Հայ Մնացորդացին Դէմ Դաւ` Միշտ Անբարոյ Մեղսակցութեամբ «Մեծ Տէրութեանց»
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Տեղականէ, տեղայնականէ եւ քաղաքական համարուած (չ)իմաստութիւններէ տարբեր մտածում եւ նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ են:
Սուրիոյ վարչակարգին դէմ շղթայազերծուած պայքարին զօրավիգ կանգնող «մեծեր»-ը նախօրօք մտածա՞ծ էին ապահովական միջոցներու մասին, որպէսզի նոր ոճիրներ չգործուին անպատիժ մնացած նախկիններու հունով:
Հայկական Կիլիկիոյ պարպումէն եւ յանձնումէն երկու տասնամեակ ետք Ֆրանսան Ալեքսանտրեթի սանճագը զիջած էր Թուրքիոյ` ցեղասպանութենէ ճողոպրած այդ շրջանի հայ ազգաբնակչութեան պարտադրելով նոր տեղահանութիւն, գաղթականութիւն, ցեղասպանութեան շարունակութիւն եւ հայրենազրկում:
Յաջորդական այդ զիջումները անտարբերութեամբ ընդունած էին միջազգային համայնքը, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց կարգախօսներով փքուող պետութիւնները` տուրք տալով ռէալ փոլիթիքին: Գութի փշրանքներ փոխարինած էին իրաւունքը:
Սուրիոյ վարչակարգին դէմ երբ պայքար կը շղթայազերծէին, մտածա՞ծ էին հաւանական փորձուած եւ մոլեռանդ «գործակիցներ»-ու մասին, որպէսզի անոնք իրենց կարգին ծնունդ չտան նոր անարդարութիւններու, ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ: Այսօր իրողութիւն է, որ փոխան արդարութեան եւ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ` դէմ առ դէմ կը գտնուինք աւերածութիւններու, անմեղներու մահուան, կրօնական հալածանքներու, մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու, օրինակ` դրամաշորթութեան համար առեւանգումներու:
Անպատժելիութեան այս մթնոլորտին մէջ Թուրքիան նոր տեսակի վարձկաններով «սանճագ»`ի նուէրէն փրկուած հայկական Քեսապը կը գրաւէ` հայ ժողովուրդին հոն ապրող մնացորդացին պարտադրելով նոր գաղթականութիւն, ուժի ամբարտաւան ցուցադրութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման 100-ամեակի նախօրեակին: Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ֆրանսան, ցեղասպանութիւնը Մեծ եղեռն կոչող Միացեալ Նահանգներու նախագահը, եւ այն բոլոր երկիրները, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու շնորհը ըրած են, ըսելիք եւ, մանաւանդ` ընելիք չունի՞ն:
Իրենց նախահայրերու հողէն եւ պապենական տուներէն արտաքսուած են քաղաքայիններ, որոնք պատերազմիկ կողմ չէին: Ի՞նչ անուն կարելի է տալ այս նախնական եւ վայրագ ընկերութիւններու յատուկ վերաբերումին: Գրաւել եւ հաստատուիլ ուրիշի տան մէջ: Դեռ կարելի է ուրախ ըլլալ, որ բռնագրաւողները չեն ջարդած տեղւոյն բնակչութիւնը, ինչ որ զարմանալի պիտի չըլլար:
Սուրիոյ վարչակարգին դէմ գործելու ընթացքին պէտք է նշել որ ոչ ոք նկատի առած էր կողմնակի բացասականութիւնները, ինչպէս` փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնները: Մեծ տէրութիւնները կրնայի՞ն անգիտանալ այդ հետեւանքները եւ այսօր ընդունելի՞ է, որ պատասխանատու չըլլան այդ սխալներուն համար: Իսկ եթէ գիտակցաբար այդ սխալը գործած են, ո՞ր միջազգային դատարանին հաշիւ պիտի տան:
Հայաքաղաք Քեսապի դէմ գործուած նախայարձակման ուղղակի եւ անուղղակի պատասխանատուութիւնները պէտք է որ ճշդուին, ուղղակի նախայարձակման յանցանք եւ կրաւորականութեամբ յանցանք: Այս պարագային, եթէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը անատակ ըլլայ իրաւունքը վերահաստատելու, ապահովելու գաղթականներու վերադարձը եւ արդար հատուցում ընելու, որպէսզի զոհերու տուները, տնտեսութիւնը եւ բնական կեանքի պայմանները վերստին ստեղծուին, հարկ է բողոքել: Եթէ անցեալի եւ ներկայի «մեծ տէրութիւններ»-ը չէին գիտեր, թէ ինչե՜ր կրնային պատահիլ, երբ Թուրքիոյ գործակցութեամբ սուրիական հարց կ՛ուզէին լուծել, պարզապէս արգահատելի են եւ յանցաւոր: Թուրքիան հաւատարիմ է իր ծաւալապաշտ վարքագիծին, այդ ծաւալապաշտութեան ճամբան հարթողները յանցագործ են, եւ հայ ժողովուրդի զաւակները, ուր որ ալ գտնուին, իրենց բողոքը եւ ցասումը պէտք է արտայայտեն` առանց տուրք տալու պատշաճեցումներու եւ սէրերու:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան լիիրաւ անդամի հանգամանքով, միջազգային քննչական մարմին ստեղծելու պահանջով հրապարակ պէտք որ գայ: Պէտք որ եկած ըլլար: Այս նոր բռնագրաւման եւ գաղթականութեան պարտադրանքին դէմ համազգային եւ բոլոր միջոցներով եթէ ոտքի չկանգնի մեր ժողովուրդը, տարի մը վերջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակ նշելու նախաձեռնութիւնները կը դառնան ընկոյզի դատարկ կճեպ:
Այս նոր բռնագրաւումը կանխիկ պատասխան է 100-ամեակի սպասուող զօրաշարժին:
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, բարեսիրական աղուոր զգացումները, զօրակցութիւնները եւ հաղորդագրութիւնները պէտք չէ ստուեր ձգեն էական հարցին վրայ:
Այդ էական հարցով կը սպասուի ղեկավարութիւններու ճապկումներէ զերծ հակազդեցութիւնը:
Անպատժելիութեան վարժ Թուրքիոյ ձեռքերը ազատ ձգողները եւս հաշիւ պէտք է տան` դադրելով ամենագէտ իրաւարարի դերը խաղալէ:
Վերականգնումը ճառերու գումար չէ, վերհամայնաքային եւ վերմրցակցային է: Այս իրաւ ազգային գիտակցութիւնը պէտք է ներշնչել, որպէսզի ստեղծուի համազգային յանձնառութեան ալիքը:
Այս վերականգնումին համար արտաքին միջամտութիւն եւ ուժեր անհրաժեշտ չեն:
1 ապրիլ 2014, Նուազի-լը-Կրան

