Պուէնոս Այրեսի Օրէնսդիր Խորհուրդը Հաստատած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Երկու Նախագիծեր

Buenos-Aires.0604«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը`  վկայակոչելով «Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի օրէնսդիր խորհուրդը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկու նախագիծ:

Արժանթինցի օրէնսդիրներ Վերճինիա Կոնծալես Կաս եւ Մար Ռաքել Էրերօ ներկայացուցած են նախագիծ` առաջարկելով Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով ապրիլ 24-ը հռչակել «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան օր»: Նախագիծը հաստատուած է 3 ապրիլին: Օրէնսդիր խորհուրդը նաեւ հաստատած է օրէնսդիր Փապլօ Ֆերերայի նախագիծը, որ Կրթութեան նախարարութեան կ՛առաջարկէ «անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել քաղաքի առանձին դպրոցական թաղամասերուն մէջ, կրթական ծրագիրի ծիրին մէջ, «Հանդուրժողականութիւնը եւ յարգանքը ժողովուրդներու միջեւ» նիւթով ձեռնարկներ կազմակերպել:

«Յիշատակի մասին կրթութիւնը կը նշանակէ սորվեցնել յարգել եւ պաշտպանել մարդու իրաւունքները: Այս առումով ցեղասպանութեան խնդիրի մասին ուսուցման ընդգրկումը կրթական ծրագիրին մէջ շատ կարեւոր է ոչ միայն ոգեկոչելու, այլ նաեւ նման արտառոց եւ դաժան իրադարձութիւններու պատճառ դարձած հանգամանքները ուսումնասիրելու տեսանկիւնէն», ըսած է Ֆերերօ:

 

Share this Article
CATEGORIES