Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողով ԺԲ-րդ Նիստ. «Եկեղեցին Ժողովուրդին Տանիլ Եւ Ժողովուրդը Եկեղեցիի Վերածել» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովի ԺԲ-րդ նիստը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 3 եւ ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Դիւանի անդամ ընտրուեցան ատենապետներ` Շահան արք. Սարգիսեան, Շահէ եպս. Փանոսեան. ատենադպիրներ` Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Զարեհ աբղյ. Սարգիսեան: Ողջոյնի իր խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց, որ նման հանդիպումներուն առանցքը կը կազմեն ինքնաքննութիւնը, ինքնարժեւորումը եւ ինքնասրբագրութիւնը: Միաբանութիւնը, եզրակացուց վեհափառ հայրապետը, անհրաժեշտ է որ հարստացնէ իր հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը սիրոյ եւ եղբայրական ոգիով եւ ծառայութեան գիտակցութեամբ:
Վեհափառ հայրապետին պատգամէն ետք, ժողովը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ սուիրահայութեան տագնապին եւ որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր:
Ապա, կարդացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ միաբանութեան տնօրէն ժողովի տեղեկագիրը եւ կատարուեցաւ նոր անդամներու ընտրութիւնը (Կորիւն արք. Պապեան, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, Նորայր եպս. Աշըգեան, Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, Ղեւոնդ վրդ. Բէնթէզեան):
Յաջորդ օրակարգով, միաբանութեան ժողովը որդեգրեց եկեղեցական զգեստներու գործածութեան գծով մշակուած յատուկ ուղեցոյց մը:
Երկրորդ նիստին, ժողովը քննարկեց միաբանական կանոնագրութեան վերջնական բնագիրը եւ յարմար նկատեց, որ միաբանները մինչեւ ընթացիկ ամսուան աւարտը իրենց առաջարկները ներկայացնեն տնօրէն ժողովին, որմէ ետք կանոնագրութիւնը վեհափառ հայրապետի կոնդակով պիտի հաստատուի եւ հրապարակուի:
Ժողովը, յաջորդական վեց նիստերով, շահեկան դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ընդմէջէն, մտասեւեռումի նիւթ դարձուց Մեծի Տանն Կիկիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի մայրավանքէն տեղահանուելէ ետք ապրած
վտարանդի վիճակը եւ Անթիլիաս հաստատուիլը` շեշտը դնելով անցնող 100 տարիներու ընթացքին բազում զոհողութիւններու ճամբով կատարուած իրագործումներուն վրայ:
Հետեւեալ կարգով, զեկուցում-դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ.-
ա- «Ի՞նչ պայմաններու մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հեռացաւ Սիսէն եւ հաստատուեցաւ Անթիլիաս» (Սեպուհ արք. Սարգիսեան):
բ- «Ցեղասպանութեան հետեւանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու կալուածական կորուստը» (Բաբգէն եպս. Չարեան):
գ- «Անթիլիասի մէջ կաթողիկոսութեան հաստատման առաջին տասնամեակը – կալուածի գնում, դպրեվանքի եւ մատենադարանի հաստատում, Նահատակաց մատուռի եւ Մայր տաճարի շինութիւն» (Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան):
դ- «Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութիւն եւ տագնապալից շրջան մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ» (Կորիւն արք. Պապեան):
ե- «Երկու Կաթողիկոսութիւններուն միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ» (Նարեկ արք. Ալեմեզեան):
զ- «Հայ եկեղեցին բարեկարգութեան սեմին. Եպիսկոպոսաց ժողով. մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ» (Օշական արք. Չօլոյեան):
Յառաջիկայ տարիներուն իր առաքելութեան ծիրին մէջ եւ դէմ յանդիման նոր մարտահրաւէրներու, ժողովը տուաւ կարգ մը որոշումներ եւ առաջադրեց ծրագիրներ:
Վեհափառ հայրապետը եզրափակելով ժողովը ընդգծեց.
«Ժողովի ընթացքին, մենք անդրադարձանք մեր կաթողիկոսութեան վերջին 100 տարիներու պատմութեան, որուն մէջ արձանագրուած են դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնցմէ եկող պատգամին մարտահրաւէրին պարտինք ամրապնդել մեր հաւատքը ու վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակել մեր ժողովրդանուէր ծառայութիւնն ու հաւատքի առաքելութիւնը: Անցեալի փորձառութեամբ հարստացած եւ ապագայի տեսլականով շարունակենք մեր նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին: Մեր Սուրբ Աթոռին նշանաբանն է եւ պէտք է ըլլայ. եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ եւ ժողովուրդը եկեղեցիի վերածել»:
Երկօրեայ Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոս»-ի շարականի երգեցողութեամբ, «Կիլիկիա» օրհներգով, «Ի Վեհ Բարձանց» հայրապետական մաղթերգով եւ հուսկ` վեհափառ հայրապետին պահպանիչով:

