«Տէր Կանգնինք Ջաւախքին» Խորագիրով Գեղարուեստական Երեկոյ` Ջաւախքի «Գոհանամք» Եւ «Հայք» Երգ Ու Պարի Համոյթներուն
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբին, «Ջաւախեան շաբթուան» ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 6 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր կանգնինք Ջաւախքին» խորագիրով գեղարուեստական ելոյթ մը, որ «Ջաւախեան շաբթուան» ձեռնարկներու շարքին վերջինն էր: Գեղարուեստական ելոյթին մասնակիցներն էին Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգ ու պարի համոյթները, որոնք ՋԱՀ յանձնախումբին հրաւէրով յատուկ այս ձեռնարկին համար Լիբանան եկած էին:
ՋԱՀ յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Գառնէշեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Ջաւախքի կարեւոր տեղն ու դերը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր մշակութային արժէքը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Յակոբ Գառնէշեան յայտնեց, որ Ջաւախքի ունեցած ներդրումը հայկական իրականութեան մէջ անժխտելի է, ուստի իբրեւ հայկական սփիւռք պէտք է տէր կանգնիլ եւ քաջալեր հանդիսանալ յատկապէս մշակութասէր եւ արուեստագէտ երիտասարդութեան, որպէսզի հայկական մշակոյթը իր դիմագիծը պահելով աւելի եւս պահպանուի եւ փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Ապա ազգագրական երգերով ու պարերով ելոյթ ունեցան «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգ ու պարի համոյթները, որոնք ներկայացուցին ջաւախահայութեան յատուկ պարեր:
Ելոյթի աւարտին, առ ի երախտագիտութիւն զոյգ համոյթներուն Լիբանան այցելութեան, ՋԱՀ յանձնախումբին անունով Յակոբ Գառնէշեան յուշանուէր մը յանձնեց խումբերու գեղարուեստական ղեկավար Նասլետ Քեյեանին:
Ձեռնարկին աւարտին խօսք առաւ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՋԱՀ յանձնախումբին յայտնեց, թէ նման նախաձեռնութիւններ չափազանց կարեւոր են ջաւախահայութեան, սփիւռքին եւ ընդհանրապէս հայութեան համար, որովհետեւ փոխադարձ այցելութիւններով, զիրար ճանչնալով եւ օգտակար ըլլալով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ մեր հիմնական նպատակին` ամբողջական Հայաստանի կերտման:

