ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Ջաւախքը. Մտերմիկ Ու Ճոխ Զոյգ Երեկոներ` Ջաւախահայ Պատանեկան Եւ Երիտասարդական Խումբերուն Հետ

badani.0504«Թող որ սուրայ`
Զուարթ երգերում,
Ամէն հանդէսում եւ խնճոյքներում:
Լսւում է նոր քաջ,
Շքեղ բովանդակ
Ելի՛ր քաջազուն,
Իմ Ախալքալաք»:

Ջաւախքի զուարթ պարերն ու երգերը հասան Պէյրութ` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն մօտ, որոնք ծանօթ էին Ջաւախքին ու անոր մշակոյթին` իրենց դաստիարակչական ծրագիրին ընդմէջէն: Այս անգամ, անոնք բախտաւորութիւնը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու Ջաւախքի ներկային եւ ըմբոշխնելու անոր իւրայատուկ մշակոյթը:

Այսպէս, ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի հովանաւորութեամբ, շաբաթ, 5 ապրիլին պատանեկան միութիւնները անցուցին մտերմիկ երեկոյ մը ջաւախահայ 9 պատանիներուն ու իրենց 2 պարուսոյցներուն հետ, որոնք ժամանած էին Պէյրութ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին հրաւէրով: 150 պատանիներ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, ջաւախահայ խումբին հետ միասնաբար ընթրեցին ու իրազեկ դարձան Ջաւախքի ներկայ պատմութեան` ՋԱՀ յանձնախումբի վերամշակած վիտէօ երիզի մը միջոցով: Ձեռնարկէն առաջ իսկ ՀՅԴ պատանիները ջաւախահայ պատանիներուն ծանօթանալով սկսած էին միասնաբար պարել ու ծանօթանալ Ջաւախքի մշակութային հարստութեան: Իսկ ձեռնարկի ընթացքին անոնք  վայելեցին խումբին մատուցած պարային ելոյթը, ապա պարուսոյցին ղեկավարութեամբ միասնաբար սորվեցան ու պարեցին տոհմիկ շուրջպար մը: Պատանիները իրենց եռանդուն երեկոն գագաթնակէտին հասցուցին յեղափոխական երգերով ու փակեցին այս հանդիպումը դարձեալ կրկնելու փափաքով:

Երկրորդ հանդիպումը այս անգամ «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի ու պարի ժողովրդային զոյգ համոյթներուն հետ էր կիրակի, 6 ապրիլ 2014-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: Մեծ թիւով պատանիներ, տարբեր միութիւններէ, շարունակելով նախորդ օրուան տոհմիկ մթնոլորտը, քաջալերեցին ՋԱՀ յանձնախումբի այս ձեռնարկը`  իրենց մասնակցութեամբ ու խանդավառութեամբ:

Ընկերային ու դաստիարակչական այս զոյգ ձեռնարկներով պատանիները ապրեցան հայրենական կարօտը, զուտ գաւառական մթնոլորտով, առաւել դրօշմելով Ջաւախքի ու ջաւախահայութեան դատի այժմէականութիւնը մեր առօրեայ ու ապագայ աշխատանքներուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES