«Մհեր Մկրտչեան» Թատերախումբ «Երկու Կին Մէկ Ամուսին» Կատակերգութեան Ներկայացում
Անցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ Ռէյ Քունիի «Երկու կին մէկ ամուսին» կատակերգութեամբ, բեմադրութեամբ` Յարութ Գնդունիի:
«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հիմնուած է մայիս 2013-ին` Պէյրութի մէջ, եւ բեմադրուած կատակերգութիւնը խումբին առաջին ներկայացումն է: Թատերախումբին նպատակն է ստեղծել թատերական լիարժէք եւ արդիական ներկայացումներ, կապ հաստատել սփիւռքահայ, հայրենական, արաբական եւ օտար թատերախումբերու, ինչպէս նաեւ թատրոնի գործիչներու հետ:
Արդարեւ, 2 ժամուան ընթացքին դերասաններ Քրիսթինա Սրապոնեան, Բալիկ Սրապոնեան, Սիմոն Եափուճեան, Վիգէն Քէօշկէրեան, Ռաքէլ Թերզեան, Դանիէլ Քէօրօղլեան եւ Յարութ Սիմոնեան, համախմբուած` բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի շուրջ, կրցան մարմնաւորել իրենց ստանձնած դերերը եւ ներկայացնել այժմէական եւ ներկայիս գաղութին մէջ ընդհանրացած երեւոյթ մը, որ բաւական խնդուք եւ ծիծաղ ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ:
Յայտնենք, որ կատակերգութիւնը կը շարունակուի ներկայացուիլ նաեւ այս շաբաթավերջին, 12 եւ 13 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

