Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 49-70

basket1Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, շաբաթ, 5 ապրիլին Մութթահետ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը, 70-49 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (11-11, 16-20, 10-21 եւ 12-18):

ՀՄԸՄ-էն Նաթալի Սվաճեան նշանակեց 28 կէտ, ապա յաջորդաբար` Լէյլա Ֆարես` 19 եւ Մեղրի Թորոսեան` 11 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին, անիկա պիտի սկսի վաղը եւ աւարտի շաբաթ, 12 ապրիլին, երբ երեկոյեան ժամը 19:00-ին ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:

Share this Article
CATEGORIES