Հայութիւնը Խուռներամ Շարքերով Մասնակցեցաւ Անթիլիասի Ուխտի Օրուան. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Պահապանն Է Հայ Ժողովուրդի Մեծագոյն Սրբութեան` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին

S.KrikorLousavoritch2_0604Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար: Եօթը տարին անգամ մը տեղի ունեցող միւռոնօրհնութեան արարողութենէն բացի, արիւնով ու քրտինքով պահուած Լուսաւորիչի Ս. աջը տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ իր արծաթապատ արկղէն դուրս կու գայ, եւ հայ ժողովուրդի զաւակները կու գան Անթիլիաս` ստանալու սուրբին օրհնութիւնը:

Երէկ` կիրակի, 6 ապրիլ 2014¬ին, հոգեւոր մեծ խանդավառութեամբ եւս նշուեցաւ Ուխտի օրը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտի օրը կանխող շաբթուան ընթացքին, ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք նախատօնակ կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապին: Շաբաթ առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ Վիրապ մտնելուն. իսկ գիշերը կատարուեցաւ կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը կանխող հսկումի արարողութիւն: Հսկումին վեհափառ հայրապետը ուխտաւոր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով խորհրդածութիւններ կատարեց մեծ սուրբին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած քանի մը յատկանշական երեւոյթներուն մասին` հրաւիրելով հայ ժողովուրդի զաւակները վերանորոգ հաւատարմութեամբ քալելու հաւատքի այն ճամբէն, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բացաւ հայ ժողովուրդին առջեւ:

Կիրակի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին: Օրուան պատարագիչն էր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետ հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի վերանորոգութեան առաջնորդն է: Այսօր կը դիմենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին եւ կը խնդրենք, որ իր բարեխօսութեամբ Աստուած մեր ժողովուրդը պահէ, պահպանէ ու առաջնորդէ իր ողորմութեամբ եւ մարդասիրութեամբ»:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը նաեւ Սուրիոյ հայութեան անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ մօտէն կը շարունակէ մտահոգուիլ, աշխատիլ ու աջակցիլ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ու վերականգնումին գծով: Սրբազանը ըսաւ. «Վեհափառ հայրապետին ճամբով մեր թեմերը եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները իրենց կարելին ըրին ու վստահաբար պիտի շարունակեն ընել այս օրերուն, երբ Քեսապի տագնապը մեզ կը մղէ աւելի ամրապնդելու մեր զօրակցութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան»:

S.KrikorLousavoritch1-0604Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք խուռներամ բազմութեան մէջ աւանդական թափօրը սկսաւ վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ: Հայ ժողովուրդի զաւակները, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, հաւատքի մղումով մօտեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջին ու ստացան անոր օրհնութիւնը: Կիլիկեան Ս. Աթոռին աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը նաեւ դարեր շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ պահպանուած այլ սուրբերու մասունքները եւս գանձատունէն դուրս բերուեցան:

Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով, եւ ապա վեհափառ հայրապետը Ս. Լուսաւորիչի աջը ի ձեռին աղօթեց իր կողմէ խմբագրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աղօթք մը:

Նոյն օրը, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր, սրբազան աջը մնաց մայր խորանին վրայ եւ ուխտաւորները զայն համբուրելով ստացան մեծ սուրբին օրհնութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES