ՔԱԿ-ի Զինեալներ Տիգրանակերտ-Բիւրակն Ճամբան Փակեցին

PKK.--0605ՔԱԿ-ի անդամ զինեալներ երէկ փակեցին Տիգրանակերտը Բիւրակնին միացնող ճամբան: Անոնք անցարգել մը հաստատելով խուզարկեցին ճամբէն անցնող ինքնաշարժներն ու անոնց մէջ գտնուող ճամբորդները:

Զինեալները ՔԱԿ-ի աջակցող կարգախօսներով պաստառներ բարձրացուցին` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջելով ազատ արձակել 1999-ի փետրուարէն ի վեր Իմրալը կղզիին մէջ բանտարկուած ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանը:

Թրքական զինեալ ուժերը լեռնային ու անտառապատ շրջանին մէջ լայն փնտռտուքի ձեռնարկեցին` ձերբակալելու համար նշեալ զինեալները:

 

Share this Article
CATEGORIES