Տոնեցքի Եւ Խարքովի Մէջ Ցոյցեր

Donetsk.0604«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին, կը հաղորդէ, որ արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք քաղաքին մէջ ռուսական դրօշներ բարձրացուցած շուրջ երկու հազար մարդ փողոց դուրս եկած է: Ցոյցին մասնակիցները վանկարկած են. «Տոմպաս», «Ռուսիա» եւ կը պահանջեն Տոնեցքի կարգավիճակին շուրջ հանրաքուէի օր նշանակել: Անոնք աջակցութիւն յայտնեցին անդամներուն «Պերքութ»-ի(ոստիկանական մասնայատուկ ուժ), որ վերջերս Քիեւի իշխանութիւններուն կողմէ լուծարուեցաւ, Քիեւի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով:

«Մայատին» հաղորդեց, որ ցուցարարները ներխուժած են տեղւոյն ինքնակառավարման մարմինի կեդրոնատեղի:

Խարքովի կեդրոնը եւս Ուքրանիոյ դաշնակցային պետութեան վերածման շուրջ տեղի ունեցան երկու ցոյցեր, որոնց մասնակիցները բարձրացուցած էին Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ ուքրանական համայնավար կուսակցութեան դրօշները: Ցուցարարները պահանջած են հանրաքուէ կատարել Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններու կարգավիճակին շուրջ: Անոնց պահանջներուն շարքին կը նշուի նաեւ ռուսերէնին պետական լեզուի կարգավիճակ շնորհելու խնդիրը: Ցոյցի սկիզբէն քանի մը ժամ ետք երկու ցոյցերուն մասնակիցները իրարու միացան:

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է 15 մարդ երկրի արեւելեան` հիմնականին մէջ ռուսալեզու շրջաններուն մէջ զինեալ յեղաշրջում պատրաստելու կասկածով:

Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ ձերբակալուած խումբը կը պատրաստուէր 10 ապրիլին զինեալ յեղաշրջում կատարել Լուկանսքի շրջանին մէջ, խումբին անդամներուն մօտ յայտնաբերուած եւ բռնագրաւուած է մեծ թիւով զէնք-զինամթերք:

Անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ մէջ զինեալ յարձակումներ նախապատրաստելու կասկածով 25 ուքրանացիներ ձերբակալուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES