«Յուշամատեան Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի 25-Ամեակի»

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Houshamadian-Khatcher-KalousdianՈւրախութեամբ կը դիմաւորենք ազգային մեր կեանքին մէջ իր արժանաւոր դերը ունեցած «Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոն»-ին 25-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Յուշամատեան Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 25-ամեակի» հատորը, հրատարակուած` 2013-ին, Անթիլիաս: 191 էջերէ բաղկացած հատորը կը ներկայացնէ կեդրոնին 25 տարիներու ջանադիր աշխատանքը: Հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Շահէ Գալուստեան, իսկ Պարոյր Աղպաշեան կատարած է համակարգումի դասաւորումը եւ խմբագրումի աշխատանքը:

Հատորը կը բացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրով, ուր վեհափառը կը շեշտէ ըսելով. «Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոն»-ը, իր հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանքով արդարացուց իր նպատակը` մեծ թիւով ուսուցիչներ կազմաւորելով եւ իր կարեւոր ներդրումը կատարելով հայ դպրոցի մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան»:

Յառաջաբանին մէջ կը շեշտուի, որ կեդրոնը ամբողջ քառորդ դար մնաց պատնէշի վրայ, այն հաստատուն հեռանկարով որ ան կը պատրաստէր մասնագէտ մանկավարժներ, որակաւոր ուսուցիչներ եւ յանձնառու դասատուներ: Անիկա կատարած է եւ յաջողած` իր մանկավարժական առաջադրութիւններուն մէջ, հայ ուսուցիչին տալով կազմաւորման համապատասխան հիմք եւ ուղի, նաեւ` ասպարէզային աստիճանաւորական (պետական) ընդունում ու ճանաչում:

Khatcher-Kalousdian

Փրոֆ. Խաչեր Գալուստեան

Փրոֆ. Խաչեր Գալուստեանի կենսագրութեան նուիրուած բաժինին մէջ կը յիշուի, որ ան ծնած է 1915-ին, Մարաշ: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Մարաշի, Ժիպէյլի որբանոցներուն եւ Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ նախակրթարանին մէջ: Ան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի Ամերիկեան քոլեճէն: 1932-1938-ին ուսուցչական պաշտօն վարած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, իսկ 1938-1942-ին` Թրիփոլիի Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ: 1944-1953-ին իբրեւ տնօրէն պաշտօնավարած է Պէյրութի Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Պաշտօնավարութեան զուգահեռ շարունակած է ուսում եւ 1958-ին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է մագիստրոս տիտղոս մանկավարժութեան մէջ: 1960-1964-ին իբրեւ տնօրէն պաշտօնավարած է Կիպրոսի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: 1966-ին Ֆիլատելֆիոյ Թեմպըլ համալսարանէն ստացած է յառաջացեալ ուսմանց վկայական: 1966-1976-ին Հայկազեան քոլեճին մէջ պաշտօնավարած է իբրեւ մանկավարժութեան փրոֆեսէօր:

Փրոֆ. Խաչեր Գալուստեանի իտէալը եղած է ունենալ իր սեփական դպրոցը, որ կեանքի կոչուեցաւ 1974-ին. դպրոցը կոչուած է Գալուստեան Համապարփակ կրթական հաստատութիւն: Գործեց մինչեւ 1981, որմէ ետք փակուեցաւ: Փրոֆ. Գալուստեան մահացաւ 1985-ին:

«Խաչեր Գալուստեան հիմնադրամ»-ի հաստատման եւ մանկավարժական կեդրոնի բացման, ինչպէս նաեւ անոր ուսումնական ծրագիրին վերաբերեալ համապարփակ տեղեկութիւններ արձանագրուած են:

«Խաչեր Գալուստեան» հիմնադրամը հաստատուած է փրոֆ. Գալուստեանի յիշատակին, իր կնոջ` Վանուհիի եւ զաւակներուն կողմէ: Հիմնադրամը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ:

Մանկավարժական կեդրոնը նպատակ ունեցած է որոնել կամ ստեղծել գործնական միջոցներ, որոնցմով կարելի ըլլայ պատրաստել ուսուցիչներ հայ դպրոցներուն համար եւ բարձրացնել ուսուցիչներուն  որակը: Հիմնադրամէն կրնան օգտուիլ բոլոր այն հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք իրենց երկրորդական ուսումը աւարտած են եւ կ՛ուզեն նուիրուիլ մանկավարժական ասպարէզին:

Կեդրոնին գործնական դասանիւթերը եղած են.

1) Շարադրական գործնական աշխատանք
2) Հայերէն լեզուի ուսուցումի կերպ նախակրթարանի մէջ
3) Հայերէն լեզուի եւ հայ գրականութեան ուսուցումի կերպ միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ
4) Հայոց պատմութեան ուսուցումի կերպ նախակրթարանի մէջ
5) Հայոց պատմութեան ուսուցումի կերպ միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ
6) Կրօնի դասաւանդումը նախակրթարանի մէջ
7) Գործնական մանկավարժութիւն
8) Լսա-տեսողական սարքերու օգտագործում
9) Մանկական հոգեբանութիւն:

Գրիգոր Շահինեան կը զեկուցէ. կողքին Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը, Ոսկեբերան Արզումանեանը եւ Ժիրայր Դանիէլեանը

Գրիգոր Շահինեան կը զեկուցէ. կողքին Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը, Ոսկեբերան Արզումանեանը եւ Ժիրայր Դանիէլեանը

Կեդրոնին առաջին վարիչը եղաւ Գրիգոր Շահինեան: Կեդրոնը ունի եռանդամ ուսանողական խորհուրդ մը, որ վարիչին եւ դասախօսներուն հետ կը կազմակերպէ մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներ:

«Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոն»-ը 2003 յունուարին ստացաւ կրթական նախարարութեան յատուկ արտօնագիրը, որով կեդրոնը օրինական գոյութիւն կ՛ունենայ այնուհետեւ:

Գրիգոր Շահինեան իբրեւ վարիչ քսան տարի շարունակ իր նպաստը բերաւ կեդրոնի զարգացման մէջ: Այնուհետեւ Կարօ Յովհաննէսեան ստանձնեց վարիչի պատասխանատուութիւնը:

Գրիգոր Շահինեանի բերած նպաստին արժեւորումը կատարելով Կարօ Յովհաննէսեան, անոր կենսագրական գիծերը ներկայացնելով կ՛ըսէ. «Շահինեան ստանձնած է ղեկավարութիւնը այս կեդրոնին քսան տարի շարունակ (1987-2007): Այս ժամանակաշրջանին կեդրոնը տուած է աւելի քան հարիւր շրջանաւարտ:… Կեդրոնին մէջ Շահինեանի մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ գոյակցութեան յատուկ մթնոլորտի մը ստեղծումը»:

Կարօ Յովհաննէսեան

Կարօ Յովհաննէսեան

Այնուհետեւ Կարօ Յովհաննէսեան կը շեշտէ. «Քսանամեայ այս վաստակին դիմաց, կը հաստատենք անվերապահօրէն, որ «Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոն»-ը մեծաւ մասամբ հաւասար է Գրիգոր Շահինեանի»:

Հատորի վերջաւորութեան փրոֆ. Խաչեր Գալուստեանէն անտիպ գրութիւններու փունջ մը ներկայացուած է:

25-ամեակին առիթով արձանագրած իր խօսքին մէջ Շահէ Գալուստեան կ՛ընդգծէ. «Գիտութիւնը ունեցողներուն իրենց գիտութիւնը եւ զօրութիւնը ճարտարօրէն, արդիւնաբեր եւ գործնական փուլի մէջ դնելով եւ օգտակար դարձնելով իրենց եւ շրջապատի մտածողութեան մէջ նոր հորիզոններ բանալով է որ կ՛արժեւորուի: Առ այդ գիտնալը եւ գիտութիւն ունենալը ինքնին նպատակակէտ ըլլալէ կը դադրին եւ կը դառնան նախանիւթ մը զայն արդարացի դարձնելու»:

Իսկ «Ազգապահպանումի եւ ազգապահակութեան կրթութիւն» խորագրեալ բաժինով Շահէ Գալուստեան կ՛ըսէ. «Ազգապահպանման կերտումը եւ դաստիարակչական խախտումները դարմանելով եւ յաւուր կարեւորութիւն ընծայելով առողջ դաստիարակչական սկզբունքներով` մանուկ հասակին կրնայ նպաստաւորուիլ արմատականօրէն: Կանուխ տարիքին առողջ դաստիարակութեան պակասը մեծ տոկոսով անդարմանելի է անհատին կեանքին ապրած տարիներու ընթացքին: Չափահաս պայմաններու մէջ անհատին ընկալումը մանկութեան շրջանին ստացած ուղեցոյցներէն տարբեր, շատ քիչ տոկոսով եւ քիչերով միայն իրագործելի է»:

Հատորի վերջաւորութեան ներկայացուցած է մանկավարժական եւ ուսուցչանոցի հեռակայ համալիրի ծրագիրը, ուր կ՛ըսուի. «Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոն»-ը կը միտի իր արդիւնաւէտութեան դաշտը ընդլայնել, «հանդէս գալ նոր համալիրով մը, որուն իրականացման համար զաւակները պատրաստ են յաջողցնելու գործունէութեան ու շինարարական նախագիծ-ծրագիր մը»: Ծրագիրը կը ներառէ հաստատութիւն մը` սրահով, գիշերօթիկի բաժինով, ճաշարանով, ներքին եւ բացօթեայ զբօսանքի դիւրութիւններով, դասախօսական սրահով, դասասրահներով: Նախագիծը իրագործելու համար մօտաւոր պահանջը գնահատուած է երկու հազար քառակուսի մեթր հողային տարածութեամբ, Մեթնի շրջանին մէջ:

«Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոն»-ը ունեցած է նաեւ հրատարակչական գործունէութիւն: Կեանքի կոչուած է նաեւ «Ֆանարի Գալուստեան օժանդակ հիմնադրամ»-ը: Աւարտին, տեղին է մէջբերում կատարել Արամ Ա. վեհափառին կողմէ այս գիրքի հրատարակութեան առիթով յղուած հայրապետական օրհնութեան գիրէն.

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կառոյցին ու համազգային առաքելութեան մաս կազմող մանկավարժական այս կեդրոնը պէտք է դառնայ աւելի կազմակերպ իր գործունէութեամբ եւ նպատակասլաց` իր կոչումով: Ինչո՞ւ: Առաջին, որովհետեւ հայ մանուկի դաստիարակութեան լծուած հայ ուսուցիչներու հետզհետէ նօսրացող ներկայութիւնը հայ դպրոցներուն մէջ սկսած է դառնալ լուրջ մտահոգութիւն: Երկրորդ` որովհետեւ հայերէն գիտցող եւ հայագիտական նիւթերու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ ունեցող հայ ուսուցիչներուն թիւը զգալի նահանջի մէջ է: Այս խորապէս մտահոգիչ երեւոյթը համասփիւռքեան է: Ահա այս կացութեան դիմաց «Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոն»-ը կոչուած է ո՛չ միայն մանկավարժական մեթոտներով ու գիտելիքներով կազմաւորել հայ ուսուցիչը, այլ նաեւ զինք զինել հայագիտական հիմնական գիտելիքներով»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )