին:
Ահա նկարազարդ այս գործը, ուր Փարաճանեանը կը տեսնենք նաեւ ճաղերու ետին: Հոս կը հանդիպինք 54 լուսանկարներու, որոնք Փարաճանեանը կը ներկայացնեն զանազան դիրքերու մէջ: Լուսանկարներու հեղինակը` Գալուստ Պապեան:
«ՆՌԱՆ ԳՈՅՆԸ», արուեստի այս չքնաղ ժապաւէնը կը ներկայացնէր մեր հանճարեղ գուսան, բանաստեղծ Սայաթ Նովայի կեանքը եւ անոր կեանքին ընդմէջէն` հայ ժողովուրդին կեանքը իր բազմադարեան բազում երեսներով ու հակառակ խժդժութիւններու մեր ժողովուրդին ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կարողութիւնը ջրդեղելով, այսինքն` յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները:
Գիրքին առաջին էջին վրայ կը գտնենք հայ գերհանճար բեմադրիչին կարծիքը Սայաթ Նովայի մասին. անցողակի շեշտենք, որ Փարաճանեանը գերհանճար կոչած է ֆրանսական մամուլը:
Սարգիս Փարաճանեանը գրած է. «Հայկական զարթօնքը աշխարհին շնորհեց հմուտ նկարիչներ, բանաստեղծներ, փիլիսոփաներ: Անոնցմէ մէկն է Սայաթ Նովա, որ տաղանդաւոր, ճառագայթուն ու անկրկնելի անհատականութիւն մըն էր»:
……………………………………………………………
«Պիտի խօսիմ այս դարաշրջանին ու մարդոց մասին` իրենց զգացումներուն ու մտածումներուն մասին բարենորոգիչ լեզուով մը, ծայր աստիճան ընդհանրական լեզուով մը, որ իրերուն լեզուն է: Զարդաքանդակները, մագաղաթները, ազգային տարազները, գորգերն ու կահ-կարասիները տարրերն են այդ լեզուին, եւ անոնցմէ կը կազմուին իւրաքանչիւր դարու նիւթական, բայց զգալի ոգեւորութեամբ մը պարուրած յատկութիւնները»: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերէր շարժապատկերի համաշխարհային լեզուին, այս պարագային` Փարաճանեանական լեզուով մը, որուն նոր ըլլալը զարմացուց աշխարհը:
Իսկ Մովսէս Ծիրանին գրած է հոս. «Նռան գոյն»-ին բնակարանը անջրպետն է». այս մէկը փոխառութիւն մըն է Փարաճանեանէն: Ապա շարունակելով իր խօսքը` «Հնչեղ գուներանգներով, լուսատու ձեւոյթներով եւ նուրբ ու զգայուն հոգեմտաւոր թելերով հիւսուած այս շարժապատկերը` «ՆՌԱՆ ԳՈՅՆԸ» «ընդունելի» կը դառնայ ա՛յն ատեն, երբ մէկի փոխարէն, դասական երաժշտական երկի մը պէս, բազմաթիւ անգամներ ակնդիրը ըլլանք անոր: Սակայն, անոր զուգահեռ, հարկ է, որ լաւապէս սերտած ըլլանք այս ժապաւէնին գլխաւոր հերոսին` Սայաթ Նովայի ապրած կեանքը` իր միջավայրին ու ժամանակին մէջ, անհրաժեշտ է տեղեակ ըլլալ հայոց պատմութեան առնուա՛զն գլխաւոր անցուդարձերուն, հարկ է ծանօթ ըլլալ հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան, մշակոյթին, ազգային կենցաղին, բարքերուն, հաւատալիքներուն, ինչպէս նաեւ Խորհրդային միութեան մէջ ապրող հայ անհատին դրական ու ժխտական ապրումներուն` հաւասարապէս, ու խորհրդային քաղաքացիի տարբեր երեսներուն` ընդհանրապէս»:
Ծանր է Ծիրանիին պահանջը, բայց արդէն այդ բոլորը կա՛ն «ՆՌԱՆ ԳՈՅՆԸ»-ին մէջ ուշադիր դիտողին համար:
Այնուհետեւ այս գիրքին էջերուն վրայ կը գտնենք տեսակէտները բազում համաշխարհային վարկ ունեցող բեմադրիչներու կարծիքներուն, նաեւ հայ ու արաբ, ֆրանսացի, իտալացի, անգլիացի ու գերման գրագէտներու կարծիքներուն` եւրոպական, արաբական ու հայ մամուլի էջերէն քաղուած:
Այս մեծ չափի գրքոյկը կարդալով` ամբողջական կարծիք մը կ՛ունենանք Փարաճանեանի անձին ու գործին մասին:
Ահա գովեստի արժանի աշխատանք մը` Մովսէս Ծիրանիի կողմէ:
Մովսէս Ծիրանի 1979-ին «Էրեբունի» հրատարակչատունէն լոյսին եկած Փոլ Կիրակոսեանի ալպոմ-գիրքը կազմած ու յառաջաբանը գրած է: Մեծղի այս հատորին տուեալ խօսքը տրուած է ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներով: Ալպոմին 120 մեծադիր էջերը զարդարուած են 76 իւղաներկ եւ 27 գծանկար սեւ-ճերմակ գործերով: Հերկելեան այստեղ տուած է գեղանկարիչին կեանքը, անոր ստեղծագործութիւններուն եղափոխական զարգացումը, անձնակերտումը որպէս գեղանկարիչ, գործերուն կերպաւորումը, Փոլին տեսակէտներն ու արուեստը, անհատական ցուցահանդէսները 1954-էն մինչեւ 1987, յիսունհինգ անհատական ցուցահանդէս եւ հինգ` խմբային: Աշխարհի 14 թանգարաններու մէջ կը ցուցադրուին Կիրակոսեան փիլիսոփայ-գեղանկարիչին գործերը: Փոլը արժանացած է 12 մրցանակի: Անոր գործերը ներկայացուած են աշխարհի բազմաթիւ մայրաքաղաքներու մէջ: Մէկ խօսքով, ընդունուած գեղանկարիչ մըն է Փոլ Կիրակոսեան, որուն զաւակներէն երկուքը նոյնպէս գեղանկարիչներ են:
Ծիրանի կը յայտնէ, թէ Փոլ Կիրակոսեան նկարել սկսած է մանուկ հասակէն: Ծնած ըլլալով համեստ ընտանիքի մը մէջ` յաճախ զրկուած է գեղանկարչութեան համար անհրաժեշտ ներկէ, վրձինէ, եռոտանիէ եւ այլ նիւթերէ: Ան սկիզբէն իսկ ուսումնասիրած է մարդոց կեանքը, նկարած է խեղճերը, ըմբոստացած, արդէն ո՞ր մէկ արուեստագէտը ըմբոստ մը չէ:
Կիրակոսեան ուսումնասիրած է հին դարերու կեանքը, նաեւ, որպէս արուեստագէտ, մեծապէս հիմնուած է իր ինքնաճանաչման եւ սումերօ-աքքատեան, հին եգիպտական, բիւզանդական, հայկական եւ ընդհանրապէս արեւելեան մշակոյթներու եւ սկսած է ստեղծագործել: Այս բոլորը, սակայն, առանց դաւաճանելու իր արմատներուն: Ապա ուսանելով եւրոպական ոստաններու մէջ, գաղափար մը կազմելով հանդերձ արեւմտեան մշակոյթի նրբութիւններուն շուրջ ինքը չօտարացաւ: Այդ ըսել չէ, թէ սէր չունեցաւ հանդէպ տա Վինչիին, Ռեպրանտին, Սեզանին, վան Կոկին, Կոկենին: Սիրեց այդ մեծանուն գեղանկարիչներուն գուրգուրոտ փայլքը արուեստի:
Փոլ ձերբազատելէ ետք արուեստի կապակցութեամբ ակադեմական խօսքերէ, սերտօրէն կապուեցաւ բնութեան եւ մարդկային տառապող կեանքին:
Փոլին գոյները, որպէս տառապանքի հակադրութիւն, դարձան կենսալի ու փայլուն: Այս բոլորէն ետք մարդկային կեանքը դարձած էր լինել-չլինելու վախով լի, երբ հիւլէական ռումբը ստեղծուեցաւ, ուստի Փոլը խոր թախիծի մէջ ինկաւ եւ մերթ դարձաւ յոռետես, սակայն շուտով թօթափեց զայն եւ պայքարի ոգիով զինուեցաւ, եւ ահա փոխուեցան իր գործերուն գոյները եւ իր նկարները եղան պոռթկուն, իր գործերը` յստակ, շարժուն, շնչող, կենսունակ:
Շրջան մը հետեւեցաւ ֆովիզմին, ապա հեռացաւ, յուշիկ-յուշիկ հեռացաւ կրօնական նիւթերէ` հետեւելով մարդկային նիւթերու եւ նկարելէ ետք մարդոց գետնամած դարձած թշուառութիւնը, իր գործերը դարձան ըմբոստալի եւ պայքարի մղեցին մարդը:
Փոլը տառապեցաւ իր ժողովուրդին վիճակուած ահաւոր փաստէն: Ու նկարեց ցեղասպանութեան ենթարկուած իր ժողովուրդը:
Հերկելեան միայն մէ՞կ հայ գեղանկարիչ ներկայացուցած է: Ո՛չ:
«Նոյեան Տապան»-ը, այսինքն Մովսէս Ծիրանի, հրատարակած է Հենրիկ Իգիդեանի Հայաստանի մանուկներու արուեստի թանգարանին «Կենաց ծառ»-ը գունատիպ ալպոմը, ուր կարծէք ամէն հայ գծող մանուկ գեղանկարիչ ծնած ըլլար: Այս ոչ միայն մեզի, այլ աշխարհին համար ներկայանալի հրատարակութիւնը ինք անձամբ խմբագրած ու հրատարակած է: Մե՛ծ պատիւ:
Իգիդեան, որ յաճախ կը կրկնէր` «Չի բաւեր հպարտանալ միայն անցեալով, հիմա, այսօր ի՞նչ կ՛ընենք», հարցադրումը, ինք հիմնած է Մանուկներու արուեստի եւ Հայաստանի ժամանակակից արուեստի թանգարանները, 1970-ին, անշուշտ` ուրիշներու մասնակցութեամբ:
Հերկելեանի հրատարակութիւններէն է նաեւ Դաւիթ Դաւիթեանի (David D) գեղանկարներու ալպոմը, ուր կը տեսնենք հին ու նոր աշխարհը:
Դաւիթեան նախապատմական աշխարհը նկարելով` մեր դարը նկատի ունի: Քի՞չ են այսօր մարդոց վայրենիութիւնները: Դաւիթեան ծնած է Վանաձոր, 1971-ին:
«Նոյեան Տապան»-ը դարձեալ ինք, 2004-ին հրատարակեց Էդիկ Բերդեան նկարիչին ալպոմը: Բերդեանի աչքերուն մէջ կրնանք տեսնել ժամանակակից Հայաստանը: Կեանքը այս մարդուն տխրութիւն տուած է, տխրութիւն ցանողը ուրախութիւն կրնա՞յ հնձել:
Մովսէս Ծիրանի յաջորդաբար կը հրատարակէ հայրենի գեղանկարիչներու գործերը: Ան կ՛ուզէ, որ ոչ միայն մենք, այլ օտարները եւս ճանչնան մեր արուեստագէտները:
«Նոյեան Տապան»-ի հրատարակած ուրիշ հրաշալի ալպոմ մըն է Հ. Իգիդեանի պատրաստած գործը «Հայաստանի ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ի մասին, հրատարակուած` 1995-ին: Հոս կը ներկայացուին հայրենի ժամանակակից բազմաթիւ գեղանկարիչներու128 իւղանկար:
«Նոյեան Տապան»-ը Մ. Ծիրանիի խմբագրութեամբ ալպոմներ հրատարակած է` նուիրուած Վահրամ Դաւթեանին, Սուրէն Ոսկանեանին, Վահան Ռումելեանին, Եուրոզին, Հ. Արմենեանին, Թորոս Տէր Յակոբեանին, Սերգէյ Փարաճանովի եւ այլն:
Վերջապէս, Անթիլիաս հրատարակուած Արտաշէս Յունանեանի «Պահպանակ»-ը հատորին խմբագիրը նոյնինքն Մ. Ծիրանին է: Այս հատորի յառաջաբանին մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոս կը գրէ. «Ընթերցումիս առաջին հակազդեցութիւնը եղաւ յափշտակութիւնը: Խռովայոյզ մարդկայնութեամբ բխումն էր, առատահոս, բազմերես եւ բիւրապատկեր արտայայտութեանց ճոխութեամբ հարուստ գրական ոճով մը հանդերձուած: Իսկ Մովսէս Հերկելեան, որ նախաձեռնողն է գործին լոյս գալուն, կը գրէ. «Տարածութեան մէջ չպարփակուող եւ ժամանակէն վեր ապրող արուեստագէտ մը: Հակառակ Յունանեանի անուան շուրջ ստեղծուած միջազգային հետաքրքրութեան ու արուեստի լայն ժողովրդականութեան, մարդասիրութեան, անբիծ հայրենասիրութեան եւ ջինջ հաւատքին` խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ «ծաղրուեցաւ», «քարկոծուեցաւ» ու «թշնամի» հռչակուեցաւ: Յունանեան բազմակողմանիօրէն օժտուած արուեստագէտ մըն է»:
Հերթը հասաւ Թորոս Տէր Յակոբեան սիրուած նկարիչին, որ վերջերս մահացաւ: Նկարիչ, որ ծանօթ էր իր ջրանկարներով: 1929-ին Ռայաք ծնած այս գեղանկարիչը ծաղիկ ցանեց իր շուրջբոլորը` իր կեանքի ողջ ընթացքին, որ ծաղկավառ դառնայ աշխարհը: Ան Լիբանանի մէջ սիրուած գեղանկարիչ դարձաւ թէ՛ հայոց թէ արաբներու համար: Իր մասին շատեր գրեցին, ինչպէս Սոնիա Նիկոլեանը, Ժոզեֆ Թարրապը, Մ. Զէյտենին, Էտկար Դաւիթեանը եւ ուրիշներ: Բնանկարի այս վարպետին մասին Մ. Ծիրանի կը գրէ. «Իրենց ջերմ ու թովիչ արտայայտչականութեամբ Թորոսի ջրաներկերէն շատեր ունակութիւնը ունին ամոքելու վիրաւորուած սրտերն ու զովացնելու տաղուած հոգիները: Այս զգայուն եւ տաղանդաւոր արուեստագէտը բնութիւնը կը դիտէ ոչ թէ դուրսէն, այլ կ՛ապրի զայն ներսէն: փիլիսոփայական ըմբռնումով «պանթէիստ» մը չէ ան, այլ գեղեցիկի բիւրեղ զգացողութեամբ մը կը մերուի բնութեան, նիւթապաշտութենէ հեռու, Պանի պէս, որուն բնապաշտութիւնը տոգորուած է անմնացորդ անկեղծութեամբ եւ հոգեւոր մարդասիրութեամբ»:
Վերջապէս, ահա «Նոյեան Տապան»-ի հրատարակութենէն գեղանկարիչ Վահանը` Ռումելեան, որ ծնած է Երեւան,1963-ին, աւարտած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստական ուսումնարանը, ապա` Երեւանի գեղարուեստի հիմնարկը: Միջոցին` Փարիզի մէջ ուսումնասիրած է վերացական արուեստը: 1991-ին զինք կը գտնենք Փարիզ եւ Լոնտոն, ուր կը հետեւի ժամանակակից արուեստի հիմնարկներուն:
Իր գործերը 26 անգամ ներկայացուած են թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ այլ բազմաթիւ մարաքաղաքներու մէջ, Երեւանէն, Փարիզ, Մոնաքօ, Միլան, Վիեննա, Հռոմ, Փեքին, Պուէնոս Այրես, Մոնրէալ, Պէյրութ, Մատրիտ, Պերլին եւ այլն: Իր գործերուն կը հանդիպինք Փարիզի, Մոսկուայի, Երեւանի, Արցախի թանգարաններուն մէջ:
Ծիրանիի հրատարակած ալպոմին մէջ ուրախութիւնը կ՛ապրինք դիտելու Վահանի գործերէն 60 գեղանկարներ լայնածաւալ ալպոմի 48 էջերուն վրայ:
Բացի այս շնորհակալական գործերէն, ի՞նչ գործերով զբաղած է Մովսէս Ծիրանի Հերկելեանը:
Հայ գեղանկարիչներու գործերը ցուցադրած է եւրոպական երկիրներէն սկսեալ մինչեւ Չինաստան եւ Ամերիկա: Ան ճիշդ ուղիի վրայ է: Ինչ որ շատեր չեն ըրած, չեն կրցած իրագործել, իրաւունք ունին նախանձելու Մովսէսին, բայց ոչ` չարախօսելու: Ան զանազան երկիրներու մէջ ցուցադրած է յետխորհրդային հայ գեղանկարիչներու ալպոմը «Post Soviet Painting»: Բազմաթիւ անգամներ հայ գեղանկարիչներու գործերը ցուցադրած է բազմազան երկիրներու մէջ կայացած ցուցահանդէսներու, մինչեւ իսկ` «Կարուսել տը Լուվր»-ի մէջ:
Մովսէս Ծիրանին, կրնանք ըսել, վերջին տասնամեակներուն զանազան միջազգային հրատարակութիւններու մէջ ներկայացուցած է հայ գեղանկարիչները: Յիշենք այդ հրատարկութիւններէն «La Gazette des Arts» (Արթ Մոնաքօ), «Ֆայն արթ մակըզին», «Լուքս իմմօ»,«Էլ. Այ. արթ», «Արթեքլասիա» եւ այլն:
Մարդը աշխատանքով է մարդ: Իսկ աշխատանքը ինք կը խօսի:
Հայու պարագային, աշխարհը մեր մասին պիտի խօսի ա՛յն ժամանակ, երբ մենք հայու գործերը ներկայացնենք աշխարհին:
Մովսէս այդ գործն է, որ կը շարունակէ: Ինք խօսելու պէտք չունի, իր գործն է, որ պիտի խօսի…

